15 Հոկտեմբերի, 2013

ՙԹուրքիան պէտք է վերադարձնէ հայոց եկեղեցիները իրենց իրաւատիրոջ՝ Հայ ժողովուրդին՚, ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պրիւքսէյլի համագումարին

Իր խօսքը ուղղելով Պրիւքսէլի մէջ օտար մասնագէտներու ու քաղաքական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցող Եւրոպայի Հայոց Գ. համագումարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց Թուրք պետութեան կողմէ գրաւուած Հայոց եկեղեցիները Հայ ժողովուրդին վերադարձնելու պահանջքը։ Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ «Հայ դատը սկսած է տարբեր մօտեցում, շեշտաւորում ու առաջնահերթութիւն ստանալ վերջին տարիներու ընթացքին»։ Ան յիշեց Միացեալ Նահանգներու Քօնկրէսին եւ Ֆրանսայի խորհրդարանին մօտեցումները, ինչպէս նաեւ տակաւ բազմացող Թուրք մտաւորականներու արտայայտութիւնները՝ ի խնդիր Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Այս բոլորի լոյսին տակ Վեհափառը ըսաւ, թէ «ռազմավարական ու մարտավարական նոր մօտեցումներ հարկ է որդեգրել, նոր զարգացումներու լոյսին տակ»։

               

Ապա Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ միջազգային օրէնքին պարզած թէ՛ դժուարութիւններուն եւ թէ կարելիութիւններուն։ Այս ծիրէն ներս Վեհափառը ըսաւ, թէ «հակառակ այն իրողութեան որ 1948-ին Ցեղասպանութիւնը որպէս օրէնքի սահմանում մուտք գործեց միջազգային օրէնքէն ներս, սակայն ազգ մը ոչնչացնելու Օսմանեան Թուրքիոյ ծրագիրը միջազգային օրէնքի տուեալներով կը նկատուի Ցեղասպանութիւն»։ Մեկնելով այս իրողութենէն Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, թէ «Ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ եւ հետեւաբար ցեղասպանը պէտք է պատժուի եւ հատուցում տայ Ցեղասպանութեան զոհուածներու յաջորդներուն»։

               

Խօսելով միջազգային օրէնքի տուեալներուն մասին, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց հատուցման առաջնահերթութիւն տալու հրամայականը. «Հայ ժողովուրդը հսկայ կալուածներ, նիւթական, մշակութային ու հոգեւոր հսկայ հարստութիւն թողած է Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ։ Անոնք Թուրքիոյ սահմանումով “լքուած” կալուածներ չեն կրնար նկատուիլ։ Մէկ ու կէս միլիոն հայեր ջարդուեցան, իսկ մնացեալ հայերը պարտադրաբար աքսորուեցան՝ իրենց ետին ձգելով իրենց ինչքերը։ Հետեւաբար այդ կալուածներու ու ինչքերու իրաւատէրը Հայ ժողովուրդն է միջազգային օրէնքներու տուեալներու լոյսին տակ», ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս:

 

Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը յատկապէս անդրադարձաւ Հայոց եկեղեցիներուն, ու ըսաւ. «Յստակ տուեալներու համաձայն շուրջ 2000 եկեղեցիներ եւ ուխտավայրեր ունեցած է Հայ ժողովուրդը Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ։ Անոնցմէ ոմանք քանդուած են, ուրիշներ մզկիթի, ախոռի, ճաշարանի, թանգարանի եւ այլ հանրային վայրերու վերածուած։ Միթէ Թուրքիան կրնա՞յ ուրանալ, որ այսօր այլապէս գործածուող եկեղեցիները Հայ ժողովուրդի պատկանող եկեղեցիներ եղած են»։

               

Ապա Վեհափառ Հայրապետը  ըսաւ. «Ինչո՞ւ Թուրքիոյ վարչապետը լուռ կը մնայ, երբ իրեն ուղղած մեր նամակին մէջ այս մասին անդրադարձանք։ Ինչո՞ւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը լուռ կը մնայ երկու Վեհափառ Հայրապետներու միացեալ կոչին՝ ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը, հատուցում տալու Հայ ժողովուրդին ու վերադարձնելու Հայոց եկեղեցիները»։

               

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Եթէ Թուրքիան նախանձախնդիր է մարդկային իրաւունքներու նկտմամբ,  եթէ Թուրքիան կը հաւատայ կրօններու, մշակոյթներու ու ազգերու խաղաղ գոյակցութեան, Հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքներու նկատմամբ գործնական առաջին քայլ մը կրնայ առնել  վերադարձնելով Հայոց եկեղեցիները»։

               

Յայտնենք, որ Ցեղասպանութեան գծով համագումարին իրենց խօսքը ուղղեցին շարք մը օտար հանրածանօթ մասնագէտներ:

                                                                                                                                               

More News