16 October, 2013

«Պէտք է համխմբուիլ մեր ազգի գերագոյն արժէքներուն եւ ընդհանրական մարտահրաւէրներուն շուրջ», Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Իր խօսքը ուղղելով Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցող համագումարի պատուիրակներու ճաշկերոյթի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կոչ ուղղեց «Հայ ժողովուրդի գերագոյն արժէքները ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները գերիվեր նկատելու լուսանցքային հարցերէ ու ներքին տարբերութիւններէ»: Ղարաբաղի Նախագահի ու Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահի ներկայութեան իր պատգամը փոխանցելով Համագումարի մասնակիցներուն, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Հայութիւնը ամէն բանէ վեր: Սա լոզունք չէ միայն եւ ոչ ալ զգացական արտայայտութիւն: Ան պէտք է դառնայ կեանքի ու գործի ուղեցոյցը ու մղիչ ոյժը իւրաքանչիւր հայուն»:

 

Ազգային պահանջատիրութեան անդրադառնալով, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Ազգային պահանջատիրութիւնը իր նեղ պարունակին մէջ պէտք չէ ըմբռնել: Ան սոսկ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու հատուցումը չէ, այլ նաեւ Ղարաբաղի անկախութեան ամրապնդումը ու Հայաստանի Հանրապետութեան զօրացումն է»: Հայաստանի մասին խօսելով, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ճիշդ է մտահոգիչ երեւոյթներ կան Հայաստանէն ներս, որոնց նկատմամբ չենք կրնար անտարբեր ըլլալ: Սակայն, միայն չքննադատենք, յոռետեսական ու բացասական մօտեցումներ չունենանք, այլ մտածենք թէ ինչ ձեւով կրնանք գործնապէս մասնակցիլ հայրենաշինութեան նուիրական գործին»:

 

Եզրափակելով իր խօսքը, Արամ Ա. Կաթողիկոսը ըսաւ. «Հայ Եկեղեցին միշտ հայրենիքի կողքին եղած է: Մեր ժողովուրդի անկախութիւնն ու ազատութիւնը մեր եկեղեցւոյ համար եղած են միշտ սրբազան արժէքներ: Այս յանձնառութեամբ մեր եկեղեցին պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Հայաստանին, Ղարաբաղին ու Հայ Դատին»:

 

More News