26 December, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԸ

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին, Հինգշաբթի 26 Դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, տարիներու սովորութեան համաձայն այցելեց Ազունիէի Ազգ. Բուժարանը: Միաբան հայրեր հոգեւոր ու ազգային երգերէ ու արտասանութիւններէ բաղկացած յայտագիր մը ներկայացուցին եւ ապա Նորին Սրբութիւնը իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Ան իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Ազունիէի Ազգ. Բուժարանին խնամակալութեան, տնօրէնութեան ու անձնակազմին, հիւանդներուն նկատմամբ իրենց ցուցաբերած խնամքին համար:

 

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը շրջագայեցաւ հաստատութենէն ներս, այցելեց հիւանդները եւ կրկին անգամ իր ուրախութիւնը յայտնեց կատարուած աշխատանքներուն համար։ Իսկ միաբան հայրերը Ս. Հաղորդութիւն տուին հիւանդներուն։

More News