3 Հունվարի, 2014

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՅԱԿՈԲ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ 200.000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով, գնահատելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, եւ ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի փափաքին, լիբանանահայ ազգայիններէն Տէր եւ Տիկին Յակոբ Չիլինկիրեան երկու հարիւր հազար տոլար նուիրեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:

Սոյն գումարի 100.000 տոլարը պիտի յատկացուի որպէս հիմնադրամ Կաթողիկոսարանի Շնորհալի երգչախումբին առնչուած ծրագիրներուն՝ իր հիմնադրութեան 40–ամեակին առիթով, իսկ 100.000 տոլարը՝ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական գրասենեակի հեռատեսիլի ու ձայնասփիւռի բաժանմունքի նոր սարքաւորումներու գնման:

More News