11 January, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԵՏ, ԺԸՆԵՒ 2 ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ

Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ու հեռաձայնային խօսակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանի ու Սուրիոյ կացութեան հետ աղերս ունեցող հարցերու ու քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մտահոգութիւններուն շուրջ, Ժընեւ 2 համագումարի լոյսին տակ:

 

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԶԱՔՔԱ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի գիշեր Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ասորի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Զաքքա Պատրիարքին, Դրան Եպսիկոսոպոս Նարեկ Արքեպիսկոպոսի ընկերակցութեամբ: Պատրիարքին հետ Վեհափառ Հայրապետին ունեցած խօսակցութիւնները առաւելաբար կեդրոնացան Սուրիոյ կացութեան ու մանաւանդ քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Լիբանանի ներքին կացութեան հետ կապ ունեցող հարցեր:

 

ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵԱԶԸՃԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Անցնող շաբթուան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին եւ Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարքին միջեւ երկու առիթներով հեռաձայնային խօսակցութիւն տեղի ունեցաւ: Եազըճի Պատրիարքին նստավայրը կը գտնուի Դամասկոսի մէջ: Երկու հոգեւոր պետերու խորհրդակցութիւններու լուսարձակը Սուրիոյ ներքին կացութիւնն էր ու յատկապէս՝ քրիստոնէական միութիւնը ամրապնդելու ու քրիստոնեայ–իսլամ համակեցութիւնը աւելի խորացնելու կարելիութիւններու քննարկումը, Սուրիոյ պատմութեան ներկայ դժուար հանգրուանին:

 

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ գիշեր Մարոնի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռայի Պատրիարքը հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուելու կարճ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Սանտրի Կարտինալին ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթին: Յիշեալ ճաշկերոյթին ներկայ եղան կաթոլիկ պատրիարքներն ու եպիսկոպոսները: Սանտրի կարտինալը, որ նախագահն է Արեւելեան Կաթոլիկ Եկեղեցիներու Բաժանմունքին Վատիկանի մէջ, իր խօսքին մէջ դրուատիքով անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ունեցած սերտ յարաբերութեան Վատիկանի հետ: 

Ընթրիքէն յետոյ Վեհափառ Հայրապետը ու Ռայի Պատրիարքը առանձին հանդիպում մը ունեցան: Պատրիարքը տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը նոյն օրը Հըզպալայի ներկայացուցչներուն հետ իր ունեցած հանդիպման արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ վերջին օրերուն կառավարութեան կազմութեան գծով Պքերքէի տարած աշխատանքներու մասին: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին Պատրիարքին հետ բաժնեց այն մտահոգութիւններն ու սպասումները, որոնք փոխանցուած էին իրեն վերջին օրերուն Անթիլիասի Մայրավանքը այցելած քաղաքական ու համայնքային պատասխանատուներուն կողմէ: Հանդիպման ընթացքին նաեւ ակնարկութիւններ կատարուեցան կառավարութեան կազմութեան, յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան եւ Ժընեւ 2 ժողովի մասին:

Երեք պատրիարքներն ալ Վեհափառ Հայրապետին յայտնեցին որ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած ներկայ կացութեան լոյսին տակ անհրաժեշտ է որ մնայուն խորհրդակցութիւն տեղի ունենայ հոգեւոր պետերու միջեւ:

More News