14 September, 2013

ՀԵՀՈՄ-ի վարչութիւնը այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Հինգշաբթի 12 Սեպտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀԵՀՈՄ-ի Վարչութեան։

 

Վարչութիւնը տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետին իր ունեցած յառաջիկայ ծրագիրներու մասին։ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով Վարչութեան աշխատանքները ու մշակած նոր ծրագիրները, շեշտեց Համալսարանական Հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները համախմբող այս միութեան կարեւոր դերը մեր ժողովուրդին ու յատկապէս լիբանանահայութեան կեանքէն ներս։

 

Վեհափառը յիշեցուց նաեւ որ բազամթիւ ՀԵՀՈՄ-ականներ այսօր բարձր դիրքերու հասած են ու կը ծառայեն մեր ժողովուրդին մեր բոլոր գաղութներէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ յայտնեց որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով ՀԵՀՈՄ-ականներ կը շարունակեն մասնակցիլ միջազգային, միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական համագումարներու։ Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը տեղեկացուց որ ՀԵՀՈՄ-ի անդամ երկու Հայ օրիորդներ մաս պիտի կազմեն յառաջիկայ Հոկտեմբերին Հարաւային Քորիայի մէջ տեղի ունենալիք Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Համաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան։

 

More News