27 January, 2014

ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ՈՒ ԾԻՍԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

 

Յառաջիկայ օրերու ընթացքին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենան Սրբադասման ու Ծիսական յանձնախումբերու հանդիպումները։ Սոյն յանձնախումբերուն մաս կը կազմեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան հայրերը։ Շուրջ երկու տարիներէ ի վեր կը գործեն յիշեալ յանձնախումբերը եւ իրենց աշխատանքները պիտի աւարտեն մօտ ապագային, որպէսզի ներկայացուին յառաջիկայ Նոյեմբերին տեղի ունենալիք Եպիսկոպոսաց Ժողովի երկրորդ նիստին։

More News