27 January, 2014

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

 

Կիրակի 26 Յունուար 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Աշոտ Քոչարեանին։ Վեհափառ Հայրապետին եւ դեսպանին հանդիպման առանցքը դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առնչուած ծրագիրներ եւ ՀայաստանՍփիւռք գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը նաեւ տեղեակ պահեց Պրն. դեսպանը Ժընեւ 2-ի նախօրեակին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած քրիստոնէական համագումարի արդիւնքներու եւ այդ առիթով իր ունեցած հանդիպումներուն մասին։

More News