14 November, 2013

ՀԵՀՈՄի հիմնադրութեան 50 ամեակի Կալա-Ընթրիք

Կազմակերպութեամբ ՀԵՀՈՄի վարչութեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ..Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ուրբաթ 6 Դեկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ, Տպայայի Le Royal պանդոկի Azurea սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀԵՀՈՄ-ի հիմնադրութեան 50 ամեակի պաշտօնական Կալա-Ընթրիքը։ Սոյն ընթրիքին որպէս հիւր երգիչ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ լիբանանահայ հանրածանօթ երգիչ՝ Ատիս Հարմանտեան։  Կը հրաւիրենք բոլոր Հայ համալսարանականներն ու նախկին ՀԵՀՈՄ-ի անդամները, միասնաբար տօնախմբելու այս յոբելեանը, նոր խթան մը հաստատելու ՀԵՀՈՄ-ի յառաջիկայ գործունէութեան։  Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար դիմել վարչութեան ատենապետ՝ Ռազմիկ Միքայէլեանին, հեռաձայնելով 70189832 կամ փոխ ատենապետի Լեւոն Նաճարեանին՝ 03472691 եւ կամ Կաթողիկոսարան 04/410001 թիւին:

ՀԵՀՈՄի վարչութիւն

 

More News