30 January, 2014

ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Օրհնութեամբը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց  Կաթողիկոսի եւ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Յունուար 27–29 Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Սրբադասման Յանձնախումբի հանդիպումը: Ժողովի նախօրեակին յանձնախումբի անդամները հանդիպում ունեցան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը եւ գնահատանքը՝ յանձնախումբին կատարած աշխատանքներուն համար: 

Ժողովը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ հոգւոց արտասանուեցաւ ցեղասպանութեան նահատակներու հոգեներու խաղաղութեան համար: Ժողովին կը մասնակցէին Սեպուհ Արք. Սարգիսեան (համա–ատենապետ), Արշակ Եպս. Խաչատրեան (համա–ատենապետ), Վարուժան Արք. Հերեկելեան, Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Միքայէլ Եպս. Աջապահեան, Բագրատ Եպս. Գալստեան, Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, Բաբգէն Եպս. Չարեան, Վահան Եպս. Յովհաննիսեան, Զաքարեա Վրդ. Բաղումեան եւ Վահրիճ Աբղ. Ղարախանեան:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան եւ որոշումներ կայացուեցան սրբադասման պայմաններու, կարգի, ցեղասպանութեան նահատակներու նուիրուած շարականի կանոններու, ծիսական յիշատակութեան կարգի եւ թուականի, անոնց մասունքներու եւ սրբապատկերներու պատրաստութեան հարցերը: Ժողովը յստակեցուց նաեւ կատարուելիք աշխատանքներուն ժամանակացոյցը՝ 2015 թուականին սրբադասման գործընթացը իր աւարտին հասցնելու համար: Այս ուղղութեամբ տրուեցան համապատասխան յանձնարարականներ:

Սրբադասման յանձնախումբին յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 25–30 Մայիս, 2014–ին, Ս. Էջմիածնի մէջ:

More News