30 Հոկտեմբերի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Իրանեան պետական պատուիրակութիւն մը

Երէկ առաւօտ Իրանի պետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Վեհափառ Հայրապետին, նախապէս առնուած ժամադրութեան համաձայն: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութեան ու յատկապէս Իրանի հայութեան հետ աղերս ունեցող կարգ մր հարցերու քննարկումը:

 

Պատուիրակութիւնը յատուկ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին դերակատարութեան, արաբական աշխարհէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումներուն  նկատմամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան որդեգրած քաղաքականութեան, Իրանի հայութեան եւ Իրանի երեք թեմերու առաջնորդ սրբազաններու գործունէութեան մասին:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին յիշեցուց, որ Միջին Արեւելքէն ներս Իրանի գործօն դերակատարութեան շնորհիւ առկայ հարցերը լուծման ընթացքի մէջ կրնան մտնել: Վեհափառը նաեւ շրջանէն ներս Թուրքիոյ բացասական ներկայութեան գծով իր մտահոգութիւնը յայտնելէ յետոյ յոյս յայտնեց, որ Իրան աւելի յստակ կեցուածք ճշդէ Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ՝ յատկապէս 100-ամեակի սեմին:

 

More News