6 Ապրիլի, 2006

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամը ուղղուած Գրողներու Համահայկական Գ. Համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, 6-էն 9 Ապրիլ 2006-ին

ՀԱՅ ԳՐՈՂԸ՝

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՋԱՀԱԿԻՐ

 

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին ուղղուած Գրողներու Համահայկական Գ. Համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, 6-էն 9 Ապրիլ 2006-ին։

 

Գրողներու Համահայկական Երրորդ Համագումարի բացման սա հանդիսաւոր պահուն, Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունեմ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Ռոպէր Քոչարեանը։ Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունեմ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական սիրով կ’ողջունեմ ձեզ՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հաւատաւոր աշակերտներ։

Արդարեւ, որքա՜ն գօտեպնդիչ է սա երեւոյթը մեր ազգային կեանքէն ներս, երբ համահայկականը, հաւաքականը, ընդհանրականը կը դառնայ մեր մտածումներուն, մեր մտահոգութիւններուն, մեր ծրագրումներուն, մեր կեանքի՛ն առանցքը, մղիչ ոյժը եւ առաջնահերթութիւնը։ Որքան մենք շեշտը դնենք համահայկականին վրայ, այնքան կը զօրանան մեր ազգն ու հայրենիքը։

Եկած էք դուք, հայ գիրի ու գրականութեան յանձնառու առաքեալներ, մայր հայրենիքէն ու հերոսական Ղարաբաղէն. եկած էք իր հայութիւնը հաւատարմօրէն ապրող լայնատարած Սփիւռքի բոլո՛ր անկիւններէն։ Եկած էք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքը, հայ գրերու գիւտին 1600-ամեակի շունչով ու ոգիով, խորհուրդով ու պատգամով օծուն այս օրերուն՝ հայ գրողի կոչումի խոր գիտակցութեամբ ու սրբազան նախանձախնդրութեամբ հաւաքական քննութեան ու արժեւորումի ենթարկելու արդի հայ գրականութիւնը եւ նոր աշխարհայեացքներով ու մարտահրաւէրներով աւելի՛ հարստացնելու զայն։

 

*

* *

ԱՆԹԻԼԻԱՍԸ՝ ՀԱՒԱՏՔԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԱԶԳԱՇԷՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ

 

Հոգեւոր այս կեդրոնը, սիրելի՛ գրողներ, ձեր բոլորին, մեր ժողովուրդի բոլո՛ր զաւակներուն տունն է, ուր, բանաստեղծ ուսուցչիս, Մ. Իշխանին բառերով՝

«… կը մտնէ ամէ՛ն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ,

Կը ստանայ սէր ու սնունդ, սրտի հպարտ ցնծութիւն,

Եւ բորեանէն ու բուքէն հոն կը մնայ միշտ ազատ…»։

Հայրապետական այս Սուրբ Աթոռը դարձաւ — պատմութի՛ւնը վկայ — յատկապէս ցեղասպանութենէն յետոյ, Սփիւռքի օտար ու օտարացնող ճամբաներուն վրայ մեր ժողովուրդին զաւակները համախմբող, անոնց հոգեմտաւոր սնունդ հայթայթող, զանոնք բարոյական արժէքներով ու ազգային երազներով սնուցող, եւ կեանքի ընկլուզող ալիքներէն ու ամեհի փոթորիկներէն պաշտպանող հաւատքի տունը մեր ազգին։ Այս գիտակից յանձնառութեամբ Հայկական Կիլիկիոյ այս Հոգեւոր Տունը մեր ժողովուրդը առաջնորդեց մահէն դէպի կեանք, խաչէն դէպի յարութիւն, իր հաւատքի առաքելութեամբ վկայելով անմահանուն Թէքէեանի բառերով՝

«Յարութեան շո՛ւնչն է ահա, ջարդակոտոր ա՛զգդ իմ,

Հորիզոնէն ծայր տուած՝ որ կը փչէ մարմնոյդ վրայ…»

«Յարութեան շունչ»ին կենդանի աղբիւրը եւ յանձնառու կենսագործիչը դարձաւ իր ժողովուրդին հետ Տէր Զօրէն անցած եւ վերանորոգ կեանքով ու յոյսով հզօրացած այս Սուրբ Աթոռը։

Անթիլիասի առաքելութեան առանցքը եղաւ Քրիստոսի Սուրբ Աւետարանը՝ իր աստուածային ճշմարտութիւններով, հոգեւոր արժէքներով ու բարոյական սկզբունքներով։

Այդ առաքելութեան մէջ հայ մշակոյթը միշտ մնաց ճառագայթող ներկայութիւն՝ իր բոլոր տարածքներով ու արտայայտութիւններով։

Այդ առաքելութեան մէջ հայ դպրոցը իր կեդրոնական տեղը ունեցաւ՝ իր մարդակերտումի ու հայակերտումի եզակի դերով։

Տակաւին, այդ առաքելութեան կենսական բնագաւառներէն մէկը դարձաւ մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման պայքարը։

Այլ խօսքով, Կաթողիկոսական այս Աթոռին առաքելութեան դաշտը էապէս ու գերազանցօրէն հանդիսացաւ մեր ժողովուրդը՝ իր տագնապներով ու կարիքներով, իր մարտնչումներով ու երազներով, իր համայնակա՛ն կեանքով։

Նո՛յնն է այսօր սրբազան առաքելութիւնը Հայրապետական դարաւոր այս Աթոռին։ Ուրիշ բան չի՛ կրնար ըլլալ։ Եկեղեցին քար ու կառոյց չէ. եկեղեցին ժողովո՛ւրդն է։ Եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան մէջ անհրաժեշտ է որ ժողովո՛ւրդը արտացոլայ իր կեանքի բոլոր երեսներով ու բնագաւառներով, իր ո՛ղջ լինելութեամբ։ Մեր եկեղեցին ազգային չէ միայն իր նկարագրով ու ժողովրդավար կառոյցով։ Ազգայի՛ն է մեր եկեղեցին՝ մանաւանդ իր հէնքով ու ոգիով, իր ազգակերտումի առաքելութեամբ եւ ազգանուէր ծառայութեամբ։ Եկեղեցւոյ ինքնութիւնը իր հաւատքի առաքելութեան մէջ է. իսկ եկեղեցւոյ հզօրութիւնը՝ իր ծառայութեան մէջ։ Այս ինքնաճանաչումէն մղուած, եւ ազգին ու հայրենիքին ծառայելու նպատակասլաց տեսիլքով առաջնորդուած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վերանորոգ հաւատքով կը շարունակէ իր բազմատարած առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։

 

*

* *

 

ՀԱՅ ԳՐՈՂԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱՑ

 

Գրողներու Համահայկական այս Երրորդ Համագումարին ընդհանուր թեման է՝ Հայ գրականութիւնը համաշխարհայնացումի մարտահրաւէրներուն դիմաց։

Տեսական, վերացական կամ ակադեմական բնոյթի խնդիրներ քննարկելու հրաւէր մը չէ այս թեման. այլ՝ մեր ամէնօրեայ կեանքին հետ սերտ աղերս ունեցող հիմնահարցեր դիմագրաւելու մարտահրաւէր մը։ Ես ա՛յս հայեցակէտով կը դիտեմ համագումարին աշխատանքը ու նպատակը։

Արդարեւ, ոե՛ւէ գրականութիւն ներքին լճացումի կը դատապարտուի՝ երբ անոր պակսի հոգեմտաւոր ստեղծագործական կիրքը ու ճիգը. երբ ան ընկերութեան կեանքը փոթորկող տագնապներուն ու բեւեռացումներուն դիմաց կեցուածք ճշդելու եւ առաջնորդողի դերը ստանձնելու  քաջութիւնը չ’ունենայ. երբ ան կարող չէ «ժամանակին նշանները» (Մատթ. 16։3) կարդալու ու նոր հորիզոններուն բացուելու։ Հետեւաբար, իմ սպասումս է որ գոյութենական հայեացքով, իրապաշտ մօտեցումով ու քննական ոգիով դիտէք արդի հայ գրականութիւնը համաշխարհայնացումի մարտահրաւէրներուն դիմաց։

Մարդկային ներկայ կեանքը իր բոլոր երեսներով ու արտայայտութիւններով իր մէջ պարփակող անսովոր երեւոյթ մըն է համաշխարհայնացումը։ Ոմանք զայն կը նկատեն համամարդկային նոր գաղափարախօսութիւն. ուրիշներ` տնտեսա-քաղաքական դրութիւն. տակաւին ուրիշներ զայն կը բնորոշեն որպէս ընկերա-մշակութային արժէքներու նոր համակարգ կամ տեղեկատուական ճարտարագիտութեան աննախընթաց զարգացման մէկ շօշափելի արտայայտութիւնը։ Իմ տեսակէտով այս բոլո՛րն է համաշխարհայնացումը միաժամանակ. եւ յիշեալ որակումներէն անդին, ան իւրայատուկ մտածելակերպ, գործելակերպ ու կենցաղակերպ է՝ իր ինքնուրոյն ոճով ու գաղափարաբանութեամբ, լեզուով ու մշակոյթով։

Եթէ տակաւին երէկ, Շահնուրի բառերով, կը նահանջէին արժէք ու ինքնութիւն աշխարհաքաղաքացի դարձած հայու կեանքէն ներս, այսօր անոնք քանդումի անմիջական վտանգին են ենթակայ համաշխարհայնացումի սարսափազդու ալիքներուն դիմաց թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ։ Մեր “փոքր ածու”ն ո՛չ կրնայ հակադրուիլ եւ ո՛չ ալ համակերպիլ արժէք ու արժեչափ շրջանցող, ինքնութիւն ու յարաբերութիւն այլափոխող, ընտանիք ու համայնք քանդող համաշխարհայնացումին։ Մեր առջեւ բացուած ամէնէն ապահով ճամբան երկխօսութիւնն է համաշխարհայնացումին հետ՝ անկէ առնելու համար ինչ որ դրական է, ինչպէս նաեւ հեռու պահելու, որքան որ հնարաւոր է, ինչ որ վնասաբեր է մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն, մեր ըմբռնումներուն, մեր ինքնութեան։

Այս երկխօսութեան մէջ վճռական դեր ունի մեր ժողովուրդի հոգեկան փոթորկումներուն, սրտի զարկերուն, մտքի յղացքներուն, կեանքի երգին ու վէրքին հարազատ թարգմանը եղող ընդհանրապէս մշակոյթը եւ մասնաւորաբար գրականութիւնը։ Այս որոշակի դերը հայ գրականութեան ես կը պատկերացնեմ հետեւեալ կերպով.-

Առաջին, մեր գրականութիւնը անցեալին նայելէ աւելի պէտք է տեսիլքը ունենայ ապագայի՛ն նայելու ու նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու։

Երկրորդ, մեր գրականութիւնը ինքնակեդրոն իր մօտեցումէն պէտք է ձերբազատուի ու քաջութիւնը ունենայ իր շրջապատին հետ շինիչ փոխյարաբերութիւն ստեղծելու։

Երրորդ, առանց հայկականէն հեռանալու, համամարդկայինին աւելի՛ մօտենալու ինքնավստահութեամբ պէտք է կենսաւորուի  հայ գրականութիւնը։

Արդարեւ, դէպի ուրիշը, դէպի շրջապատը ու համամարդկայինը բացուելու ճիգը մնայուն ձգտում է եղած մեր գրականութեան մէջ, մատենագրութենէն սկսեալ մինչեւ միջին դարեր, վերածնունդէն սկսեալ մինչեւ արդի շրջանը։ Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ սակայն, անհրաժեշտ է որ հայ գրականութիւնը աւելի՛ մօտէն ու հետեւողական կերպով քայլ պահէ աշխարհի յարափոփոխ պայմաններուն ու հետզհետէ բազմացող մարտահրաւէրներուն հետ։ Նման ոգիով ու մօտեցումով մշակուած գրականութիւն մը վստահաբար փոխադարձաբար հարստացուցիչ երկխօսութիւն մը պիտի յառաջացնէ հայուն եւ իր անմիջական դրացին դարձած օտարին միջեւ։ Ես փորձառաբար կը հաւատամ, որ ա՛յս գիտակցութեամբ ու հեռանկարով տեղի ունեցող երկխօսութիւն մը հայը օտարին օտարացնող ճամբան պիտի չառաջնորդէ. այլ, ընդհակառակը, հայուն մէջ հայը աւելի՛ պիտի բիւրեղացնէ՝ միաժամանակ հայը մղելով ճանչնալու եւ յարգելու օտարը, ինչպէս նաեւ իր տեղը ու դերը յստակօրէն տեսնելու ու արժեւորելու ազգերու համանուագին մէջ։

Վստահ եմ որ այս հարցերը լայնօրէն պիտի քննարկուին համագումարի ընթացքին։

 

*

* *

ՀԱՅ ԳՐՈՂԸ՝ ՎԿԱՆ ՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆԸ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ

 

Դուք, սիրելի՛ գրողներ, Համայհայկական Երրորդ Համագումարը կը կայացնէք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վեհարանին մէջ։ Սովորական վայր մը չէ այս սրահը. կրօնական ու ազգային բարձրագոյն ժողովներ կը գումարուին հոս։ Ձեր ներկայութիւնը այս նուիրական յարկին տակ, պերճախօս վկայութիւն մըն է ձեր անձերուն ու առաքելութեան նկատմամբ մեր եկեղեցւոյ եւ անձնապէս իմ ունեցած բարձր գնահատանքին ու մեծ ակնկալութեան։

 

Դուք սովորական մարդեր չէք՝ սովորական գործի լծուած։ Սովորական մարդիկ իրաւունք չունի՛ն “գրող” անունին արժանանալու. եւ գրողները իրենք իրաւունք չունին սովորական մարդ մնալու։ Ան որ ինքզինք ընծայած է իր անձէն վեր ու անդին նուիրական ու ընդհանրական նպատակի մը, ան առաքեալ է՝ բառին վաւերական իմաստով։ Առաքեա՛լ է, հետեւաբար, գրողը. առաքեալ՝ իր էութեամբ ու կոչումով։ Ու ինծի համար գրողը ամէ՛ն բանէ առաջ ու ամէն բանէ վեր ճշմարտութեա՛ն առաքեալն է, ճշմարտութեան վկան, ճշմարտութեան քարոզիչը։ Ի՜նչ սրբազան բայց դժուարին առաքելութեան է կոչուած գրողը…։

 

Եթէ այսօր Պիղատոսի նման հարց տրուի թէ՝ «ի՞նչ է Ճշմարտութիւնը» (Յովհ. 18։ 38), ես պիտի ըսեմ՝

 

— Ճշմարտութիւնը հայ գրողին համար իրա՛ւն է՝ կեղծին դիմաց, որ սկսած է ահեղօրէն կրծել մեր կեանքը։

 

— Ճշմարտութիւնը վաւերակա՛նն է՝ մակերեսայինին դիմաց, որ իր տիրապետութիւնը սկսած է հաստատել մեր կեանքին մէջ, քիչ մը ամէ՛ն տեղ։

 

— Ճշմարտութիւնը գեղեցի՛կն է՝ տգեղին դիմաց, որ շլացուցիչ գոյներուն ետին սկսած է մթագնել մեր կեանքի երկնակամարը։

 

— Ճշմարտութիւնը բա՛րին է՝ չարին դիմաց, որ իր խայտաբղէտ ձեւերով սկսած է մոլորեցնել մեր մտաւորականները, մեր հոգեւորականները, մեր պետական պատասխանատուները։

 

— Ճշմարտութիւնը ոգի՛ն է՝ նիւթին դիմաց, որ սկսած է արժեչափի վերածուիլ մեր կեանքի բոլո՛ր մարզերէն ներս։

 

— Ճշմարտութիւնը յաւիտենակա՛նն է՝ ժամանակաւորին դիմաց, որ հոգեպէս ու բարոյապէս քանդիչ վարքագիծով սկսած է մեր կեանքի նաւը առաջնորդել անորոշ ուղղութեամբ։

 

Այլ խօսքով, Ճշմարտութիւնը հայ գրողին համար, հայո՛ւն համար արժէքներու այն համակարգն է, որ խարսխուած է Աստուածաշնչական սկզբունքներուն վրայ, մեր ազգին հոգեմտաւոր ժառանգութեան վրայ, համամարդկային արժէքներու վրայ։ Ճշմարտութեան կենսագործման առաքեալը ու անոր պաշտպանութեան քաջ զինուորը ըլլալու կոչուած է հայ գրողը ամէ՛ն տեղ ու բոլո՛ր պայմաններուն մէջ։

 

Ճշմարտութեան դիմաց նահանջելը, ճշմարտութիւնը ուրանալը համազօր է դասալքութեան. իսկ ճշմարտութիւնը պաշտպանելը հերոսութիւն է։

 

Հերոս էր Պղատոն, երբ ըսաւ թէ Սոկրատը կը սիրեմ, բայց ճշմարտութիւնը աւելի՛ կը սիրեմ։

 

Հերոս էր Վարդան Մամիկոնեան, երբ մերժեց Յազկերտի հաւատուրացութեան սպառնալիքը։

 

Հերոս էր Գերմանացի մեծ աստուածաբան Պէնհոֆըր, երբ բանտային ահաւոր տանջանքներուն մէջ իսկ “ո՛չ” ըսաւ Հիթլէրին։

 

Լեցուն է ազգերու պատմութիւնը յայտնի թէ անյայտ հերոսներով, որոնք իրենց գրիչով թէ խօսքով, իրենց կեանքով թէ արիւնով “ո՛չ” ըսին ճշմարտութիւնը եղծելու կամ մերժելու փորձերուն ու փորձիչներուն, եւ ամրօրէն կառչած մնացին ճշմարտութեան։

 

Պատմութիւնը հերոսներով կը կերտուի։ Կեղծերը, վարձկանները, դասալիքները կը փոշիանան պատմութեան գլանին տակ։

 

Այս օրերուն ճշմարտութիւնը ուրի՜շ տեղեր կը փնտռենք, դժբա՛խտաբար։ Կեղծիքը, շահը, ժամանակաւորը, անձը ճշմարտութեան ենք վերածած։ Յաճախ ձեւը ու ձեւականը կը շփոթենք խորքին ու որակին հետ։ Ճշմարտութիւնը երբեմն կը նոյնացնենք հանգամանքին հետ։ Ճշմարտութիւնը այլափոխող մօտեցումներու ու արժեչափերու գերին ենք դարձած։ Ճշմարտութեան փնտռտուքին մէջ յաճախ երկդիմի չափեր ու չափանիշեր կը գործածենք։ Իսկ ճշմարտութեան պաշտպանութեան մէջ կը նահանջենք՝ շահադիտական մտահոգութիւններէ մեկնած…։

 

Եկէք, լսենք խօսքը Սաղմոսերգուին.-

 

Ճշմարտութեան ճամբան ընտրեցի (119.30), Տէր. սորվեցուր ինծի եւ առաջնորդէ որ անխախտ մնամ ճշմարտութեանդ մէջ (25.5)։ Տէր, թոյլ մի՛ տար որ ճշմարտութիւնը խօսելէ դադրիմ(119.43). որովհետեւ Ճշմարտութիւնը իբրեւ զրահ պիտի պաշտպանէ (91.4) զիս։

 

Սա իւրաքանչիւր մտաւորականին, գրողին ու ղեկավարին ամէնօրեայ աղօթքը պէտք է դառնայ՝

 

Որպէսզի ան կարենայ քաջաբար վկայել ճշմարտութեան մասին, ամէ՛ն տեղ ու ամէ՛ն վայրկեան։

 

Որպէսզի ան կարենայ Նազովրեցի Յիսուսին նման մաքրել մեր ազգին ու հայրենիքին տաճարը նոր օրերու փերեզակներէ։

 

Որպէսզի ան կարենայ անվախօրէն խարազանել պետական պատասխանատուները, երբ անոնք կը կեղեքեն ժողովուրդը՝ փոխանակ անոր շահերը պաշտպանելու։

 

Որպէսզի ան կարենայ զգաստութեան հրաւիրել հոգեւորականները ու ազգային ղեկավարները, երբ անոնք փառքի ու մամոնային կը ծառայեն՝ փոխանակ ժողովուրդի՛ն ծառայելու։

 

Իրաւ գրականութիւնը ճշմարտութեան արձագանգն է, ճշմարտութեան հայելին է, Պարոյր Սեւակի բառերով՝ ճշմարտութեան “անլռելի զանգակատուն”ն է։ Իրաւ գրականութիւնը կեանքի երկունքներէն ու մաքառումներէն, տագնապներէն ու երազներէն իր հարազատ բղխումը կ’առնէ։ Հետեւաբար, ան ճշմարիտին՝ ո՛չ կեղծին, արժէքին՝ ո՛չ անձին, յաւիտենականին՝ ո՛չ ժամանակաւորին, ոգիին՝ ո՛չ նիւթին հաւատաւոր խնկարկուն է։ “Դէնտէնցաւոր” գրականութեան ժամանակը վաղո՜ւց անցած է։ “Տուրք տալը” ոեւէ իշխանութեան, կառոյցի կամ անձի, գրողին համար հեռացում է իր ճշմարիտ էութենէն, իր հարազատ կոչումէն։

 

Ճշմարտութիւնը, արժէքը, յաւիտենականը վաւերականօրէն արտայայտելու համար գրականութիւնը կարիքը չունի էջերու. բառի մը, պատկերի մը մէջ խտացած ճշմարտութիւնը աւելի կենդանի իրաւութեամբ կը ճառագայթէ ու ջերմութեամբ կը փոխանցուի, քան հազարաւոր տողերու մէջ բանաձեւուած գեղեցիկ մտածումներ։ Այսպէս, Նարեկացիին “ճենճերիլ”ը, Շնորհալիին “առաւօտ լուսոյ”ն, Խրիմեանի “երկաթէ շերեփ”ը, Վարուժանի “վարդահեղեղ արշալոյս”ը սոսկ բառեր չեն, այլ դարերէն եկող ու դարերուն գացող անստուեր ճըշմարտութեան անլռելի ղօղանջներ։

 

Ճշմարտութեան վկան,

Ճշմարտութեան պաշտպանը,

Ճշմարտութեան արձագանգը։

 

Այսպէ՛ս պէտք է ըլլայ իրաւ գրականութիւնը՝ իր ոգիով ու խորքով, իր մօտեցումով ու նպատակով։

 

Այսպէ՛ս պէտք է ըլլայ կոչումի գիտակցութեամբ մտածող ու ստեղծագործող գրողը իր կեանքով ու գրականութեամբ։

 

Ահա այն ատեն միայն գրողը կը դառնայ հերոս եւ իր գրականութիւնը հերոսի հաւատքով կերտուած յաւերժախօս վկայութիւն՝ գեղեցիկին, արժէքին, բարիին, իրաւին, յաւիտենականին, այլ խօսքով՝ ճշմարտութեա՛ն։

 

Որակով հարստացած ու ճշմարտութեամբ հզօրացած, հայկականով ամրացած ու համամարդկայինով գեղեցկացած հայ գրականութիւնը թող աւելի՛ ծաւալի ու ծաղկի եւ յաւերժանայ, իր հետ յաւերժացնելով հայը՝ իր հաւատքով, իր մշակոյթով, իր ինքնութեամբ, իր երազներով, իր հայրենիքով։

 

Յարգա՜նք Թարգմանչաց Սերունդի հաւատքին ու տեսիլքին հաւատարմութեամբ ստեղծագործած բոլոր դարերու մեր մտքի հսկաներուն։

 

Պատի՜ւ նո՛յն ոգիով ու յանձնառութեամբ պայքարող ու ստեղծագործող հայ գիրի ու գրականութեան նոր ժամանակներու մշակներուն, ճշմարտութեան ջահակիրներուն։

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Անթիլիաս, Լիբանան

More News