5 Հոկտեմբերի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Իրանի դեսպանը

Շաբաթ 5 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Պիքֆայայի Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան՝ Ղատանֆար Ապատին։

 

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներքին կացութեան ու յատկապէս նոր կառավարութեան կազմութեան, Սուրիոյ տագնապին եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի կացութեան, ինչպէս նաեւ իրանահայութեան առնչուած շարք մը հարցեր ու մարտահրաւէրներ։

More News