14 September, 2013

Գեղարուեստական յայտագիր Դպրեվանքէն ներս

Շաբաթ 14 Սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Դպրեվանքի դաշնակի դասընթացքներու հետեւող վեց ուսանողներ, մէկ տարուան հետեւողական աշխատանքէ ետք, ելոյթ ունեցան Դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահէն ներս։ Ելոյթին ներկայ էր նաեւ դաշնակի դասատու՝ Օրդ. Յասմիկ Գասպարեան։

 

Ելոյթին բացման խօսքը կատարեց Ա. Ընծայարանի ուսանող՝ Խաչիկ Առաքելեան։ Ան ամփոփ կէտերով ներկայացուց երաժշտութեան պատմութեան հոլովոյթը, տիեզերքի ստեղծագործութենէն մինչեւ այսօր։

 

Բացման խօսքէն ետք հերթաբար բեմ բարձրացան՝ Հրայր Սրկ. Տաղլեան, Սարգիս Կիս. Սրկ. Աճէմեան, Յարութիւն Կիս. Սրկ. Կիւլոյեան, Ժան Սէլլումեան, Նուպար Փամփալեան եւ Ճորճ Թէնէքէճեան։ Անոնք նուագեցին Կոմիտաս Վարդապետէն, Արամ Խաչատուրեանէն, Պէթհովընէն եւ այլ դասական երաժշտութեան հեղինակներու գործերէն։

 

Փակման խօսքը կատարեց Դպրեվանքի Փոխ-Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանը։ Հայր Սուրբը նախ Տեսչութեան անունով բարձր գնահատեց դաշնակահարները, որոնք իրենց դասատուին՝ Օրդ. Յասմիկ Գասպարեանի ցուցմունքներով եւ անմիջական հսկողութեամբ բեմ բարձրացան, եւ իրենց աշխատանքի երախայրիքը ներկայացուցին Տեսչութեան եւ իրենց դպրեվանեցի եղբայրներուն։

More News