22 September, 2013

«Հայաստանի անկախութեան ամրապնդումը իւրաքանչիւր հայուն սրբազան պարտաւորութիւնն է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետ

«Հայաստանի անկախութեան ամրապնդումը իւրաքանչիւր հայուն սրբազան պարտաւորութիւնն է»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՀԱՅՐԱՊԵՏ

 

Այսօր, Կիրակի 22 Սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Մատրան մէջ, տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք Հայաստանի անկախութեան 22-րդ տարեդարձին առիթով, հանդիսապետութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին։ Հանրապետական Մաղթանք նաեւ կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր եկեղեցիներէն ներս։

 

Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը յայտարարեց. «Այսօր, աղօթեցինք մեր եկեղեցիներէն ներս, որ Աստուած պահէ ու պահպանէ մեր հայրենիքը, ամրապնդէ մեր պետականութեան հիմերը ու բարօրութիւն շնորհէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, հայրենիքէն ներս թէ դուրս։ Աղօթեցինք Հայաստանի իշխանութեան, բանակին ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար։ Արդարեւ, անկախութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է տրուած մեր ժողովուրդին, պէտք է երախտապարտ ըլլանք Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս անկախութիւն շնորհեց մեր հայրենիքին»։

 

Շարունակելով իր խօսքը Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Դժուար եղան անկախութեան վերահաստատման տարիները։ Սակայն, մեր ժողովուրդը շնորհիւ իր ունեցած ամուր հաւատքին ու վճռակամութեան կրցաւ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւններուն, եւ այսօր մեր հայրենիքին անկախութիւնը առաւել հզօրացման մէջ է։ Արդ, իւրաքանչիւր հայու սրբազան պարտականութիւն ու պարտաւորութիւնն է մասնակից դառնալ մեր անկախութեան սրբազան առաքելութեան։ Արդարեւ, հայրենիքը սոսկ հող ու կառոյց չէ, այլ՝ էապէս ժողովուրդն է։ Հայրենի ժողովուրդին տնտեսական կեանքի բարելաւումը ու անոր ամուր կապուածութիւնը իր հողին՝ երաշխիքն են Հայաստանի անկախութեան հզօրացման։ Այս ուղղութեամբ պէտք է աշխատին հայրենի իշխանութիւնը, մեր եկեղեցին, սփիւռքը, որովհետեւ մեր հայրենիքի անկախութեան հզօրացումը կ՛ենթադրէ Հայաստանէն արտագաղթի կասեցումը եւ շարունակուուղ փտտածութեան դադարեցումը։ Հայրենիքի հզօրացումը նաեւ կ՛ենթադրէ մեր եկեղեցւոյ, մեր քաղաքական ու ազգային բոլոր կառոյցներուն ամբողջական մասնակցութիւնը հայրենաշինութեան նուիրական գործին»։

 

Վեհափառ Հայրապետը եզրափակեց իր խօսքը, ըսելով. «Այս տեսիլքով ու յանձնառութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել Հայաստանի անկախութեան հզօրացման եւ հայրենաշինութեան գործին, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի ազգային պահանջատիրութեան նուիրական գործին»։

More News