22 October, 2013

Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Երկուշաբթի 21 Հոկտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի Դեսպան՝ Տիար Աշոտ Քոչարեանը:

 

Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ քննարկելու Լիբանանի Հայ համայնքին եւ Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ վերջերս Պրիւքսէլի մէջ Հայ Դատի Գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած համագումարը: Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ յիշեալ նախաձեռնութեան, որ առիթ մը եղաւ Եւրոպայի համայնքները համախմբելու, Եւրոպական Խորհուրդի շրջանակներէն ներս Ղարաբաղի հարցը արծածրելու, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի աշխատանքներուն նոր մղում մը տալու:

More News