28 Սեպտեմբերի, 2013

Նախագահ Սարգսեան հիւրընկալեց Գարեգին Բ. Եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը:

 

Նախագահը եւ երկու կաթողիկոսները անդրադարձան Սուրբ Էջմիածինի մէջ հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովի ընթացքին տուած որոշումներուն, քննարկած արդիական հարցերուն, որոնք եկեղեցաբանական, ծիսական խնդիրներէն բացի, ներառած են նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեան եւ մայր հայրենիքին առջեւ դրուած կարեւորագոյն հարցերը եւ մարտահրաւէրները, Սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ հայապահպանման ուղղուած աշխատանքները եւ պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւնները:

 

Հոգեւոր առաջնորդները անգամ մը եւս կարեւոր նկատեցին Նախագահին մասնակցութիւնը Եպիսկոպոսաց ժողովի բացման, Հանրապետութեան Նախագահի խօսքին մէջ տեղ գտած համազգային կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերը եւ անոնց նկատմամբ պետութեան դիրքորոշումները:

 

Ապա, երկու Վեհափառ Հայրապետները նախաճաշի հիւրը եղան Պարոն Նախագահին։

 

More News