6 January, 2007

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը

ԲԵԹՂԵՀԷՄ՝ ՍԿԻԶԲԸ ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԻՆ

 

Նորադարձ քրիստոնեաներու կեանքին նոր որակ ու ուղղութիւն տալու անհրաժեշտութեան մասին խօսելով,  Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ՝ «Մոռցէք ձեր հին կեանքն ու նախկին գործերը, եւ նոր մարդ եղէք՝ ձեր Արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելով …» (Կղ 3. 10)։ Այլ խօսքով, Առաքեալը Քրիստոսի եկեղեցւոյ անդամներուն կը յիշեցնէ թէ քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ՝ նոր մարդ դառնալ ու նոր կեանք զգենուլ, նոր աշխարհի կենսագործման առաքեալը դառնալու համար։

 

Հին Կտակարանը Աստուծմէ հեռացած մարդուն, աստուածային ճշմարտութիւններէն ու արժէքներէն դատարկուած կեանքին, եւ իր հարազատ դիմագիծը եւ ուղղութիւնը կորսնցուցած աշխարհին պատմութիւնն է։ Նոր Կտակարանը Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ Քրիստոսի արիւնով ու յարութեամբ կնքուած Նոր Ուխտին, Աստուծոյ ու մարդու միջեւ հաստատուած հաշտութեան, եւ վերականգնեալ մարդուն ու վերաստեղծեալ աշխարհին պատմութիւնն է։

 

Հետեւաբար, հինը Աստուածաշունչին մէջ հոմանիշ է մեղքին, չարին, պատերազմին եւ մարդակեդրոն կեանքին ու աշխարհին. իսկ նորը՝ բարիին, սիրոյ, արդարութեան, խաղաղութեան եւ աստուածակեդրոն կեանքին ու աշխարհին։ Ան եկաւ հինը քանդելու եւ նո՛րը շինելու. «Ահաւասիկ ամէն ինչ նոր կը դարձնեմ» (Յյտ 21. 5)։ Բեթղեհէմի ճամբով յայտնուած աշխարհի Փրկիչը՝ դարձաւ նորի՛ն սերմնացանը, նորի՛ն պատգամախօսը։ Ահա խորհուրդը Բեթղեհէմին, որ դարձաւ Աստուծոյ Որդւոյն երկրաւոր առաքելութեան հէնքը ու նպատակը։

 

Ա՛յս իմաստով պէտք է ըմբռնել Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը։ Ա՛յս գիտակցութեամբ պէտք է ապրիլ քրիստոնէական կեանքը։ Ա՛յս յանձնառութեամբ պէտք է իրագործել մեր քրիստոնէական կոչումը։

 

Քրիստոս ՝ նոր մարդու պատկերը

 

Աստուած Ադամը, առաջին մարդը իր պատկերին համաձայն ստեղծած էր (Ծն 1. 26-30)։ «Աստուծոյ պատկեր» բացատրութիւնը հարկ է հասկնալ որպէս՝ տիեզերքի միւս արարածներէն տարբեր ըլլալու, բանականութեամբ օժտուած ըլլալու, բարին չարէն զատորոշելու ու Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ ըլլալու մարդուն շնորհուած աստուածատուր պարգեւ։ Սակայն իր մեղապարտ կեանքով ու չար գործերով մարդը եղծած էր աստուածային պատկերը ու հեռացած իր հարազատ ինքնութենէն ու ճշմարիտ կոչումէն։

 

Քրիստոս մարդուն մէջ Աստուծոյ անկեալ պատկերը վերականգնեց, եւ մարդկային բնութեան իւրացումով՝ վերանորոգեց մարդու ապականեալ բնութիւնը։ Այլ խօսքով, Քրիստոս վերստեղծեց մեղքերու մէջ խրած ու չարիքներով շրջապատուած մարդը։ Առաքեալը կ’ըսէ՝ «Ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է. այլեւս չէ այն ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ» (Բ. Կր 5. 17)։ Ահա թէ ինչու Քրիստոս նաեւ կը նկատուի որպէս «երկրորդ Ադամ» եւ իր առաքելութիւնը՝ որպէս «երկրորդ ստեղծագործութիւն»։ Սովորական իմաստով պէտք չէ ըմբռնել այս բացատրութիւնը. ան խորքը ու նպատակը կը կազմէ Քրիստոսի փրկագործական խորհուրդին։

 

Արդ, Քրիստոս Աստուծոյ Որդին ըլլալով, նա՛եւ նոր մարդու տիպարն է։ Առաքեալը կը յիշեցնէ մեզի՝ «նոր մարդ եղէք՝ ձեր Արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելով» (Կղ 3. 10)։ Քրիստոնեան Քրիստոսով վերածնած մարդն է։ Հետեւաբար, ան աշխարհի մոլոր ու կեղծ մարդերէն ու անոնց մոլորեցուցիչ ճամբաներէն հեռու պէտք է մնայ, եւ իր անձին ու գործին ընդմէջէն ճառագայթէ Քրիստոս որպէս «ճանապարհ, ճշմարտութիւն ու կեանք» (Յհ 14. 6)։ Ա՛յս է քրիստոնեայ ըլլալու ճշմարիտ կերպը, նոր մարդու ճանապարհը։

 

Քրիստոս՝ նոր կեանքի ճանապարհը

 

Կեանքը մարդագոյ չէ եւ ո՛չ ալ ինքնագոյ. անոր գոյութեան աղբիւրը Աստուած է։ Կեանքը ո՛չ միայն Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած ձրի պարգեւ մըն է, այլ նաեւ ան պէտք է ապրուի Աստուծոյ համար, աստուածային նպատակի համար։

 

Արդարեւ, մարդո՛ւ շահը, մարդո՛ւ հաճոյքը, մարդո՛ւ փառքը դարձած էր հին մարդու կեանքին առանցքը ու նպատակը։ Կեանքը կորսնցուցած էր իր աստուածաստեղծ որակը ու ճիշդ ուղղութիւնը։ Աստուծոյ մարդացեալ Որդին նոր որակ ու խորք տուաւ կեանքին։ Իր մարդեղութեան միակ նպատակը մարդը առաջնորդել էր դէպի «առաւել կեանք», այլ խօսքով՝ դէպի փրկութիւն. «ես եկայ որպէսզի կեանք ունենաք» (Յհ 10. 10)։ Խաչը Քրիստոսի դարձաւ մահուան իշխանութիւնը խորտակող եւ մարդու կեանքը վերանորոգող ուժը. իսկ Յարութիւնը Քրիստոսի՝ կնիքը նոր կեանքին։ Մահուան ճիրաններուն մէջ շղթայուած մարդը, իր գոյութեան արժէքը ու նպատակը կորսնցուցած մարդը իր կեանքին լիութիւնը ու ազատութիւնը, ամբողջութիւնը ու սրբութիւնը վերագտաւ Քրիստոսով։

 

Քրիստոս բացաւ Աստուծմէ հեռացած մարդը Աստուծոյ առաջնորդող կեանքի ճամբան։ Քրիստոնեան կոչուած է քալելու այս ճամբէն։

 

Քրիստոս ըսաւ՝ «ես եմ կեանքի հացը» (Յհ 6. 35). ան որ կը ճաշակէ այս հացը երբեք պիտի չանօթենայ։ Քրիստոնեան կոչուած է հաւատքով ճաշակելու կեանքի այս հացը։

 

Քրիստոս ըսաւ՝ ան որ ինծի կը հաւատայ, յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ։ Քրիստոնեան կոչուած է հետեւելու Քրիստոսի, ժառանգելու համար յաւիտենական կեանքը։

 

Արդ, քրիստոնեային համար «կեանքը Քրիստոս է» (Փլ 1. 21), կեանքի այլ աղբիւր ու ճանապարհ չկայ։ Առաքեալը կը յորդորէ մեզ ըսելով՝ մոռցէք ձեր հին կեանքը իր մեղքերով ու նորոգեցէք զայն Քրիստոսով. ապրեցէք ու գործեցէք այնպէս, որ վայել է ձեր նուիրական կոչումին, որուն հրաւիրեց մեզ Աստուած՝ Քրիստոսի ճամբով (Կղ 3. 10, Եփ 4. 1)։

 

Քրիստոս՝ նոր աշխարհի սկիզբը

 

Նոր մարդու ու նոր կեանքի վերստեղծիչը Քրիստոս նաեւ վերստեղծեց աշխարհը՝ իր բանական եւ ոչ-բանական, իր հոգեղէն ու նիւթեղէն երեսներով։ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութիւնը նոր աշխարհին սկիզբն է։ Ու Բեթղեհէմը դէպի նոր աշխարհ տանող միակ ճամբան է։

 

Նոր աշխարհը Աստուծոյ թագաւորութիւնն է։ Ան արդարութեան ու խաղաղութեան, սիրոյ ու հաշտութեան սկզբունքներուն վրայ հաստատուած թագաւորութիւն մըն է՝ անարդարութեան ու սուտի վրայ հիմնուած մարդկային թագաւորութեան դիմաց։ Նոր թագաւորութիւնը բարոյական ու հոգեւոր ճշմարտութիւններով եւ արժէքներով պիտի կառավարուի։ Հոն իշխողը բարին պիտի ըլլայ՝ չարին դէմ, լոյսը՝ խաւարին դէմ, արժէքը՝ շահին դէմ, ճշմարտութիւնը՝ կեղծիքին դէմ, Աստուած՝ մարդուն դէմ։

 

Քրիստոսի հիմնած նոր թագաւորութիւնը այս աշխարհի թագաւորութիւններուն չի նմանիր (Յհ 18. 36) եւ, հետեւաբար, այս աշխարհին չի պատկանիր։ Սակայն այս աշխարհին վրայ ան իր հիմքը նետած է Քրիստոսի գալուստով։ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը տարածել ու հզօրացնել է Աստուծոյ թագաւորութիւնը, որ իր վերջնական ձեւը ու լրումը պիտի գտնէ Քրիստոսի աշխարհ երկրորդ գալուստով։

 

Արդ, Քրիստոսով նոր մարդ դառնալ ու վերանորոգ կեանք զգենուլ կը նշանակէ հաւատարիմ բնակիչը ու նաեւ յանձնառու զինուորը դառնալ նոր աշխարհին։ Քրիստոս յաղթեց աշխարհին եւ մեզ իր յաղթանակը վայելելու շնորհքին արժանացուց ու միաժամանակ աշխարհի չարերուն ու չարիքներուն դէմ պայքարելու պարտաւորութիւնը տուաւ իր հետեւորդներուն։ Առաքեալը կը վստահեցնէ թէ՝ ով որ Քրիստոսի անունով կը պայքարի անպայման կը յաղթէ չար աշխարհին (Ա. Յհ 5. 4-5)։

 

Քրիստոս նոր մարդու պատկերն է. պէտք է նմանիլ անոր։

 

Քրիստոս նոր կեանքի ճամբան է. պէտք է քալել այդ ճամբէն։

 

Քրիստոս նոր աշխարհի սկիզբն է. պէտք է հետեւիլ անոր։

 

Հին աշխարհի չարիքները տարբեր անուններով ու կերպերով կը փորձեն մարդու կեանքէն հեռացնել նոր աշխարհի՝ Աստուծոյ թագաւորութեան արժէքները, կը փորձեն սպաննել աստուածատիպ մարդը մարդուն մէջ մարդկային կեանքը ապականելով բազմատեսակ մեղքերով։

 

Չարիքներով ու մեղքերով լեցուն աշխարհին մէջ դա՛րձեալ մեր դիմաց կը բացուի Բեթղեհէմի լուսաւոր խորհուրդը ու մեր ականջներուն դիմաց կը հնչէ Բեթղեհէմի զօրեղ պատգամը։ Հարկ է դառնալ ճշմարիտ կեանքի Աղբիւրին, նոր աշխարհի Հիմնադիրին, նոր մարդու Ստեղծիչին՝ Բեթղեհէմին, Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին բառերով խնդրելով՝ «հինը նորոգող, նաեւ զի՛ս նորոգէ, նորո՛վ պայծառակերպէ»։

 

*

*  *

 

Բեթղեհէմեան խորհուրդով օծուն այս հոգեպարար օրերուն, Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Մեծայարգ Տիար Ռոպերթ Քոչարեանը, մաղթելով որ իր նախագահութեան շրջանը դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան առաւել հզօրացման եւ հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան առաւել ամրացման բեղուն շրջան մը։

 

Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, աղօթելով որ Բարձրեալն Աստուած իրեն պարգեւէ եկեղեցաշէն իրագործումներով հարուստ երկար գահակալութիւն։

 

Եղբայրական խոր սիրով կ’ողջունենք Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռին Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը, մաղթելով իրենց բազմաբեղուն ծառայութեամբ լեցուն երկար գահակալութիւն։

 

Հայրական անհուն սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր խնամքին ենթակայ մեր թեմերուն Առաջնորդ Սրբազանները, հոգեւորական դասը, ազգային իշխանութեանց մարմինները եւ մեր սիրելի ժողովուրդին զաւակները։ Կ’աղօթենք որ Բեթղէհեմի յաւերժափայլ լոյսը ջերմացնէ իրենց կեանքը ու լուսաւորէ իրենց կեանքի ճանապարհը։ 

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

6 Յունուար, 2007

Անթիլիաս, Լիբանան.

More News