12 February, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՛՛ ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ՝՝ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի 10 Փետրուար 2014-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսարանի Վեհարանին  մէջ ընդունեց ՛՛Խաչիկ Պապիկեան՝՝ Հիմնադրամի հայոց պատմութեան, կրօնի, գրականութեան, ասմունքի եւ մենակատարութեան մրցանքներու դատակազմերու անդամները:

 

Վեհափառ Հայրապետը նախ գնահատեց անոնց կատարած նուիրեալ աշխատանքը, ապա շեշտեց հայ մշակութային արժէքները պահելու, հարստացնելու ու տարածելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը: Ա՛յս առաքելութեան նուիրուած է Խաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամը, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Ան գոհունակութեամբ յայտնեց որ անցնող տարիներու ընթացքին Պապիկեան Հիմնադրամը կարեւոր ներդրում կատարած էր այս աշխատանքին մէջ: Առաւել նուիրումով պէտք է շարունակուի Հիմնադրամի մշակութային առաքելութիւնը, արժեւորելով կատարուած աշխատանքը ու նոր ծրագիրներ մշակելով՝ միշտ հաւատարիմ մնալով հայ մշակոյթի իւրայատուկ ինքնութեան:

 

Ապա Վեհափառ Հայրապետը լսեց ներկաներուն արժեւորումը Հիմնադրամի գործունէութեան անցնող տարիներու ընթացքին: Որոշուեցաւ որ 2015–ին յիշեալ աշխատանքներուն կիզակէտը դառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100–ամեակը:

More News