25 Նոյեմբերի, 2013

Հարցազրոյց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Համաժողովին մասնակցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան չորս պատգամաւորներուն հետ

30 Հոկտեմբերէն 8 Նոյեմբեր 2013-ին, Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին մէջ, տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (ԵՀԽ) 10-րդ համաժողովը։ Համաժողովէն ետք, «Հասկ»-ը հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան չորս պատգամաւորներուն հետ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Լիբանան, Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու), Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան (Իրան, Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց Թեմին), Տիկին Թենի Փիրի Սիմոնեան (Զուիցերիա, Ներկայացուցիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եւրոպայի Միջ-Եկեղեցական Յարաբերութիւններու) եւ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան–Գապաքեան (Լիբանան, Ատենապետուհի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-Եկեղեցական Յարաբերութիւններու Յանձնախումբին), որպէսզի իրապաշտ եւ առարկայական տուեալներ փոխանցեն մեր ժողովուրդին ու անդրադառնան ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համաժողովին բերած գործօն մասնակցութեան։ Նկատի ունենալով, որ համաժողովի օրերուն լրատուական միջոցներով լայն տեղեկութիւններ տրուած էին արդէն, խնդրեցինք մեր զրուցակիցներէն խուսափիլ թուականներու եւ անուններու կրկնութիւններէ եւ այլ մանրամասնութիւններէն։

 

ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

Հարցում. Սրբազան Հայր, անցեալ շաբաթ աւարտեցաւ ԵՀԽ-ի 10-րդ Համաժողովը, որուն Հայ Եկեղեցին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւններով մասնակցեցաւ։ Կրնա՞ք Համաժողովին ընդհանուր արժեւորումը կատարել եւ Հայ Եկեղեցւոյ ներկայութեան անդրադառնալ։

Պատասխան.- ԵՀԽ-ը եօթը տարին անգամ մը իր Համաժողովը կը գումարէ եւ իր գործունէութեան գնահատականը կը կատարէ։ Այս անգամ եւս մեր աշխատանքներն ու քննարկումները առաջնորդուեցան աղօթքի, քրիստոնէական վկայութեան եւ առ Աստուած երախտագիտութեան կշռոյթով, երբ ԵՀԽ-ի անդամ 345 եկեղեցիներու աւելի քան 800 պատգամաւորներ եւ զանազան կրօններու, միջ-եկեղեցական կազմակերպութիւններու ու լրատուական միջոցներու շուրջ 3000 հրաւիրեալներ Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքը հաւաքուեցան եւ «Կենսատու Աստուած մեզ արդարութեան եւ խաղաղութեան առաջնորդէ՛» ընդհանուր թեման ուղեցոյց ունենալով 10-րդ Համաժողովը միջ-եկեղեցական շարժումի կեանքին մէջ կարեւոր հանգրուանի մը վերածեցին։ Հայ Եկեղեցին, որ 1962-էն ի վեր իր երկու Հայրապետական Ս. Աթոռներով անդամ է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, երկու պատուիրակութիւններով մասնակցեցաւ համաժողովին։ Մեր երկու պատուիրակութիւններուն յարաբերութիւնները եղան ջերմ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, մեր զանազան թեմերէն եկած եւ 11 անդամներէ բաղկացած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը այս առիթը օգտագործեց երեք հիմնական ոլորտներու մէջ.- ա) Համաժողովի աշխատանքային կեանքին աշխոյժ մասնակցութիւն եւ զանազան յանձնախումբերու ու խմբական քննարկումներու մէջ պատասխանատու պաշտօններու ստանձնում։ Ժողովականներ եւ հիւրեր անդրադարձան, թէ մենք յանձնառու եւ որակաւոր մասնակցութեամբ կþարժեւորենք միջ-եկեղեցական շարժումը։ բ) Ուղղափառ, Արեւելեան Ուղղափառ եւ Բողոքական եկեղեցիներուն հետ հին կապերու վերանորոգում ու նոր յարաբերութիւններու հաստատում։ Ինչպէս գիտէք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան օրերուն, Անթիլիասը միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական եւ միջազգային կապերու ճառագայթուն կեդրոն մը դարձաւ։ Նորին Սրբութիւնը մօտէն ճանչցող եւ անոր առաջնորդող ներկայութեան կարիքը զգացող քրիստոնեայ ու այլ կրօններու պատկանող հոգեւորական եւ աշխարհական բազմաթիւ անձերու հետ շփում հաստատեցինք եւ գործակցութեան նոր ծրագիրներու սկիզբ դրինք։ գ) Հայ ժողովուրդի արդար դատին հետապնդում։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրեակին, Անթիլիաս հեռատեսութիւնը ունեցաւ մեր Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը այս միջազգային թատերաբեմին վրայ բերելու եւ այս առթիւ համաժողովը յատուկ բանաձեւ մը որդեգրեց։ Անշուշտ, Համաժողովը ԵՀԽ-ի կեանքին մէջ հանգրուան մըն էր։ Հիմա արդէն աշխատանքի նոր հորիզոններ կը պարզուին մեր դիմաց եւ մեր Ս. Աթոռը Վեհափառ Հայրապետին առաջնորդութեամբ ու խոր պատասխանատուութեամբ պիտի շարունակէ միջ-եկեղեցական շարժումին մասնակցիլ։

 

Հարցում.- ԵՀԽ-ի 10-րդ Համաժողովը նաեւ ընտրեց յաջորդ եօթը տարիներու իր ղեկավարութիւնը։ Կրնա՞ք ըսել, թէ Հայ Եկեղեցին ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ նոր ղեկավարութեան մէջ։

Պատասխան.- Համաժողովի իրաւասութեան մէջ կþիյնայ նաեւ յաջորդ եօթը տարիներուն համար ԵՀԽ-ի նոր ղեկավարները ընտրել։ Սա երկու հանգրուանով կը կատարուի.- 1) Համաժողովը 150 անդամներէ բաղկացած Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ ութը անդամներ հաշուող նախագահութիւնը կþընտրէ։ Կեդրոնական Վարչութեան մէջ ԵՀԽ-ի իւրաքանչիւր անդամ եկեղեցի իրեն վերապահուած աթոռներու թիւ ունի եւ իր թեկնածուները կþառաջադրէ։ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընտրուեցան Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այքազեան եւ Փոլա Տէր Մաթոյեան (Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն) ու Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Տիկին Թենի Փիրի Սիմոնեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն)։ Իսկ ութը հոգիներէ բաղկացած նախագահութեան պարագային, աշխարհագրական շրջաններ եւ եկեղեցական ընտանիքներ իրենց աթոռները ունին, որոնք հերթականութեան սկզբունքով իրենց համապատասխան ներկայացուցիչներ կþունենան։ Նախագահներ պատուակալ ներկայութիւն են։ Այս հանգրուանին, Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքէն ներս հերթը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեանն ըլլալով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս նախագահ ընտրուեցաւ։ 2) Նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը Գործադիր Վարչութեան 20 անդամները եւ Ատենապետն ու երկու Փոխ-ատենապետները կþընտրէ։ Գործադիր Վարչութեան անդամ ընտրուեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։ Իսկ ԵՀԽ-ի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ափրիկեցի տիկին մը՝ Դոկտ. Ակնէս Ապում, Ատենապետ ընտրուեցաւ եւ Փոխ-ատենապետ ընտրուեցան՝ Մետրոպոլիտ Կենատիոս ու Դոկտ. Մէյրի Էնն Սուենսըն։ Ատենապետը ԵՀԽ-ի բարձրագոյն պաշտօնը կը վարէ եւ գերագոյն հեղինակութիւնը կը ներկայացնէ: Պատմութեան համար պէտք է արձանագրել, թէ յաջորդական երկու շրջաններու համար (1991-2006) Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ատենապետի ա՛յս պաշտօնին ընտրուած էր: Ներկայ Ատենապետը մօտէն ծանօթ է Վեհափառ Հայրապետին եւ ընտրութենէն ետք կապ պահած է Վեհափառին հետ։ ԳԵՐՇ.

 

Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Հարցում.- Սրբազան Հայր, դուք մասնակից եղաք Համաժողովի ամէնէն կարեւոր ու զգայուն Յանձնախումբերէն` Ընտրական Յանձնախումբին։ Ի՞նչ ըսելիք ունիք այս ուղղութեամբ։

Պատասխան.- Առաջին հերթին ուզում եմ ասել, որ սա ԵՀԽ-ի երրորդ Համաժողովն է, որի Ընտրական Յանձնախումբի մէջ աշխատելու ուրախութիւնն եմ ունենում (Հարարէ 1998, Փորթօ Ալեկրէ 2006 եւ Պուսա 2013), բնականաբար, տնօրինումովը Ս. Աթոռիս Վեհափառ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի: ԵՀԽ-ը իր Համաժողովի աշխատանքներին կանոնաւոր ընթացք տալու համար ընտրում է զանազան յանձնախմբեր, որոնցմէ մէկն ալ Ընտրական Յանձնախումբն է: Ընտրական Յանձնախումբը կարեւորագոյն մարմիններէն մէկն է, որովհետեւ ան ԵՀԽ-ի ութ նախագահների եւ Կեդրոնական Վարչութեան 150 անդամների թեկնածութիւնը պիտի պատրաստէ եւ ներկայացնէ ժողովին:

 

Հարցում.- Արեւելեան Ընտանիքէն (Ղպտի, Ասորի, Հայ, Եթովպացի, Էրիթիրիացի, Հնդիկ) բոլոր եկեղեցիները հերթաբար ունեցա՞ծ են իրենց նախագահները։

Պատասխան.- Անցեալին մեր ընտանիքին բոլոր եկեղեցիները յաջորդաբար ունեցած են իրենց նախագահները։ Այս շրջանին Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին մէջ հերթը Հայ Եկեղեցւոյ էր։ Հետեւաբար այս շրջանի համար Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիների ներկայացուցիչը նախագահութեան մէջ ըլլալու էր Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը, իսկ յաջորդ շրջանին համար հերթը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետինն է: Դժուար եղաւ Կեդրոնական Վարչութեան թեկնածուներու ցանկի պատրաստութիւնը: Ընտրական Յանձնախումբը հետեւեալ հիմնական սկզբունքներով առաջնորդուեցաւ.- ա) Թեկնածուի անձնական արժանիքն ու յանձնառութիւնը։ բ) Թեկնածուները պէտք է որ ներկայացուին իրենց պատկան եկեղեցիներու կողմէ։ գ) Նկատի կ՛առնուին նաեւ ներկայացուած թեկնածուներու միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու մարզէն ներս ունեցած փորձառութիւնն ու հետաքրքրութիւնը: դ) Կարեւորութեամբ նկատի կ՛առնուի նաեւ հոգեւորական ու աշխարհական, այր ու կին եւ երիտասարդութեան համեմատական ներկայութիւնը։ Դժբախտաբար Արեւելեան Ուղղափառ մեր ընտանիքի մէջ փոքրիկ թիւրիմացութիւն մը յառաջ եկաւ, սակայն կողմերի բարի կամեցողութեամբ կարելի եղաւ այն հեշտութեամբ յաղթահարել:

 

Հարցում.- Որպէս Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, դուք նաեւ Իրանի դիմագրաուած մարտահրաւէրներուն գծով արտայայտութիւն ունեցաք։ Կրնա՞ք հակիրճ կերպով բացատրել։

Պատասխան.- Միջին Արեւելքի յատուկ խորհրդակցական հանդիպումներու ընթացքին առաջարկեցի որ Համաժողովը իր պաշտօնական յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղէ Ամերիկայի եւ Արեւմտեան երկիրներուն վերացնելու Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան վրայ դրուած անարդար շրջափակումները, որոնցմէ մեծապէս տուժում է Իրանի ժողովուրդը: Ուրախ եմ, որ ժողովը իր վերջի նիստին, Ուրբաթ 8 Նոյեմբեր 2013-ին, միաձայնութեամբ ընդունեց բանաձեւը: Բնականաբար մեզի համար կարեւոր նուաճում մըն էր սա։ Իրանի մէջ գոհունակութեամբ ընդունեցաւ այս լուրը պետական շրջանակներում։ Իսկ Հինգշաբթի 7 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Թեհրանի Թեմի ներկայացուցիչ եւ անշուշտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան երիտասարդ անդամուհի` Ագաթա Աբրահամեանը, խաղաղութեան մասին քննարկուող օրակարգի ընթացքին, խօսեցաւ Իրանի մէջ տիրող կրօնական ազատութեան ու Հայ համայնքի իրանեան հասարակութեան բերած ներդրումին եւ մասին: Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց Իրանի դէմ եղած շրջափակումներու վերացման համար։ Ներկաները յոտնկայս ու բուռն ծափահարութիւններով պատասխանեցին այդ կոչին: Ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ կ՛ուզեմ հաստատել, որ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Համաժողովին ուղղած պատգամէն սկսեալ մինչեւ մեր Ս. Աթոռին պատգամաւորներուն ելոյթները, մեծ գնահատանքով ընդունուեցան Համաժողովին կողմէ։

 

ՏԻԿԻՆ ԹԵՆԻ ՓԻՐԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Հարցում.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք մեր Ս. Աթոռին մասնակցութիւնը Համաժողովին:

Պատասխան.- Որպէս իգական սեռի ներկայացուցիչ, նախ կÿուզեմ երախտագիրութիւն յայտնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, իմ անձիս հանդէպ ունեցած վստահութեան համար: Այդ վստահութեան արդիւնքն էր իմ մասնակցութիւնը ԵՀԽ-ի 10-րդ Համաժողովին, եւ այդ մասնակցութիւնը առիթ մը եղաւ ինծի համար, միջ-եկեղեցական կեանքէն ներս երկար տարիներու իմ քաղած փորձառութիւնս բաժնելու մեր պատուիրակութեան երիտասարդ անդամուհիներուն հետ: Ուրախ եմ յայտնելու, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողկոսութեան պատուիրակութիւնը կը բաղկանար նախկին փորձառու անդամներէ եւ նոր ու երիտասարդ անդամներէ։ Հակառակ երէց անդամներուս ունեցած կարեւոր պատասխանատուութիւններուն, մեր պատուիրակութիւնը հերթական հանդիպումներ ունեցաւ, ինչ որ առիթ եղաւ զիրար լսելու, կազմակերպելու մեր հաւաքական աշխատանքը եւ միասնական կեցուածք որդեգրելու արծարծուած կարեւոր հարցերուն նկատմամբ: Այս առիթով, հպարտութեամբ կու գամ վկայելու, թէ Համաժողովին մեր պատուիրակութեան անդամներուն մասնակցութիւնը ձեւական ու կրաւորական չեղաւ, այլ՝ գործօն։ Անոնք գիտակից մօտեցումով, պարտաճանաչութեամբ ու լրջութեամբ մասնակից դարձան Համաժողովի աշխատանքին։

 

Հարցում.- Դուք աւելի քան 30 տարիներ զանազան պատասխանատուութիւններ ստանձնած էք թէ՛ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ թէ ԵՀԽ-ին մէջ։ Այս Համաժողովի ընթացքին, ընտրուեցաք անդամ Կեդրոնական Վարչութեան: Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս մասին:

Պատասխան.- Կեդրոնական Յանձնախումբին անդամ ընտրուիլս պատահականութեան արդիւնք չէր։ Ան եկաւ ցոյց տալու ԵՀԽ-ի անդամ եկեղեցիներուն, թէ մեր Ս. Աթոռը անտարբեր չէ էքիւմենիք շարժումին նկատմամբ, այլ ծրագրուած ու գործօն մասնակցութեամբ մենք կÿուզենք մեր էքիւմէնիք տեսլականը մեր ժողովուրդին պահանջատիրական կեցուածքը, մեր արժէքները փոխանցել ուրիշներուն: Թոյլ տուէք այստեղ փոխ առնելու Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը՝ թէ հարկ է դուրս գալ եկեղեցւոյ պատերէն ու մօտենալ այլ եկեղեցիներու ու նոյնիսկ կրօններու, ծանօթանալ ու երկխօսութիւն ունենալ անոնց հետ: Տեսլական մը, որ կը պահանջէ հաշուետուութիւն, պատասխանատուութիւն ու մասնակցութիւն: Որպէս անդամ Կեդրոնական Վարչութեան, պարտաւորութիւնը կը զգամ էքիւմէնիք մարզէն ներս իմ ձեռք բերած փորձառութիւնս փոխանցել մեր եկեղեցւոյ երիտասարդ տարրերուն, յուսալով որ անոնք դառնան թթխմորը մեր եկեղեցւոյ յառաջիկայ գործունէութեան առաւել աճման:

 

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆ-ԳԱՊԱՔԵԱՆ

Հարցում.- Որպէս դոկտոր քաղաքական գիտութեանց եւ միջազգային հարցերու մասնագէտ, նախորդ 8 տարիներու ընթացքին գործօն մասնակցութիւն բերած էք ԵՀԽ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ ընկերա-քաղաքական Յանձնախումբերու աշխատանքներուն։ Ուրախութեամբ վերահասու դարձանք թէ գտնուած էք նաեւ ԵՀԽ-ի 10-րդ Համաժողովի ընկերա-քաղաքական Յանձնախումբին մէջ եւ վարած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Համաժողովի բանաձեւին խմբագրման խմբակի ատենապետութիւնը։ Ի՞նչ փուլերէ անցաւ այս բանաձեւը մինչեւ Համաժողովի կողմէ որդեգրուիլը։

Պատասխան.- Հարկ է առաջին հերթին հաստատել թէ առաջին անգամը չէ որ ԵՀԽ-ը կ՛արձագանգէ Հայկական Ցեղասպանութեան։ Արամ Ա. Վեհափառի ԵՀԽ-ի ատենապետութեան 15 երկար տարիներու շրջանին, Հայկական Ցեղասպանութիւնը միշտ ներկայ եղածէ ԵՀԽ-ի օրակարգին վրայ եւ հարցը այդ ճամբով զանազան առիթներով ու տարբեր շրջանակներու մէջ կարելի եղած է ներկայացնել միջազգային բեմերու առջեւ։ ԵՀԽ-ի միջազգային հարցերու յանձնախումբը Ցեղասպանութեան հարցը արծարծած է այլազան առիթներով, ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբի նիստերուն։ Նոյնպէս, Վանգուվըրի՝ Գանատայի մէջ գումարուած (1983) ԵՀԽ-ի 6-րդ Համաժողովը կարեւորութեամբ ընդգծած է Հայկական Ցեղասպանութեան հետեւանքները քննարկելու անհրաժեշտութիւնը եւ հաստատած է, թէ «միջազգային հանրային կարծիքի ցուցաբերած լռութիւնը եւ պատմական իրողութեանց հանդէպ ժխտողականութիւնը, հիմնական պատճառներն են Հայ ժողովուրդի, Հայ եկեղեցւոյ թէ այլոց զայրոյթին եւ աճող յուսալքութեան»։ Մէկ խօսքով, ԵՀԽ-ը դարձած է այն բեմը որուն ճամբով Հայ Եկեղեցին կրցած է իր ձայնը բարձրացնել՝ 20-րդ դարու Առաջին Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով։ 10-րդ Համաժողովին որդեգրած բանաձեւին յատուկ կարեւորութիւնը կու գար այն իրողութենէն, որ կ՛որդեգրուէր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրեակին եւ կը բանաձեւէր ԵՀԽ-ի յանձնառութիւնը 100-րդ տարելիցին նկատմամբ։ Յայտնեմ որ յիշեալ բանաձեւը խմբագրուած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։ Խորհուրդի սահմանադրական կարգը կ՛ենթադրէ որ որեւէ բանաձեւի առաջարկ նախ ներկայացուի Համաժողովի լիագումար նիստին, ապա որդեգրուի ընկերա-քաղաքական յաձնախումբին կողմէ։ Ապա ընկերա-քաղաքական յանձնախումբը կ՛անցնի որ աշխատանքի, ինքնիր մէջ բաժնուելով ենթայանձնախումբերու՝ մանրամասնութեամբ սերտելու առաջարկուած բանաձեւերը։ Ընդհանրապէս ատենապետած եմ Միջին Արեւելքի կապուած բանաձեւերու խմբագրման աշխատանքին։ Այս անգամ սակայն, բնականաբար առաջնահետութիւնը կ՛երթար Ցեղասպանութեան բանաձեւի ենթայանձնախումբին։ Ենթայանձնախումբը իր աշխատանքը կատարեց. ապա բանաձեւը իր վերջնական ձեւին մէջ ներկայացուցի ընկերա-քաղաքական յանձնախումբին, ուր կրկին քննարկումներէ ետք, որդեգրուեցաւ իր ամբողջականութեամբ։ Կը մնար վերջին հանգրուանը, բանաձեւը ներկայացնել Համաժողովի լիագումար նիստին։ Բնականաբար ունեցանք որոշ դժուարութիւններ, մանաւանդ երբ կարգ մը պատուիրակութեանց ներկայացուցիչներ ուզեցին բանաձեւին մէջ յիշատակել Օսմանեան Կայսրութեան զոհ գացած այլ ժողովուրդներու պարագան, եւ այդ ուղղութեամբ շեշտակի պնդումներ կատարեցին։ Մեր նպատակն էր բանաձեւը պահել իր ամբողջական ձեւին մէջ՝ միայն շեշտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ուրբաթ 8 Նոյեմբերի առաւօտուն, լիագումար նիստին, բեմ հրաւիրուեցայ բանաձեւը ներկայացնելու։ Հակառակ որ կարելի եղած էր կողմնակի յարաբերական աշխատանքով կանխել որոշ միջամտութիւններ, սակայն մօտ 8 պատգամաւորներ այլազան առաջարկութիւններով խօսք առին։ Որպէս բանաձեւի յանձնախումբի ատենապետ, իրաւասութիւնը ունէի դուրս պահելու որեւէ փոփոխութեան առաջարկ, որ կրնար վնասել մեր բանաձեւի ամրակուռ կառոյցին եւ քարոզչական հզօրութեան։ Այդպէս ալ եղաւ։ Բանաձեւը պահուեցաւ ինչպէս որ էր եւ քուէարկութեան դրուելով, ստացաւ քուէներուն մեծամասնութիւնը։ Քուէարկութեան պահը՝ իր առթած զգացումներով եւ թելադրականութեամբ, յիշատակելի պահ մըն էր Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր պատգամաւորներուն համար։ Բանաձեւը կը պահանջէ ճանաչում՝ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ հատուցում՝ Հայ ժողովուրդին, ու կ՛առաջադրէ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, 24 Ապրիլ 2015-ին, Ժընեւի մէջ կազմակերպել միջազգային խորհրդաժողով մը, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման թեմայով, մասնակցութեամբ միջազգային կազմակերպութիւններու, դատաւորներու եւ պատմագէտներու։ Նոյնպէս, խորհրդաժողովին զուգահեռ, Ժընեւի Cathedral-ին մէջ, միջ-եկեղեցական հոգեհանգստեան արարողութիւն մը կազմակերպել, եւ հրաւիրել ԵՀԽ-ի անդամ Եկեղեցիները, Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին պատարագներ մատուցելու ամէնուրեք, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման քարոզչական նպատակներով։

 

Հարցում.- ԵՀԽ-ի 10-րդ Համաժողովը կը կրէր «դէպի արդարութիւն եւ խաղաղութիւն» թեման։ Համաժողովի առաջին լիագումար նիստին, դուք ելոյթ ունեցաք եւ առաջարկեցիք որ Համաժողովը որդեգրէ «արդար խաղաղութեան» իւրայատուկ բանաձեւում մը։ Կրնա՞ք մեզի բացատրել ձեր ելոյթին մեկնակէտն ու բովանդակութիւնը։

Պատասխան.- 2010-ին, ԵՀԽ-ը Ժամայքայի մէջ կազմակերպեց խաղաղութեան թեմայով միջազգային խորհրդաժողով մը։ Այդ Խորհրդաժողովը մեկնակէտը հանդիսացաւ յատուկ գործընթացի մը, որ շարունակուեցաւ 2010-էն վերջ, կը շարունակուի այսօր ու պիտի շարունակուի յառաջիկային ալ։ Սահմանադրական կարգը կ՛ենթադրէր որ 10-րդ Համաժողովը բանաձեւով մը վաւերացնէր ԵՀԽ-ի աշխատանքի վերոնշեալ մարզը։ Օրին, ես ընտրուած էի 5 անդամներէ բաղկացած մասնագիտական Խորհրդատու Մարմինի մը իբրեւ անդամ, որուն պարտականութիւնն էր հսկել յիշեալ գործընթացին։ Ամիս մը առաջ, սոյն մարմինը ժողով մը գումարեց Ժընեւի մէջ, քննարկելու համար Համաժողովին որդեգրելիք բանաձեւին նախադրեալները։ Սոյն ժողովին, ես առաջարկեցի որդեգրել «արդար խաղաղութիւն» բանաձեւումը այլազան նկատառումներով, յատկապես որովհետեւ «արդարութիւն» եւ «խաղաղութիւն» թեմաներու անջատ նկատառումը զանոնք կը պահէր իրենց ընդհանրական եւ տեսական շրջագիծէն ներս։ Աւելին, «արդար խաղաղութիւն» բանաձեւումը աւելի իմաստալից եւ գործունէութիւն ենթադրող մօտեցում մըն է, եւ կրնայ ծառայել իբրեւ պատգամ բովանդակող լոզունգ՝ որ իր քարոզչական թէ վաւերական դրական անդրադարձը կրնայ ունենալ խորհուրդի յառաջիկայ աշխատանքներուն մէջ։ Ինչպէս գիտէք, լոզունգներով առաջնորդուիլը յաջող գործելաոճ մըն է. այսպէս՝ ՄԱԿ-ը երբ գործընթաց մը ճշդէ, նախապէս կ՛որդեգրէ այդ գործընթացին համապատասխանով լոզունգները։ Այդ լոզունգները ընդհանրապէս մաս կը կազմեն օրուան ակադեմական, լրատուական թէ քաղաքական գրականութեանց, եւ առ այդ գործածութեան առարկայ դառնալով՝ կը սատարեն քաղաքականութեանց որդեգրումի ընթացքին։ Այս իմաստով, «արդար խաղաղութիւն» լոզունգը սատար կը հանդիսանայ ԵՀԽ-ի կատարած քարոզչական աշխատանքին, որոշ բնագաւառներէ ներս։ Լիագումար նիստին ընթացքին, իմ ունեցած առաջին ելոյթիս մէջ առաջարկեցի բանաձեւել եւ որդեգրել «արդար խաղաղութեան»՝ ԵՀԽ-ի առանձնայատուկ ըմբռնում մը, որ հիմնուած պէտք է ըլլայ հետեւեալ մեկնակէտերուն վրայ.- Գերադասում՝ Մարդկային Իրաւանց Ուխտին, միջազգային բոլոր Ուխտերէն։ Գերադասում՝ ընդհանրապէս Օրէնքի եւ յատկապէս միջազգային Օրէնքի (Souverainetռ du Droit)։ Գերադասում՝ մարդկային ապահովութեան (human security) բոլոր նախադրեալներուն։ Աւելի՛ն հարկ է շեշտել անհրաժեշտութիւնը, որ մարդկութեան հետ առնջուած բոլոր թղթածրարներու քննարկումը կատարուի միջազգային ընդհանրական եւ թափանցիկ կառոյցներու ճամբով (multilateral) եւ ո՛չ փոքրաթիւ եւ անկառոյց (non-institutionalized) համախմբումներու մէջ։ Ինչպէս նաեւ սատարել՝ «պաշտպանելու պատասխանատուութիւն» (Responsibility to Protect) քաղաքականութեան ճշգրիտ մատուցման եւ մերժել որ ան միջոց հանդիսանայ միջամտութեան իրաւունքի (Droit D’ingռrence) արդարացման։ Եւ վերջապէս, տնտեսական բնագաւառէն ներս յիշեցի թէ հարկ է «ժողովրդակացնել աշխարհայնացումը, եւ ո՛չ միայն աշխարհայնացնել (տարածել) ժողովրդավարութիւնը» (la dռmocratization de la mondialisation et non seulement la mondialisation de la dռmocratie)։ Ժողովականներու արձագանգը դրական էր եւ առաջարկուածը գրեթէ իր ամբողջութեամբ տեղ գտաւ «դէպի արդար խաղաղութիւն» բանաձեւին մէջ։ Վերջապէս, այս առիթով ես կ՛ուզեմ բարի երթ մաղթել ԵՀԽ-ին, իր նոր Ատենապետով՝ Dr. Agnռs Abuoum, որուն հետ առիթը ունեցած եմ մօտէն գործակցելու Կեդրոնական Վարչութեան Ընկերա-Քաղաքական Յանձնախումբին մէջ, եւ շնորհաւորութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներս ուղղել իրեն։ Ինչպէս Dr. Abuoum եւ զինք նախորդող Dr. Walter Altmann եւ ԵՀԽ-ի նախկին Կեդրոնական Վարչութեան ակնառու անձնաւորութիւններ յաճախ արտայայտած են ինծի՝ «շատ դժուար է յաջորդել Արամ Ա. Վեհափառին…»։ Վարձքը կատար մեր Վեհափառին, որ այսքան աւանդ ու մեծարանք ձգած է միջ-եկեղեցական շարժումին մէջ ու դպրոց մը հանդիսացած՝ իր ներկայութեամբ, հեղինակութեամբ, փորձառութեամբ, միտքով եւ հեղինակած գործերով, մեզի՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուս միշտ առթելով հպարտութիւն եւ պատիւ օտարներուն դիմաց։

More News