8 Նոյեմբերի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ողջոյնի խօսք ուղղեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովին

Հինգշաբթի 7 Նոյեմբեր 2013-ին, Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10–րդ համաժողովի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի համաժողովին ուղղած ողջոյնի խօսքը կարդացուեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի կողմէ։

 

Իր խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը նախ կþանդրադառնար միջ-եկեղեցական շարժումին իր բերած երկարամեայ նպաստին եւ որպէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ատենապետ 1999–ին բաժանեալ Քորիա կատարած այցելութեան. ապա, համաժողովի թեման՝ «Կենսատու Աստուած, մեզ արդարութեան եւ խաղաղութեան առաջնորդէ» կը վերլուծէր, Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակն ու քրիստոնեայ-իսլամ կեանքի գոյութենական երկխօսութեան մէջ արդարութեան եւ խաղաղութեան կենսական դերը պարզելով:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը կþեզրափակէր Հայկական Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը լուսարձակի տակ բերելով եւ կը գրէր. «2015–ին մենք պիտի յիշատակենք Հայոց Ցեղասպանութեան 100–րդ տարելիցը: Ցեղասպանութիւն  մը, որ գործադրուեցաւ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ Հայ ժողովուրդին դէմ եւ ցարդ Թուրքիան կ’ուրանայ զայն: Մենք առաջարկեցինք Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարին, որ այս կարեւոր դէպքը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի անդամ եկեղեցիներուն կողմէ յատուկ կերպով նշուի՝ աղօթքի եւ զօրակցութեան ճամբով»:

 

Համաժողովի ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատգամաւորները հետեւեալ հանդիպումներուն մասնակցեցան.-

 

Հինգշաբթի 31 Հոկտեմբերին, Նարեկ Սրբազանի ատենապետութեամբ, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու շրջանային ժողովը գումարուեցաւ, որուն ընթացքին Միջին Արեւելքը շահագրգռող հարցեր քննարկուեցան եւ անոնց գծով միացեալ կեցուածք ճշդուեցաւ։

 

Ուրբաթ 1 Նոյեմբերին, Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքի եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքի ժողովը գումարուեցաւ, որուն ընթացքին Ուղղափառ երկու ընտանիքներու միջեւ աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան վերսկսման հրամայականը շեշտուեցաւ։

 

Ուրբաթ 1 Նոյեմբերին եւ Երեքշաբթի 5 Նոյեմբերին, Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքը առանձին ժողովներ գումարեց։ Նարեկ Սրբազան երկրորդ ժողովին ատենապետեց եւ ընդգծեց, թէ եկեղեցիներու միջեւ զարգացող գործակցութեամբ միջ-եկեղեցական շարժումին մէջ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքին ներկայութիւնը առաւել զգալի եւ արդիւնալից կը դառնայ։

 

Չորեքշաբթի  6 Նոյեմբերին եւ Հինգշաբթի  7 Նոյեմբերին, Օրդ. Կրէյս Օհանեան եւ Օրդ. Ակաթա Աբրահամեան մասնակցեցան երիտասարդական կլոր սեղանի քննարկումներուն։ Առաւել, Օրդ. Ակաթա Աբրահամեան խաղաղութեան նուիրուած լիակատար նիստի երիտասարդական բաժինին մէջ Իրանի եւ իրանահայութեան մասին ելոյթ ունեցաւ։

 

Հինգշաբթի 7 Նոյեմբերին, Տիկ. Թենի Սիմոնեան եւ Նարեկ Սրբազան աշխատանքային հանդիպումներ ունեցան Աւետարանականներու Համաշխարհային Խորհուրդի Աստուածաբանական Յանձնաժողովի Ատենապետ՝ Դոկտ. Թոմըս Շիրմախըրի եւ Կրօնական Ազատութեան Տնօրէն՝ Դոկտ. Քրիստոֆ Սաուըրի հետ եւ 2015-ին Հայկական Ցեղասպանութեան 100-տարելիցի միջ-եկեղեցական համատեղ յիշատակումի մասին խորհրդակցեցան։

More News