25 February, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՏԻԱՐ ԶԱՒԷՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆԸ

     Կիրակի 23 Փետրուար 2014–ի առաւօտեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Կաթողիկոսարանի Վեհարանի Դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը« “Մեսրոպ Մաշտոց”-ի շքանշանով պարգեւատրեց Տիար Զաւէն Մսըրլեանը:

      Յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանի Դահլիճին մէջ Տիար Ժիրայր Դանիէլեան բացման խօսք կատարեց, որուն ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, եւ ապա անդրադարձաւ Տիար Զաւէն Մսըրլեանին կրթական, մշակութային ու հասարակական մարզերէն ներս կատարած ներդրումին։ 

       Ապա Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրական խօսքը ուղղեց Պրն Մսըրլեանին։ Ան բարձրօրէն գնահատեց Լիբանանի Հայութեան կեանքէն ներս անոր ունեցած երկար  տարիներու կրթական­մշակութային ծառայութիւնը: Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց թէ. կրթական ասպարէզէն ներս սերունդներու դաստիարակութեան կողքին, Զաւէն Մսըրլեանը, որպէս բանասէր, իր տուած շինիչ դասախօսութիւններու կողքին, մեր գրադարանները հարստացուցած է հայ քաղաքական մտածողութեան ու յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած շահեկան հրատարակութիւններով:

      Վեհափառ Հայրապետին խօսքէն ետք Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան ընթերցեց Նորին Սրբութեան Կոնդակը, որմէ ետք Արամ Ա, Վեհափառ Հայրապետը պարգեւատրեց Պրն. Մսըրլեանը։ Աւարտին, խօսք առնելով Պրն. Զաւէն Մսըրլեանը, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին իր հայրապետական գնահատանքին համար:

More News