The world Council Of Churches (WCC) Geneva 2

13 January, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԺԸՆԵՒ

Այսօր Երկուշաբթի 13 Յունուար 2014-ին Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Ժընեւ ընկերակցութեամբ՝ Թեհրանի հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի:

Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ու խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ Սուրիոյ Քրիստոնեայ համայնքներուն առնչուած մտահոգութիւններուն շուրջ՝ Ժընեւ 2 համագումարի լոյսին տակ: Այս գծով, վերջին օրերուն Վեհափառը խորհրդակցած էր Ռայի Պատրիարքին (Մարոնիթ), Եազիճի Պատրիարքին (Յոյն Ուղղափառ) եւ Զաքքա Պատրիարքին (Ասորի Ուղղափառ) ինչպէս նաեւ համայնքային ու քաղաքական պատասխանատուներուն հետ՝ քրիստոնեայ համայնքներու հաւաքական տեսակէտները ու մօտեցումները յստակեցնելու ու համադրելու առաջադրութեամբ:

More News