6 December, 2013

Անթիլիասի Տպարանէն լոյս տեսաւ Տօնացոյցի Ա. եւ Բ. հատորները

Դեկտեմբերի սկիզբը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տպարանէն լոյս տեսաւ Տօնացոյցի Ա. եւ Բ. հատորները, մէկ հատորի մէջ։

Տօնացոյցը այն գիրքն է, ուր արձանագրուած են Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ տօներն ու պահքերը, ծիսական արարողութիւնները եւ այդ արարողութիւններու ընթացքին կարդացուելիք ընթերցուածները։

Տօնացոյցը դարերու ընթացքին կազմուած է տարբեր անձերու կողմէ եւ տարբեր ժամանակահատուածներու։ Այսպէս Հայ Եկեղեցւոյ ծէսին կազմակերպողը կը հանդիսանայ մեր Երկրորդ Լուսաւորիչ՝ Սուրբ Գրիգորը։ Սուրբ Գրիգորին կազմածը աւելի մշակած է Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետը։ Կազմուածն ու մաշակուածը խմբագրած են երանեալ Սուրբ Գիւտ Արահեզացի, Սուրբ Յովհան Մանդակունի եւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետները։ Իսկ վերջնական ձեւաւորումն ու խմբագրումը կատարած է Սուրբ Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսը։

Ներկայ հատորը հրատարակութեան պատրաստած է Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանը։ Սրբազան Հայր հատորին սկիզբը ըրած երկու խօսքին մէջ, կþըսէ. «Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեամբ կատարուած սոյն հրատարակութիւնը կը նկատենք անհրաժեշտ, յատկապէս երկու իմաստով. ա) ՏՕՆԱՑՈՅՑը փաստօրէն հազուագիւտ ներկայութիւն դարձած է մեր եկեղեցիներէն ներս։ բ) Ան մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ հոգեւոր դասուն, դպրապետներուն ու դպրաց դասերուն, կանոնաւորելով ու դիւրացնելով ծիսական-կանոնական ընթացքը մեր եկեղեցւոյ արարողութիւններուն»։

Սոյն հատորը լոյս կը տեսնէ «Սմբատ Արք. Լափաճեան»-ի հրատարակչական ֆոնտէն։

More News