4 December, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Նորին Սրբութիւն Յովհաննէս Եազճի Պատրիարքին միջեւ հանդիպում

Չորեքշաբթի 4 Դեկտեմբեր 2013-ի գիշեր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ՝ Նորին Սրբութիւն Յովհաննէս Եազճի Պատրիարքին միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, Պալամանտ Վանքին մէջ։
 
Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ Պատրիարքութեան գործակցութեան առնչուած հարցեր եւ ծրագիրն…եր։ Անդրադարձ եղաւ նաեւ Միջին Արեւելքէն ներս տիրող կացութեան եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ կացութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներու մասին։ Այս ծիրէն ներս, յատուկ ուշադրութեան նիւթ դարձաւ  Յոյն եւ Ասորի երկու առաջնորդներու ու վերջերս Մաալուլա շրջանէն 12 մայրապետներու առեւանգման հարցը։ Խօսակցութեան ընթացքին նաեւ ակնարկ եղաւ  Ժընեւ 2 Խորհրդաժողովի եւ Սուրիոյ խաղաղութեան ու վերականգնումի աշխատանքներուն կապակցութեամբ քրիստոնեայ համայնքներու ունեցած դերին մասին։
 
Հանդիպումի աւարտին, թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ  Եազճի Պատրիարքը շեշտեցին մնայուն հաղորդակցութեան մէջ ըլլալու եւ իրենց միջեւ եղող գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը, թէ՛ անձնական եւ թէ  համայնքային մակարդակներու վրայ, դիմագրաւելու համար շրջանէն ներս տիրող տագնապները։
 
Նորին Սրբութեան կ’ընկերակցէին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանն ու Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեանը։See More
 

 

 

More News