29 Նոյեմբերի, 2013

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լեմականներու պատուիրակութիւնը

Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդաց միջազգային համագումարը: Համագումարին մասնակցեցան կուսակցութեան երիտասարդական միաւորներու ներկայացուցիչները՝ Հայաստանէն, Ղարաբաղէն. Ջաւախքէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն:

 

Համագումարը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, իր յարգանքը մատուցանելու եւ Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը ստանալու: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ երիտասարդութեան դերին մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Ան շեշտեց երիտասարդութեան գործօն մասնակցութիւնը Հայ կեանքի բոլոր մարզերէն ներս, ըսելով. «Երիտասարդութիւնը դիտողի, լսողի ու հետեւողի կրաւորական վիճակին մէջ պէտէ չէ ըլլայ, այլ՝ մասնակցողի գործօն դերին մէջ»: Անդրադառնալով համաշխարհայնացումի հետեւանքներուն ու յատկապէս անոր յառաջացուցած մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, Վեհափառ Հայրապետը այս ծիրէն ներս եւս երիտասարդութեան մօտեցումը նկատեց կենսական, նկատի ունենալով ներկայ կեանքի պայմաններուն երիտասարդութեան անմիջականօրէն հաղորդ ըլլալու իրողութիւնը: Նորին Սրբութիւնը նաեւ ընդգծեց Հայաստան–Սփիւռք գործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր կեանքէն ներս գործող կառոյցներու վերանորոգման կարիքը՝ համահունչ ներկայ պայմաններուն:

 

Վեհափառ Հայրապետը ապա պատասխանեց իրեն ուղղուած շարք մը հարցումներուն:

More News