9 Դեկտեմբերի, 2013

Նելսըն Մանտելան Միշտ Պիտի Մնայ Ախոյեան Արդարութեան

                             ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Հարաւային Ափրիկէի Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահին եւ Ընդհանուր Քարտուղարին ուղղած իր նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Կաթողիկոս կ’ըսէ “Նելսըն Մանտելայի մահը Հարաւային Ափրիկէի ժողովուրդը ձգեց առանց հօր եւ աշխարհը՝ առանց արդարութեան ու մարդկային իրաւանց կենդանի խորհրդանիշի մը”։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը կ’աւելցնէ  “միջ–եկեղեցական շարժումը միշտ պիտի յիշէ Նելսըն Մանտելան որպէս մեծ ղեկավար, որ ոչ միայն պայքարեցաւ արդարութեան վրայ խարսխուած խաղաղութեան համար ու շեշտեց համախոհութեան կարեւորութիւնը, այլ նաեւ այս գերագոյն արժէքները գործնապէս արտայայտեց իր կեանքին մէջ”։

Արամ Ա. Կաթողիկոս կը յիշեցնէ իր նամակին մէջ, թէ “որպէս Ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական ու Գործադիր Վարչութեանց, պատեհութիւնը ունեցայ 1994–ին ներկայ գտնուելու Նելսըն Մանտելայի նախագահական երդման արարողութեան ու միաժամանակ Հարաւային Ափրիկէի ժողովուրդին փոխանցելու հրապարակային պատգամով միջ–եկեղեցական ընտանիքին սիրոյ, յոյսի ու համախոհութեան պատգամը։ Իսկ 1998–ին, ուրախութիւնը ունեցայ ողջունելու նախագահ Նելսըն Մանտելան դարձեալ որպէս Ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին Հարարէի (Զիմպապուէ) գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 8–րդ համաժողովին, ուր ան իր պատգամը ուղղեց”։

Վեհափառ Հայրապետը ապա կը հաստատէ, թէ “հայ ժողովուրդը միշտ կը մնայ ներշնչուած մարդկային իրաւանց նկատմամբ Նելսըն Մանտելայի ամուր յանձնառութենէն։ Իսկ Միջին Արեւելքի մէջ, որ ծննդավայրն է միաստուածեան երեք կրօններուն եւ ուր խաղաղ գոյակցութիւնը ու փոխադարձ ճանաչումը միշտ ներկայութիւն են Մեր աղօթքներուն ու մտածումներուն մէջ, Մանտելային մեծ աւանդը կը մնայ յոյսի աղբիւր”։ Վեհափառ Հայրապետը Հարաւային Ափրիկէի Եկեղեցիներու Խորհուրդին ուղղած իր նամակը կ’եզրակացնէ կոչ ուղղելով Աստուծոյ Որդւոյն յայտնութեան տօնի սեմին “դառնալու Բեթղեհէմին, ընդունելու խաղաղութեան Իշխանը ու վերանորոգելու մեր յանձնառութիւնը արդարութեան, խաղաղութեան եւ ազգերու միջեւ համախոհութեան”։

More News