7 December, 2013

Հայոց Ցեղասպանութեան 100–րդ տարելիցի առիթով Պիքֆայայի Յուշարձանը ներկայացնող Լիբանանեան Դրոշմաթուղթ

Ուրբաթ 6 Դեկտեմբեր  2013-ի երեկոյեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի հաղորդակցութեան Նախարար Նիքոլա Սահնաուին։

Հանդիպման ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100–րդ տարելիցին, եւ այդ ծիրէն ներս Պիքֆայայի յուշարձանին, որ բարձրացած էր ցեղասպանութեան 50–րդ տարելիցին առիթով, ներկայացնելով հայ ժողովուրդի վերածնունդը եւ անոր երախտագիտութիւնը՝ հանդէպ Լիբանանին։ Ապա Վեհափառը առաջարկեց որ յիշեալ յուշարձանը ներկայացնող լիբանանեան դրոշմաթուղթեր տպուին։ Պրն. Նախարարը սիրով ընդառաջեց Վեհափառ Հայրապետի փափաքին, եւ խոստացաւ յառաջիկայ տարուան Յունուարին այս գծով դիմել գործնական քայլերու։

 

More News