5 November, 2013

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը որոշեց հանգամանօրէն նշել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը

Հարաւային Քորէայի մէջ այս օրերուն գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10–րդ համաժողովը որոշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100–րդ տարելիցի նշման բերել իր գործօն մասնակցութիւնը:

  

Յիշեալ յայտարարութիւնը անդրադառնալէ յետոյ Հայոց Ցեղասպանութեան ու անոր հետեւանքներւն, կը յիշէ թէ ինչպէս  Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը արծարծուեցաւ ՄԱԿ–ի Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովին, 1979–ին ԵՀԽ–ին կողմէ, ինչպէս նաեւ ԵՀԽ–ի նախորդ համաժողովներուն կողմէ, կը թելադրէ հետեւեալը ԵՀԽ–ի Ընդհանուր Քարտուղարին.–

  

1) 2015–ին Ապրիլ 24–ին մօտ թուականի մը Ժընեւի մէջ կազմակերպել միջազգային համագումար մը նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման՝ մասնակցութեամբ միջազգային օրէնքի ու Ցեղասպանութեան մասնագէտներու: 2) Ժընեւի Մայր Տաճարին մէջ կազմակերպել կրօնական արարողութիւն: 3) Կոչ ուղղել ԵՀԽ–ի անդամ եկեղեցիներուն ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը եւ աշխատանք տանելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով:

 

More News