26 February, 2014

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի 24 Փետրուար 2014-ի առաւօտուն  Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Քանատայի դեսպանուհի Հիլարի Չայլտզ-Ատամս, ընկերակցութեամբ Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի տնտեսական կցորդ Ժան-Ֆիլիփ Թաշճեանի:

Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով դեսպանին ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը, անդրադարձաւ Քանատայի հայութեան, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի հայութեան, շեշտելով մանաւանդ լիբանանահայութեան քաղաքական դերակատարութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ Սուրիոյ հարցին ու յատկապէս սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Խօսելով հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին մասին, Վեհափառը շեշտեց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման պահանջքը հայ ժողովուրդին:

Դեսպանը իր կարգին, գնահատանքով խօսեցաւ Քանատայի հայութեան մասին, անդրադարձաւ Քանատայի չափաւոր մօտեցումին՝ աշխարհը յուզող հարցերուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ շեշտեց Քանատայի մարդասիրական օժանդակութիւնը՝ յատկապէս գաղթականներուն: Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին, դեսպանուհին ընդգծեց որ Քանատան զօրակից է սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման աշխատանքներուն:

More News