23 June, 2006

Հայրապետագան Գիր Օրհնութեան ՙՄէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ՚ Համահայկական Մշակութային Բ. Փառատօնին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք «Մէկ ազգ, Մէկ մշակոյթ» կարգախօսով տեղի ունեցող համահայկական մշակութային այս երկրորդ փառատօնը։ Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք յղացան, ծրագրեցին ու կեանքի վերածեցին մշակութային այս փառատօնը։ Մեր ջերմ գնահատանքը կը յայտնենք նաեւ բոլոր անոնց, հայրենիքէն, Ղարաբաղէն թէ Սփիւռքէն, որոնք իրենց գործօն ու գործնական մասնակցութիւնը բերին այս յոյժ կարեւոր նախաձեռնութեան։

 

Արդարեւ, մշակութային փառատօնը ազգի մը ոգեղէն արժէքներու փառատօնն է, անոր հոգեմտաւոր թռիչքներուն ու ձգտումներուն փառատօնն է, անոր գոյութեան ու ինքնութեան փառատօնն է, որովհետեւ մշակոյթը ազգի մը էութիւնն իսկ է, անոր լինելութեան կռուանն է ու յաւերժութեան երաշխիքը։

 

Այսպէ՛ս եղաւ հայ մշակոյթը մեզի համար, մեր ազգի ծնունդէն մինչեւ այսօր։ Մեր ազգին շունչ ու գոյն տուող, մեր ազգին թռիչք ու հաւատք ներարկող, մեր ազգին մութ ճամբաները լուսաւորող ոգեղէն ուժ դարձաւ հայ մշակոյթը իր բոլոր բնագաւառներով ու բոլոր արտայայտութիւններով։ Կարելի չէ ըմբռնել մեր ազգին պատմութիւնը առանց հայ մշակոյթին։ Մեր ազգի ինքնակերտումին ու մեր հայրենիքի հզօրութեան մէջ հայ մշակոյթը ճշդորոշիչ դեր ունեցաւ։ Մեր պատմութեան բոլոր ժամանակներուն, մեր կեանքի բոլոր անցուդարձերուն մէջ հայ մշակոյթը միշտ եղաւ առանցքային ներկայութիւն։ Հայ եկեղեցին հայ մշակոյթի ստեղծման ու զարգացման, հարստացման ու տարածման մէջ կենսական դեր ունեցաւ։ Ան ո՛չ միայն դարձաւ Բեթղեհէմը հայ մշակոյթին, այլ նաեւ անոր յանձնառու առաքեալը։

 

Հետեւաբար, այսօր մեր ազգը արդար հպարտութեամբ պէտք է տօնէ հայ մշակոյթի փառատօնը, այլ խօսքով՝ մշակութային արժէքներով ձեռք ձգուած ազգակերտ ու եկեղեցաշէն նուաճումներու փառատօնը, մշակութային արժէքներով հայրենիքը հզօրացնելու ու ազգը անմահացնելու փառատօնը, իր իսկ փառատօնը։

 

«Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ» փառատօնը յուշարար մըն է ուղղուած մեր ազգին, թէ՝ ներկայ համաշխարհայանցած աշխարհի միաձեւ ու միատեսակ մշակոյթին դէմ պէտք է պայքարիլ՝ հայ մշակութային արժէքները աւելի հարստացնելով ու մեր հոգեմտաւոր արժէքներով աւելի զինուելով։

 

«Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ» փառատօնը յուշարար մըն է ուղղուած հայրենի պետութեան, թէ՝ հրամայական է առաջնահերթութիւն տալ հայ մշակոյթի տարածման ու զարգացման նպաստող բոլոր նախաձեռնութիւններուն ու ձեռնարկներուն՝ պետական մաշտապով ու աջակցութեամբ։

 

Վերջապէս, «Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ» փառատօնը յուշարար մըն է ուղղուած մշակութային արժէքներու կենսագործման նուիրուած բոլոր կառոյցներուն ու անհատներուն, նոր որակ ու նոր շունչ տալու մեր մշակոյթին, միաժամանակ զայն պատշաճացնելով ներկայ ժամանակներու հրամայականներուն ու մարտահրաւէրներուն։

 

Բիւր փառք բոլոր անոնց, որոնք հայ մշակոյթը կերտեցին, հարստացուցին ու պահեցին՝ ծով զոհողութեամբ ու նոյնիսկ իրենց նահատակութեամբ։ Բիւր օրհնութիւն բոլոր անոնց, որոնք բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ու նախանձախնդրութեամբ լծուած են այսօր մեր ազգին հաւաքական կեանքէն ներս ու նաեւ օտար ազգերու մօտ մեր ոգեղէն արժէքներու տարածման նուիրական առաքելութեան։

 

                                                            Աղօթարար՝

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

More News