26 February, 2014

ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

      Հանդիսապետութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Երեքշաբթի, 25 Փետրուար 2014­ի առաւօտուն, Սրբոց Ղեւոնդեաց  քահանայից տօնին առիթով Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ: Սուրբ Աթոռոյս վանաբնակ միաբաններուն կողքին Ս. Պատարագին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի Հայոց Թեմի քահանայից դասը:

     Օրուան պատարագիչն էր Ղեւոնդ Վրդ. Բէնդեզեանը եւ քարոզիչը՝ Լիբանանի Հայոց  Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը: Սրբազան հայրը իր պատգամին ընդմէջէն վեր առնելով Ղեւոնդեաց քահանայից արժանիքները ըսաւ. «Այսօր ուխտի գիտակցութամբ կը յիշենք Ղեւոնդեաց քահանայից տօնը. զայն կը յիշատակենք զուգահեռաբար Սրբոց Վարդանաց տօնին: Մենք հոգեւորականներս պէտք է խորհրդածենք այսօրուան խորհուրդին մասին, որոգուելով անոնցմով եւ նոր կեանք բերելով մեր ժողովուրդին»: Սրբազանը շարունակեց ըսելով. «Անթիլիասը ծառայութեան անդաստան է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ժողովուրդին կեանքէն ներս իր գոյութիւնը կ’արժեւորէ իր ծառայութեամբ»:

    1898147_10152352795178714_767251532_nՊատարագէն անմիջապէս ետք հոգեւորական հայրերը ճաշի հիւրը եղան Վեհափառ Հայրապետին: Ճաշի աւարտին Նորին Սրբութիւնը խօսք առնելով ըսաւ. «Հայ Հոգեւորականը իր անձին ու կոչումին նկատբամբ պէտք է ցուցաբերէ առաւել խստապահանջութիւն ու նախանձախնդրութիւն, իր աչքին առջեւ ունենալով Ղեւոնդեանց քահանայից առաքելատիպ անձնուրացութիւնն ու ծառայութիւնը»:

More News