23 Հոկտեմբերի, 2013

Պատմութիւն Անթէպի Հայոց

ԱՆթիլիասի Տպարանէն լոյս տեսաւ Յուշամատեաններու երրորդ եւ չորրորդ հատորները՝ «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց» 2 հատորով։

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբը Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, Անթիլիասի Տպարանէն հերթականօրէն կը շարունակուին լոյս տեսնել 20-րդ դարու սկիզբին Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, գիւղերուն եւ շրջաններուն նուիրուած յուշամատեաններու վերահրատարակութեան աշխատանքները։

 

Յուշամատեաններու առաջին երկու հատորներն էին «Ատանայի Հայոց Պատմութիւն» եւ «Պատմութիւն Տարօն Աշխարհի»։ Ներկայ հրատարակութեան «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց» երրորդ եւ չորրորդ հատորները առաջին անգամ լոյս տեսած են 1953-ին Լոս Անճելըս, Դոկտ. Գէորգ Ա. Սարաֆեանի աշխատասիրութեամբ։ Ներկայ հրատարակութեան խմբագիրն է բանասէր, նախկին տնօրէն եւ «Կամար» գրական պարբերաթերթի խմբագիր՝ Պրն. Ժիրայր Դանիէլեան։

 

Զոյգ հատորները իրենց մէջ կը պարունակեն Անթէպի պատմական, աշխարհագրական, տնտեսական, լեզուական, գրական, հայրենակցական, եւայլն երեսները, որը ընթերցողին ամբողջական պատկերը կու տայ Անթէպի ու անթէպցիներու մասին։ Յարգելի խմբագիրը երկու հատորներն ալ օժտած է տեղանուններու եւ անձնանուններու ցանկերով «որոնք մաս կազմած են առաջին հրատարակութեան բովանդակութեան»։ Խմբագիրը նաեւ կատարած է «հիմնական թերացումներու,- ուղղագրական, կէտադրական, լեզուական, տպագրական, եւայլն,- սրբագրութիւն»։ Յատուկ անուններու պարագային նկատի առնուած է միակերպութիւն ու միատարրութիւն։

 

Սոյն զոյգ հատորները տպագրուած են ազնիւ մեկենասութեամբը՝ Տէր եւ Տիկին Կարպիս եւ Արեգ Նազարեաններու։

 

Անթիլիասի Տպարանէն յաջորդաբար հրատարակութեան պիտի տրուին «Հաճընի Ընդհանուր Պատմութիւն», «Վասպուրական», «Մարաշ կամ Գերմանիկ», «Պատմագիրք Կիւրինի» Յուշամատեանները։

 

Յաւելեալ մանրամսնութիւններու համար՝ bookstore@armenianorthodoxchurch.org

 

More News