3 December, 2013

Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ Զօհրապ Գիրէջեանի ‘Կեանքի Բեկորներ’ հատորը

Նոյեմբեր ամսուան մէջ Անթիլիասի Տպարանէն լոյս տեսաւ Զօհրապ Գիրէջեանի՝Կեանքի Բեկորներ խորագրեալ այս հատորը, որ ամբողջութիւնն է զանազան պարբերաթերթերու մէջ լոյս տեսած հեղինակին կողմէ ստորագրուած տասնչորս պատմուածքներու:

Այս հատորին նիւթերը կը շօշափեն իրենց հայրենի հողէն արմատախիլ եղած ու աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած «Հայու բեկորներու տուայտանքն ու երկուութիւնը, ինքնութեան փնտռտուքն ու այդ ինքնութեան կառչածութիւնը, յետ Եղեռնեան իրերայաջորդ սերունդներու ներքին խուլ բախումներն ու շօշափելի Հայրենիքէն շողարձակող յոյսն ու լոյսը:

Հեղինակին օգտագործած լեզուն պարզ է եւ յստակ, հեռու մանուածապատ արտայայտութիւններէ, բան մը՝ որ գիրքին ընթերցումը առաւել եւս հաճելի կը դարձնէ իւրաքանչիւր ընթերցողին համար:

More News