17 Հունվարի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Ժընեւ ժամանման առաջին իսկ օրը,  Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Օլաֆ Թուէյթի, Միջին Արեւելքի պատասխանատուին հետ միասին: Անոնք ունեցան երկար հանդիպում մը, որու ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցաւ Ժընեւ 2 ժողովի գծով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ծրագրած համագումարը, որու պատրաստութեան ընթացքին մէջ Նորին Սրբութիւնը կարեւոր դեր ունեցաւ:

Այս առիթով, անոնք նաեւ անդրադարձան ընդհանրապէս ԵՀԽ–ի գործունէութեան կարգ մը մարզերուն: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը իր ունեցած միջ–եկեղեցական լայն փորձառութեան լոյսին տակ կարգ մը մատնանշումներ ու թելադրութիւններ կատարեց:

Նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետին այցելեց նաեւ Պոսէի մէջ եկեղեցական կրթական հաստատութեան տնօրէնը, ընկերակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կրտսեր միաբաններէն  Հոգշ. Տ. Զարեհ Աբղ. Սարգիսեանի: Յայտնենք որ Զարեհ Աբեղայ կ՛ուսանի նոյն հաստատութենէն ներս:

More News