6 Հոկտեմբերի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պարգեւատրեց Տէր եւ Տիկին Միհրան եւ Զարմինէ Քիւրտօղլեանները

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Կիրակի 6 Հոկտեմբեր 2013–ի առաւօտեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Կաթողիկոսարանի Վեհարանի Դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Տէր եւ Տիկին Միհրան եւ Զարմինէ Քիւրտօղլեանները:

 

Տիար Միհրան Քիւրտօղլեան, եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սան։ Դպրեվանքի ուսումնական տարիներէն ետք շարունակած է իր կեանքը ազգային-կրթական ծառայական կեանքէն ներս։ Երկար տարիներ եղած է դպրոցի ուսուցիչ ու ապա տնօրէն։ Ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ։ Հեղինակ է Հայոց Պատմութեան դասագիրքի (երեք հատոր)։ Տիկին Զարմինէ Քիւրտօղլեան, երկար տարիներու մանկավարժ ուսուցչուհի եւ մանկապարտիզպանուհի եղած է։ Ծառայած է Լիբանանի եւ Յունաստանի հայկական դպրոցներէն ներս։

 

Յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանի Դահլիճին մէջ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Եպս. Տողրամաճեանը բացման խօսք կատարեց, որու ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, եւ ապա անդրադարձաւ Քիւրտօղլեան զոյգին կրթական մարզէն ներս անոնց կատարած ներդրումին մասին։ Ապա, Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանը որպէս դասընկեր խօսք առնելով, մեծապէս գնահատեց Քիւրտօղլեան զոյգը, եւ խօսեցաւ անոնց կատարած ծառայութիւններու մասին անցնող տարիներու ընթացքին։

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրական խօսքը ուղղեց Քիւրտօղլեան զոյգին, բարձրօրէն գնահատեց անոնց նուիրուածութիւնն ու կապուածութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Նորին Սրբութիւնը խօսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մարդու արժեւորման ունեցած արժէչափին, ըսաւ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մարդուն տուած արժէչափը տարբեր է։ Մենք մարդը չենք գնահատեր իր ուսումով, վկայականով կամ գիտութեամբ։ Առաւել եւս, Մենք մարդը չենք գնահատեր իր ունեցուածքով, այլ՝ Մենք մարդը կը գնահատենք իր մէջ ունեցած Հայու ոգիով»։ Ու խօսքը ուղղելով Քիւրտօղլեան ամոլին, ըսաւ «Քիւրտօղլեան ամոլը Հայու այդ ոգիով ապրեցան նախ եւ առաջ իրենք, ու այդ նոյն ոգին փոխանցեցին իրենց զաւակներուն ու ապա այդ ոգին ջամբեցին ամէն տեղ ուր որ իրենց առիթ եղաւ գործելու»։

 

Վեհափառ Հայրապետին խօսքէն ետք Հոգշ Տ Վարանդ Վրդ Քորթմոսեան ընթերցեց Նորին Սրբութեան Կոնդակը, որմէ ետք Ն,Ս,Օ,Տ,Տ, Արամ Ա, Վեհափառ Հայրապետը պարգեւատրեց Քիւրտօղլեան Ամոլը։ Աւարտին, խօսք առնելով Պրն. Միհրան Քիւրտօղլեանը, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին այս գեղեցիկ ու թանկագին առիթին համար, որ իր եւ իր տիկնոջ համար պատասխան մը հանդիսացաւ անցնող երկար տարիներու ընթացքին երկարող իրենց տարած աշխատանքին ու գործունէութեան կրթական-ազգային մարզերէն ներս։

More News