10 November, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Կիրակնօրեայ Վարժարանի փոքրիկները

Կիրակի 10 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Վեհարանի Դահլիճին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Անթիլիասի Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտութիւնը իրենց ուսուցչական կազմին հետ միասին։ Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանն ու Կաթողիկոսարանիս Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բէնդէզեան։

 

Անթիլիասի Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտները գեղարուեստական յայտագիր մը նեկայացուցին եւ Նորին Սրբութեան ծաղկեփունջ մը նուիրեցին։

 

Ապա Վեհափառ Հայապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց տեսնելով Հայ մանուկները, որոնք առաւօտեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագտին մասնակցած էին, ու ըսաւ. «Ուրախ եմ տեսնելով ձեզ սիրելի մանուկներ, որ փոխանակ Կիրակի օրերը ձեր ժամանակը տունին մէջ կամ ուրիշ տեղ անցնելու, եկած էք Կիրակնօրեայ Վարժարան, որպէսզի քրիստոնէական հաւատքով եւ Հայ արժէքներով ու աւանդութիւններով մեծնաք»։ Իր խօսքը ծնողներուն ուղղելով գնահատեց զանոնք որ իրենց զաւակները Կիրակնօրեայ Վարժարան կը ղրկեն, որպէսզի հոգեւոր ու մտաւոր կազմաւորում ստանան։ Վերջաւորութեան Նորին Սրբութիւնը յատուկ կերպով գնահատեց Անթիլիասի Կիրակնօրեայ Վարժարանի Տեսչուհին եւ Ուսուցչական Կազմը, որոնք առօրեայ զբաղումներն ու մտահոգութիւնները մէկդի թողած, անձնուիրութեամբ ու մեծ սիրով յանձն առած են Հայ մանուկներուն հոգե-մտաւոր դաստիարակութիւն ջամբել։

More News