27 October, 2013

Արեւելքի քրիստոնեաներու առաջին համագումարը

«ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ, ՀԱՄԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ Է»

ԸՍԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Շաբաթ 26 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան Մեթնի Ռապուէ շրջանին մէջ, Արեւելքի քրիստոնեաներու առաջին համագումարը գումարուեցաւ, մասնակցութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն։

 

Համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանանի Նախագահ՝ Միշէլ Սլէյմանը։ Պրն. Նախագահը համագումարի մասնակիցներուն իր խօսքը ուղղեց, եւ անդրադարձաւ թէ շրջանին մէջ քրիտոնեաներուն ներկայութիւնը 25 առ հարիւրէ նուազած է 6 առ հարիւրի վերջին զարգացումներուն, արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան եւ ծայրայեղական շարժումներու ու խմաբաւորումներու բազմացումին։ Իր խօսքին մէջ Սլէյման ըսաւ. «Անհրաժեշտ է պահպանել մեր ազգային ինքնութիւնը եւ հեռու մնալ որոշումներ պարտադրելու տրամաբանութենէն։ Քրիստոնեաներուն ծրագիրը՝ պետութեան կառուցումի ծրագիրն է»։

 

Մարունիներու Պշարա Րաաի Պատրիարքը խօսք առնելով, շեշտեց թէ քրիստոնեաները կառչած են Միջին Արեւելքին, ու կը մերժեն գաղթն ու ամէն տեսակի պատճառուած սարսափները։

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, համագումարի առաջին նիստի աւարտին, մամուլին հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Ներկայ Համագումարը երեք նպատակ կը հետապնդէ։ Ա) Քրիստոնեաներուն գաղթը կասեցնելու ազդու միջոցներ որոնել։ Բ) Քրիստոնեայ-Իսլամ համակեցութիւնը աւելի ամրապնդել։ Գ) Արաբական երկիրներու քաղաքական ու ընկերային կեանքէն ներս աւելի լայն տեղ տալ քրիստոնեայ համայնքներուն»։

 

Յայտնենք, որ յիշեալ Համագումարը կազմակերպող Յանձնախումբին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մաս կը կազմեն, Մասիս Ծ. Վրդ. Զոպույեան եւ Տոքթ. Ժան Սալմանեան։

 

Համագումարի բացման նիստին Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էր նաեւ, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը։

More News