6 Հունվարի, 2014

Ս. ԾՆՆՈՒՆԴԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

ԾՆՆԴԵԱՆ ԻՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ՄԷՋ՝

“ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹՒԻՆ Է”                                                                                                                      ՇԵՇՏԵՑ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Անթիլիաս — Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Երկուշաբթի, 6 Յունուարին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ սուրբ պատարագը մատուցեց եւ հայրապետական  իր պատգամը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ներկայ հաւատացեալ հոծ բազմութեան: 

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամին մէջ շեշտը դրաւ խաղաղութեան վրայ։ “Քրիստոնէութիւնը Քրիստոսը կը նկատէ խաղաղութեան իշխան: Աստուծոյ հրեշտակը Քրիստոսի ծնունդը աւետեց որպէս խաղաղութեան գալուստը աշխարհ: Քրիստոս իր առաքելութիւնը սկսաւ դարձեալ խաղաղութիւնը նկատելով իր առաքելութեան կարեւոր նպատակներէն մէկը: Իր ուսուցումներու ընթացքին, Աստուծոյ Որդին շեշտեց խաղաղութեան հրամայականը եւ երանի տուաւ բոլոր անոնց, որոնք խաղաղութեան համար կ’աշխատին: Քրիստոսի քարոզած խաղաղութիւնը սովորական իմաստով պէտք չէ ըմբռնել: Խաղաղութիւնը պատերազմին բացակայութիւնը չէ. խաղաղութիւնը մարդոց ու ազգերու միջեւ արդարութեան, փոխադարձ յարգանքի ու ճանաչման, փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի վրայ հիմնուած կեանքի որակ մըն է: Եկեղեցին կոչուած է Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակել նոյն սկզբունքներով ու նոյն մօտեցումով” շեշտեց Վեհափառը:

Ապա Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. “տագնապի մէջ է ներկայ աշխարհը. տնտեսական, գաղափարական, ընկերային ու ցեղային տագնապներ պատերազմ յառաջացուցած են նոյնիսկ նոյն ազգի կեանքէն ներս: Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող տագնապները կը շարունակուին աւեր սփռելով ժողովուրդի կեանքէն ներս: Միաստուածեան կրօնները, յատկապէս իսլամութիւնն ու քրիստոնէութիւնը չեն կրնար անտարբեր մնալ այս վտանգալից կացութեան դիմաց: Խաղաղութեան հաստատումը այս երկու կրօններու աստուածատուր կոչումին մաս կը կազմէ”:

Անդրադառնալով վերջին շրջանին քրիստոնեայ համայնքներու մտահոգութիւններուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. “քրիստոնէութեան պատմութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս միշտ տագնապներով լեցուած է: Հակառակ այս իրողութեան, քրիստոնեայ–իսլամ գոյակցութիւնը մնացած է ամուր: Այս օրերուն քրիստոնեայ համայքներուն նկատմամբ ցուցաբերուած ժխտական կեցուածքները ու գործելակերպերը Մենք կը նկատենք ծայրայեղական խմբակներու կողմէ կատարուած անպատասխանատու արարքներ, որոնք դատապարտելի են նոյնիսկ իսլամութեան կողմէ: Հակառակ ստեղծուած այս դժուար պայմաններուն քրիստոնէութիւնը կառչած կը մնայ իր ծննդավայրին, իր իրաւունքներուն ու պարտաւորութիւններուն, փոխադարձ յարգանքի ու սիրոյ վրայ հիմնաուծ քրիստոնեայ–իսլամ գոյակցութեան”:

Խօսելով Լիբանանի ներկայ կացութեան մասին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ՝ “իւրայատուկ երկիր մըն է Լիբանանը արաբական աշխարհին մէջ՝ իր ներքին դրուածքով, համայնքային բաղկացութեամբ, իր ժողովրդավարական սկզբունքներով, իր չափաւորական մօտեցումներով, իսլամ–քրիստոնեայ գոյակցութեամբ, Արեւելքի ու Արեւմտուքի միջեւ կամուրջի իր պատմական դերով: Լիբանանի այս իւրայատկութիւնը պէտք է պահել անաղարտ ու զօրեղ, հեռու պահելով Լիբանանը շրջանային իրադարձութիւններէ ու անոնց ժխտական հետեւանքներէն: Կարգ մը երկիրներու հետ Լիբանանի ունեցած բարեկամութիւնը պէտք չէ առաջնորդէ ենթակայութեան: Լիբանանը պէտք է պահէ իր անկախութիւնը, իր որոշումներուն, սկզբունքներուն ու շահերուն կառչած մնալով: Այս կարելի է իրագործել մեր ներքին միասնականութիւնը ամուր պահելով: Լիբանան կը գտնուի իր պատմութեան վճռական մէկ հանգրուանին: Նոր կառավարութեան նշանակումը ու յառաջիկայ ամիսներուն նոր նախագահի ընտրութիւնը կը նկատենք հրամայական: Մեր քաղաքական պատասխանատուները պատմութեան դիմաց պատասխանատու են այս գծով իրենց առնելիք քայլերուն մէջ: Անոնք հաշուետու են ժողովուրդին”: Արամ Ա. Վեհափառը ողջունեց հայ համայնքին ներքին միասնականւթիւնը ու ըսաւ. “ճիշդ է որ մեր քաղաքական պատասխանատուներէն ոմանք 14 Մարտի եւ ուրիշներ 8 Մարտի մէջ են, սակայն բոլորն ալ կը գիտակցին, որ վերջին հաշուով Լիբանանի գերագոյն շահերը վեր են կողմերու մասնակի շահերէն: Անոնք ա՛յս գիտակցութեամբ կը գործեն ու պէտք է գործեն”:

Իր պատգամի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Սուրիոյ կացութեան ու ըսաւ “Սուրիայէն ներս ստեղծուած տագնապին առաջին իսկ օրէն Մենք ո՛չ միայն մօտէն հետեւեցանք այլ նաեւ փորձեցինք զանազան ձեւերով օգտակար ըլլալ մեր ժողովուրդի դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Այս ծիրէն ներս հանգանակութիւն կազմակերպեցինք, որպէսզի կարենանք օգտակար ըլլալ երկրէն ներս ստեղծուած տնտեսական դժուարութիւններուն: Սուրիոյ հայ համայնքին վերականգնումը, ըսինք ու կը կրկնենք, համահայկական առաջնահերթութիւն է: Արդ, չի՛ բաւեր միայն մտահոգուիլ Սուրիոյ հայութեան ներկայ վիճակով, անհրաժեշտ է գործնապէս մեր զօրակցութիւնը ու աջակցութիւնը շարունակել: Ու սա պահուն, մեր ժողովուրդի զաւակներուն սրտի թարգմանը կ’ըլլանք եւ Մեր խօսքը ուղղելով Սուրիոյ մեր սիրելի զաւակներուն կ’ըսենք՝ միշտ ձեր կողքին ենք ու պիտի մնանք: Վստահ եղէք որ մեր աղօթքներուն, մտածումներուն ու աշխատանքներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն էք: Մնացէ՛ք միակամ. մնացէ՛ք Սուրիոյ ժողովուրդին կողքին՝ կառչելով քրիստոնէական միասնականութեան ու քրիստոնեայ–իսլամ համերաշխ գոյակցութեան: Ա՛յս է եղած մեր համայնքին կեցուածքը ու այսպէս պէտք է մնայ միշտ”:

 

More News