24 Փետրվարի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՍՊԵՏԻ ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ՌԱՖՖԻ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆԸ

Նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին, երէկ` կիրակի, 23 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00¬ին Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի 25¬ամեակը:12473_640055199365569_1745909424_n

Ձեռնարկին առաջին խօսք առնողն էր Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ 83-ամեայ Հայ Ճեմարանէն մինչեւ ներկայի Ճեմարանը երկարող ժամանակաշրջանի ամփոփ պատմականը կատարելով դիտել տուաւ, որ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի գոյութեան 25 տարիներուն ընթացքին շինարարութիւնը երբեք կանգ չէ առած:  Իր խօսքէն ետք Ճինպաշեան պարգեւատրեց այն ուսուցիչները, որոնք 1988-էն ի վեր կը ծառայեն դպրոցին մէջ: Պարգեւատրումէն ետք վիտէոյի ճամբով Ճեմարանի մասին իրենց վկայութիւնները տուին Ճեմարանի շրջանաւարտներ Վազգէն Տէր Գալուստեան, Յարութիւն Արմէնեան, Հուրի Սուրուզեան եւ Կարօ Արմէնեան:

Ապա Ճեմարանի 25-ամեակը ողջունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ըսաւ, թէ հայրենիքը բարձր կը գնահատէ այն բազմածաւալ գործունէութիւնը, որ կը կատարուի այս դպրոցին մէջ` հայեցի դաստիարակութեամբ առումով:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ Վաչէ Փափազեան: Ան հաստատեց, որ կարելի չէ Համազգայինի Արսլանեան Ճեմարանի նման բարդ ուսումնական ծրագիր ունեցող մեծ վարժարանի մը երթը անխափան պահել, կրթական մեծ իրագործումներ ձեռք բերել` առանց ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան հսկայական ներդրումներուն, նուիրումին` յատուկ կերպով առանձնացնելով 1965-էն ի վեր Ճեմարանին մէջ նախ իբրեւ ուսուցիչ, իսկ 2001-էն մինչեւ օրս իբրեւ տնօրէն ծառայած Տիգրան Ճինպաշեանը, որ նաեւ Ճեմարանի փայլուն շրջանաւարտներէն է: Արսլանեան Ճեմարանի 25-ամեակին առիթով Վ. Փափազեան յայտարարեց, որ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան որոշումով Տիգրան Ճինպաշեանի կը շնորհուի գնահատանքի եւ երախտագիտութեան Համազգայինի շքանշանը:

Տիգրան Ճինպաշեան բեմ բարձրանալով ստացաւ շքանշանը` յայտարարելով, որ անիկա պարտաւորեցնող է, ուստի խոստացաւ Ճեմարանի կեանքին մէջ նոր բան մը ընել, նորութիւն բերել:

Ձեռնարկին աւարտին իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան ողջունեց բոլոր բարեկամներն ու բարերարները, որոնք մասնակից դարձած են եւ կը շարունակեն մասնակից ըլլալ կարեւոր առաքելութիւն ծաւալող Ճեմարանի գործունէութեան:1619454_640058982698524_346951238_n

 Այս առիթով վեհափառ հայրապետը երկու յիշեցում-հաստատում կատարեց: Նախ եւ առաջ հաստատեց, որ Ճեմարանը սովորական դպրոց մը չեղաւ, եղաւ ու մնաց ոգի, ազգային արժէքները եւ ձգտումները, աւանդութիւնները վաւերական կերպով պահող, հարստացնող ու արտայայտող` անցնելով դասագիրք ու շէնք ըլլալու սովորական սահմանը եւ ըլլալով հայու ճշմարիտ տեսիլ: Ճեմարանը եղաւ այն կառոյցը, ուր ազատ, անկախ Հայաստանի երազով, ձգտումով եւ տեսիլքով կերտուեցան սերունդներ: Ազատ, անկախ Հայաստանի ոգիին ու տեսիլքին հաւատարիմ, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս, նոյն յանձնառութեամբ Ճեմարանը պէտք է շարունակէ իր առաքելութիւնը, ըսաւ Վեհափառը:

Երկրորդ հերթին վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ երբ հայ դպրոցին մասին խօսինք, կը բնութագրենք անոր առաքելութիւնը իբրեւ հայակերտում: Ան աւելցուց, որ հայ դպրոցին կողքին հայ եկեղեցին եւ հայ ընտանիքը իրենց դերը ունին հայակերտումը իր լրումին հասցնելու մէջ: Այսօր մեր դպրոցներուն մէջ այս համապարփակ մօտեցումով մենք պէտք է մօտենանք հայ դպրոցին, այսպէս եղած է հայ դպրոցը մեր պատմութեան ընթացքին, մեր հոգեւոր¬մշակութային ու ազգային արժէքներու ներդաշնակ ամբողջութիւնը: Հետեւաբար, Ճեմարանը նոյն այս ոգիով ու յանձնառութեամբ պէտք է շարունակէ իր հայակերտումի առաքելութիւնը, հաստատեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Արսլանեան ընտանիքին նախաձեռնութեան անդրադառնալով` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ դպրոց շինելը աստուածահաճոյ գործ է, որովհետեւ դպրոցը սոսկ ուսումնարան չէ, այլ սրբարան է` քրիստոնեայ հայը պատրաստող: Այս առիթով գնահատեց Արսլանեան ընտանիքի վերջին նուիրատուութիւնը` շեշտելով, որ ազգին օժանդակելով ազգը կը հզօրանայ, իսկ անոր ընդմէջէն մենք կը հզօրանանք:

Արամ Ա. կաթողիկոսը լիբանանահայութեան մասին խօսելով հաստատեց, որ անիկա կը մնայ կենսունակ, փաստ` Ճեմարանի ընդարձակումն ու հզօրացումը, Պուրճ Համուտի մէջ հիմնադրութիւնը Ազգային միացեալ վարժարանին: Լիբանանահայութիւնը ո՛չ թէ խօսքով, այլ գործով կու գայ ցոյց տալու, թէ աւելի քան երբեք ան կը մնայ սիրտը սփիւռքահայութեան: Արդ, նոյն ոգիով, նոյն առաքելութեան գիտակցութեամբ մենք պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը: Պատիւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս, բարոյապէս, ամէն իմաստով զօրակից ու գործակից կը դառնան լիբանանահայութեան, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:

1653904_640059156031840_2075245182_nԱյս առիթով իբրեւ գնահատանքի շօշափելի արտայայտութիւն` Արամ Ա. կաթողիկոս Ռաֆֆի Արսլանեանը պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ասպետի շքանշանով:

More News