16 Դեկտեմբերի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Կրթական եւ Բարեսիրական Միութեան Վարչութիւնը

Երկուշաբթի 16 Դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Կրթական եւ Բարեսիրական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան, գլխաւորութեամբ՝ Երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեանի եւ Ատենապետ՝ Արամ Մալեանի։

Վարչութիւնը եկած էր շնորհակալութիւն յայտնելու Նորին Սրբութեան, որ անձամբ ներկայ գտնուած էր Սահակեան-Մկրտիչեան Գոլէճի 90 ամեակի ճաշկերոյթին, եւ այդ առիթով իր Հայրապետական պատգամը ուղղած ներկաներուն։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ, անդարդառնալու ընդհանրապէս Հայ ազգի կեանքին եւ յատկապէս Հայ դպրոցին առնչուած նիւթերու։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց ազգային-կրթական, մշակութային ու բարեսիրական կառոյցներուն օժանդակելու հրամայականը։ Ան ըսաւ թէ նման կառոյցներն են որոնք գաղութը կը պահեն կանգուն ու կենսունակ։ Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Հ.Կ.Բ.Մ.ի տարած աշխատանքները։

 

More News