18 September, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընկերային Ծառայութեան հանդիպումին

17-18 Սեպտեմբեր 2013, Պէյրութի մէջ, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի «Ծառայութիւն եւ Ընկերային Արդարութիւն» Միաւորի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը՝ «21-րդ դարու ընկերային ծառայութեան աստուածաբանութիւնը» թեմայով։

 

Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բենդէզեան, Հոգշ. Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան, Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան եւ Հոգշ. Տ. Վաչէ Աբղ. Պալըգճեան, ինչպէս նաեւ զանազան համայնքներէ եւ Լիբանանի մէջ գործող բարեսիրական հաստատութիւններէ ներկայացուցիչներ։

 

Խորհրդակցական հանդիպումի ընթացքին ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուեցաւ ընկերային ծառայութեան պատկերը Աստուածաշունչին մէջ եւ տեղական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ։ Ապա, քննարկուեցան ընկերային ծառայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները։

 

Ժողովականներ նաեւ այցելելեցին եկեղեցիներու հովանին վայելող ընկերային ծառայութեան զանազան հաստատութիւններ։

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան հայրերը ներկայացուցին ընկերային ծառայութեան գծով Հայ Եկեղեցւոյ կատարած աշխատանքները։

 

More News