20 Հունվարի, 2014

“ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՅ ԻՐ ԱՆՑԵԱԼԻՆ, ՆԵՐԿԱՅԻՆ ՈՒ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Ժընեւի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնատեղիին մէջ մի քանի օրեր առաջ գումարուած համագումարին, որ յատկացուած էր ՛՛Ժընեւ 2՝՝-ի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի բերելիք նպաստին, Միջին Արեւելքէն Քրիստոնէութեան արտագաղթի հարցը լայնօրէն քննարկուեցաւ: Այս հարցին անդրադառնալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր լուրջ մտահոգութիւնը յայտնեց Միջին Արեւելքէն ներս Քրիստոնէական ներկայութեան հետզհետէ նուազումին նկատմամբ. ՛՛Հսկայ Քրիստոնէական գաղութները Միջին Արեւելքէն ներս սկսած են վերջին տասնամեակներուն կորսնցնել իրենց քանակային թէ որակային հզօրութիւնը: Պահ մը դիտեցէք երէկի ու այսօրուան Քրիստոնէական ներկայութիւնը Երուսաղէմի մէջ, Իրաքի մէջ, Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ: Քրիստոնէութեան ծննդավայրը դարձած Միջին Արեւելքը այսօր կը պարպուի իր Քրիստոնէական ներկայութենէն: Սուրիան, պատմական բառով Անտիոքը, որ եղած է հզօր կեդրոններէն մէկը քրիստոնէութեան, վերջին տարիներուն տագնապի բերումով սկսած է կորսնցնել իր Քրիստոնեայ բնակչութեան մէկ կարեւոր մասը: Խորապէս մտահոգիչ է այս երեւոյթը: Քրիստոնէական ներկայութիւնը շրջանէն ներս կենսական է թէ արեւմուտքի և թէ իսլամութեան համար: Քրիստոնէական պատմութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս եղած է տագնապներով լեցուն. սակայն եկեղեցիները կառչած մնացած են իրենց իրաւունքներուն, աւանդութիւններուն ու արժէքներուն: Նոյնը պէտք է ըլլայ այսօր՝՝:

Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՛՛Մենք կը գնահատենք Արեւմտեան կարգ մը երկիրներուն աջակցութիւնը քրիստոնեայ գաղթականները ժամանակաւորապէս ընդունելու։ Սակայն զգուշ պէտք է ըլլալ և պէտք չէ քաջալերել քրիստոնեաներուն արտագաղթը Միջին Արեւելքէն: Այս է շրջանի բոլոր եկեղեցիներուն յստակ քաղաքականութիւնը: Մենք դէմ ենք արտագաղթին որքան ալ դժուար ըլլան մեզ շրջապատող պայմանները՝՝:

Վեհափառ Հայրապետին մտահոգութեան նոյն ուժգնութեամբ արձագանգեցին Միջին Արեւելքէն ներկայ պատրիարքները ու բարձրաստիճան հոգեւորականները։ Անոնք եւս իրենց կարգին յիշեցուցին քրիստոնէութիւնը շրջանէն ներս ամուր պահելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը և կոչ ուղղեցին արեւմտեան պետութիւններուն օգտակար ըլլալու այս ուղղութեամբ:

More News