6 Հոկտեմբերի, 2013

Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ Աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան

3-7 Հոկտեմբեր 2013 Լոնտոնի մէջ, գումարուեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ աստուծաբանական պաշտօնական երկխօսութեան յանձնախումբի երկրորդ ժողովը:

 

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցան Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ Հոգշ. Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:

 

Ժողովին ատենապետեցին Նարեկ Սրբազան եւ Ճեֆրի Ռաուլ Եպիսկոպոս։

 

Ժողովականներ քննարկեցին Ս. Հոգիի բխման վարդապետութիւնը եւ 2002-ին ստորագրուած քրիստոսաբանական համաձայնագիրը։

 

Շաբաթ, 5 Հոկտեմբեր, ժողովականներ այցելեցին Ղպտի ուղղափառ եկեղեցին, ուր երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին աղօթեցին Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար եւ համայնքի հաւատացեալներուն հետ ընթրեցին։

 

Կիրակի 6 Հոկտեմբեր, ժողովականներ ներկայ գտնուեցան Անկլիգան Սուրբ Պատարագին եւ ապա ճաշի հիւրը եղան Գենթըրպըրիի նորընտիր Արքեպիսկոպոս Ճասթըն Ուելպիին։

 

Յանձնախումբի յաջորդ ժողովը տեղի պիտի ունենայ 13-17 Հոկտեմբեր 2014-ին, Գահիրէի մէջ։

 

More News