24 April, 2007

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը զոր տուաւ Ապրիլ 24-ի առաւօտուն, Հայկական Ցեղասպանութեան 92-րդ ոգեկոչման առթիւ

ԼՍԵՑԷ՛Ք, Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՆ ՄԵԶԻ ՄԵՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ

 

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամին, զոր տուաւ Ապրիլ 24-ի առաւօտուն, Հայկական Ցեղասպանութեան 92-րդ ոգեկոչման առթիւ, սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք՝ Ապրիլեան Նահատակներու Մատրան առջեւ հոծ բազմութեան ներկայութեան:

 

Դա՛րձեալ կը գտնուինք Ապրիլ 24-ի խորհուրդին մէջ ու հաղորդակից կը դառնանք մեր նահատակներու հաւատքին ու կտակին: Ապրիլ 24-ը ո՛չ միայն մեր նահատակներուն հետ ըլլալու օր է, այլ նաեւ ու մանաւանդ մեր նահատակներուն հաւատքը մեր կեանքին հետ շաղախելու ու անոնց կտակը մնայուն պայքարի վերածելու յանձնառութեան վերանորոգութեան օր է: Հետեւաբար, ամէն անգամ երբ կը գտնուինք մեր նահատակներու ոգեղէն ներկայութեան դիմաց, անոնք կը խօսին մեզի հետ…: Սա պահուն, երբ դարձեալ հաւաքուած ենք մեր նահատակներու աճիւնները ամփոփած այս մատրան շուրջ, եկէ՛ք ունկնդիր դառնանք անոնց յաւերժահունչ պատգամին:

 

Առաջին, մեր նահատակները կ’ըսեն մեզի՝ միասնակա՛ն ճիգով ու համազգայի՛ն տարողութեամբ հետապնդեցէք հայ ժողովուրդին իրաւունքները:

 

Միշտ այսպէ՛ս պիտի ըսեն մեզի մեր նահատակները: Անոնք միշտ պիտի յիշեցնեն մեզի թէ՝ համազգային բնոյթ ունեցող մեր պահանջատիրութիւնը պէտք է ամէն տեղ համազգային ճիգով կազմակերպել ու հետապնդել, համազգային մաշտապով պէտք է յիշել ու յիշեցնել:

 

Հետեւաբար, մեր նահատակներուն համար անընդունելի է, չըսելու համար այպանելի՛, երբ մեր գաղութներէն ներս տեղ մը թեմական եւ ուրիշ տեղ մը կուսակցական, այլ տեղ մը յարանուանական եւ կամ անձնական նեղ հաշիւներով Ապրիլ 24-ի խորհուրդը ու պատգամը կը նսեմացնենք: Մեր ժողովուրդի բոլո՛ր պատասխանատուները, հոգեւոր թէ կուսակցական, քաղաքական թէ համայնքային պէտք է անդրադառնան, որ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս գոյութիւն ունեցող տեսակէտներու տարբերութիւնը պէտք է մէկդի դրուին համահայկական խնդիրներու ու արժէքներու, համահայկական  տագնապներու ու պահանջներու դիմաց: Ու կա՞յ աւելի՛ համահայկական խնդիր ու պահանջ քան մեր նահատակներու կտակին հաւատարմութեամբ մեր համազգային պահանջատիրական պայքարի հզօրացումը՝ ի խնդիր մեր ժողովուրդներու իրաւունքներու վերատիրացման:

 

Երկրորդ, մեր նահատակները կ’ըսեն մեզի՝ ձեր հաւաքական յիշողութիւնը վա՛ռ պահեցէք:

 

Ազգ մը պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց կը մնայ կանգուն, իր հաւաքական յիշողութեամբ միայն. պատմութեան թատերաբեմին վրայ կը դառնայ դերակատար, իր հաւաքական յիշողութեամբ միայն. կեանքի տագնապներն ու մարտահրաւէրները կրնայ դիմագրաւել, իր հաւաքական յիշողութեամբ միայն. մեծ իրագործումներ ու յաղթանակներ կրնայ ապահովել, իր հաւաքական յիշողութեամբ միայն: Հաւաքական յիշողութիւնը ժողովուրդի մը ինքնութիւնը կազմաւորող, գոյապայքարը կռանող ու հաւաքական երազներուն թափ ու թռիչք տուող ոգեղէն ուժ է:

 

Հայկական Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդի վերջին դարու հաւաքական յիշողութեան մէջ առանցքային տեղ ունի: Կարելի չէ հասկնալ մեր ժամանակակից պատմութիւնը իր ողբերգութիւններով ու մարտնջումներով առանց Հայկական Ցեղասպանութեան: Անցեալին պատկանող դէպք մը պէտք չէ դառնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը. այլ պէտք է վերածուի ամէնօրեայ տագնապի՝ մեր մտածումներուն ու աշխատանքներուն հետ սերտօրէն շաղախուած: Որպէս պատմական իրողութիւն, մեր ազգի հաւաքական կեանքէն ներս եւ իւրաքանչիւր հայու կեանքին մէջ պէտք է ան միշտ մնայ արծարծ: Այս ընելու համար՝

 

— Անհրաժեշտ է յատուկ կարեւորութիւն ընծայել հրատարակութիւններու՝ թէ՛ ակադեմական եւ թէ ժողովրդային, թէ՛ երիտասարդներուն եւ թէ փոքրերուն յատուկ: Մեր գրադարաննեուն մէջ, մեր գրասեղաններուն վրայ միշտ պէտք է ներկայութիւն դառնան հայկական ցեղասպանութեան առնչուած յուշագրութիւններն ու ուսումնասիրութիւնները:

 

— Հայ մանուկին, ընտանիքէն ու մանկապարտէզէն սկսեալ պէտք է սորվեցնել թէ՝ իր նախահայրերը զոհ գացած են ծրագրուած ցեղասպանութեան մը. եւ այս՝ սոսկ դասագրքային ծանօթութիւն պէտք չէ դառնայ, այլ իր հայեցի կազմաւորման անբաժան մասը:

 

— Յաճախակի դասախօսութիւններ հարկ է կազմակերպել, մասնագիտական ու  ժողովրդային մօտեցումներով, ո՛չ միայն Ապրիլ 24-ի առիթով, այլ զանազան առիթներով՝ նոր սերունդներուն կեանքին մէջ կենդանի ներկայութիւն դարձնելու մեր պատմութեան այս սեւ էջը:

 

— Այցելութիւններ պէտք է կազմակերպել դէպի Տէր Զօր ու Անթիլիասի Մայրավանքը, մեր նահատակներուն հետ ըլլալու ու անոնց ոգեղէն ներկայութեամբ մեր հաւաքական յիշողութիւնը թարմ պահելու ու մեր պահաջատիրութիւնը աւելի հզօրացնելու: Յուշակոթողները ազգերու կեանքին մէջ ո՛չ միայն խորհրդանիշ են անցեալի մեծ դէպքերու, այլ նաեւ ապագայի մեծ երազներու ու ձգտումներու:

 

Երրորդ, մեր նահատակները կ’ըսեն մեզի՝ առաւե՛լ ազդու միջոցներով հետապնդեցէք Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը:

 

Անկասկած որ անցնող տասնամեակներուն մեր նահատակներու զաւակները ու ապա թոռները հաւատարմութեամբ հետապնդեցին մեր պանաջատիրութիւնը: Անկասկած որ վերջին տարիներուն մանաւանդ ազգային պահանջատիրութեան աշախտանքները նոր թափ ու հունաւորում ստացան՝ մէկ կողմէն նոր պայմաններու ընծայած կարելիութիւններու, եւ միւս կողմէ ձեռք ձգուած հարուստ փորձառութեան լայն օգտագործումով: Սակայն, արագ ու մնայուն փոփոխութեան մէջ գտնուող ներկայ աշխարհին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքները անհրաժեշտ է որ դառնան աւելի՛ կազմակերպ ու հետեւողական: Այս ծիրէն ներս հետեւեալ միջոցներու առաւելագոյն չափով օգտագործումը կը նկատենք կենսական.-

 

— Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհի ամէնէն հզօր զէնքերէն մէկը տեղեկատուութիւնն է: Հետեւաբար, տեղեկատուութեան միջոցներու ազդու ու ճիշդ գործածութիւնը կրնայ մեզ բանալ նոր հորիզոններու եւ առաջնորդել նոր նուաճումներու:

 

— Դիւանագիտական ու հրատարակչական մեր աշխատանքներուն մէջ հարկ է կարեւորութեամբ շեշտել թէ ցեղասպանութիւնը անցեալին պատկանող երեւոյթ մը չէ, ան այսօր եւս զանազան ձեւերով կը շարունակուի: Այս մօտեցումը դուրս պիտի բերէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը իր անցեալի պարունակէն, զայն դարձնելով ներկայ աշխարհին առնչութիւն ունեցող ժամանակակից խնդիր:

 

— Հարկ է շարունակ յիշեցնել մեր շրջապատին, առաւելագոյն չափով օգտագործելով օտար եւ միջազգային ամպիոնները ու շրջանակները թէ՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը միայն հայ ժողովուրդին խնդիրը չէ, այլ համամարդկային խնդիր է: Հայկական Ցեղասպանութիւնը հարկ է առնչել նոր օրերու ցեղասպանութեան, որոնք տեղի ունեցան յատկապէս վերջին տասնամեակին Ռուանտայի մէջ, ինչպէս նաեւ նախկին Եուկոսլաւիոյ եւ Տարֆուրի մէջ:

 

— Ցեղասպանութեան ճանաչման մեր աշխատանքները հասկնալի պատճառներով առաւելաբար կեդրոնացան Հիւսիսային Ամերիկայի ու Եւրոպայի մէջ: Այսօրուան աշխարհը իր տնտեսական, քաղաքական ու դիւանագիտական նոր յարաբերութիւններով ու դասաւորումներով կը ստիպէ որ մեր պահանջատիրութիւնը նաեւ տանինք Ափրիկէ, Ասիա, ինչպէս նաեւ իսլամական աշխարհէն եւ այլ կրօններէ ներս: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այս յոյժ կարեւոր աշխատանքին արդէն իսկ լծուած է: Չմոռնանք, որ այս Սուրբ Աթոռը մասնակից դարձաւ Ռուանտայի Ցեղասպանութեան 10-ամեակի ոգեկոչման Ռուանտայի մէջ եւ նոյն տարին Ռուանտայի պետութեան ներկայացուցիչը այս մատրան առջեւ խօսեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին: Չմոռնանք, որ շուրջ եօթը տարիներ առաջ Քորէայի, Ճափոնի ու Չինաստանի մէջ եկեղեցական ու քաղաքական շրջանակներէ ներս առաջին անգամ ըլլալով արծարծեցինք Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը: Դարձեալ չմոռնանք, որ իսլամական աշխարհէն ներս յաճախակի առիթներով բարձրագոյն մակարդաներու վրայ խօսեցանք Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ինչպէս նաեւ այլ կրօններու բարձրաստիճան պատասխանատուները հաղորդակից դարձուցինք հայկական ցեղասպանութեան ու մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն: Այս աշխատանքը պէտք է շարունակուի ծրագրուած ու հաւաքական ճիգով:

 

Չորրորդ, մեր նահատակները կ’ըսեն մեզի՝ քաղաքակիրթ աշխարհի յատուկ մօտեցումով հակազդեցէ՛ք թրքական ուրացման քաղաքականութեան:

 

Ծանօթ է բոլորիս, որ յատկապէս վերջին տարիներուն ցեղասպանութեան ճանաչման գծով ծաւալող աշխատանքին դիմաց Թուրքիան իր պետական ամէնէն զօրեղ միջոցներով սկսած է հակազդել՝ մէկ կողմէ իր ուրացման քաղաքականութեան նոր թափ ու ծաւալ տալով, եւ միւս կողմէ դիւանագիտական սպառնալիքներ ուղղելով մարդկային իրաւանց ու ցեղասպանութեան ուղղութեամբ յատուկ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերող պետութիւններուն: Թուրք պետութիւնը սկսած է նաեւ հակազդել՝ երբեմն արտաքնապէս դրական թուող սակայն ըստ էութեան վտանգաւոր, իսկ երբեմն ալ բիրտ միջոցներու դիմելով: Յիշելու համար միայն մի քանի օրինակներ.-

 

— Տակաւին վերջերս կատարուած Աղթամարի եկեղեցւոյ բացումը աշխարհի դիմաց եկաւ ցոյց տալու թրքական հնարամիտ չարամտութիւնը: Բարբարոս ու ջարդարար նոյն թուրքն է, որ այսօր զանազան դիմակներով ինքզինք կը ներկայացնէ միջազգային ընտանիքին: Այլապէս ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել դարաւոր պատմութիւն ունեցող եկեղեցին թանգարանի վերածելու այս քայլը: Ինչպէ՞ս կարելի է մեկնաբանել «չափաւոր» հայեր միայն հրաւիրելու եւ աշխարհի դիմաց հայ ժողովուրդին պահանջատիրութիւնը արհամարհելու Թուրքիոյ այս չար միտումը (ի դէպ, եթէ այլ հարցերու նկատմամբ չափաւոր հայեր կան. սակայն, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով ինչպէս կը հաւատանք որ, թրքական հասկացողութեամբ, չափաւոր հայեր գոյութիւն չունին…):

 

— Դարձեալ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել երկու շաբաթներ առաջ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կեդրոնի մէջ, նոյնինքն ՄԱԿ Ընդհանուր Քարտուղարի հովանաւորութեամբ տեղի ունենալիք Ռուանտայի ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէսի միջամտութիւնը թուրք պետութեան. եւ ինչո՞ւ, որովհետեւ հոն յիշատակութիւն մը կար Հայկական Ցեղասպանութեան մասին…: Դիւանագիտական սկզբունքներն իսկ արհամարհող անընդունելի միջամտութեան դիմաց Մեզի համար աւելի՛ անընդունելի է մարդկային իրաւանց պաշտպան ՄԱԿ-ի նման միջազգային կազմակերպութեան տեղի տալը:

 

— Եւ վերջապէս, տակաւին չէ չորցած Պոլսոյ մայթերուն վրայ արդարութիւն աղաղակող արիւնը Հրանդ Տինքի …:

 

Ահաւասիկ արդարութիւն ու իրաւունք անտեսող, ազատութիւն ու պահանջատիրութիւն սպանել փորձող Թուրքիան՝ բոլոր ժամանակներուն նո՛յն «հիւանդ մարդ»ը: Հարց կու տանք թէ՝ ինչպէ՞ս Եւրոպան կրնայ ընդունիլ նման երկիր մը քաղաքակիրթ համայնքէ մը ներս: Ինչպէ՞ս իր գործած ոճիրը ուրացող ազգ մը կրնայ անդամ դառնալ ցեղասպանութիւններու դէմ պայքարող Եւրոպական համայնքին: Ինչպէ՞ս իր իսկ ժողովուրդին իրաւունքները բռնաբարող երկիր մը կրնայ անդամակցիլ ժողովուրդներուն իրաւունքներուն վրայ հիմնուած համայնքի մը:

 

Թուրքիոյ հակահայ բիրտ քաղաքականութեան մեր ժողովուրդը երբեք պիտի չհակազդէ բիրտ միջոցներով, այլ քաղաքակիրթ աշխարհին քաղաքակիրթ միջոցներով՝ տեղեկատուական ու դիւանագիտական մեր աշխատանքները աւելի ծաւալելով, մեր բարեկամներուն թիւը աւելցնելով, մեր յարաբերական շրջանակը աւելի ընդլայնելով: Միայն այս միջոցներով կարելի է մեր ձայնը աւելի լսելի դարձնել ու յաղթանակ ապահովել:

 

Հինգերորդ, մեր նահատակները կ’ըսեն մեզի՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ուղղեցէ՛ք դէպի հատուցում:

 

Չի՛ բաւեր միայն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը հետապնդել. ճանաչումին պէտք է անպայմանօրէն յաջորդէ հատուցումը: Բնականաբար, հարկ է շարունակել Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջելու ձգտող մեր աշխատանքը: Սակայն, մեր նպատակը Թուրքիոյ կողմէ գործուած ոճիրին  ճանաչումը չէ միայն, այլ՝ գործուած ոճիրին համար ոճրագործէն հատուցում պահանջել է: Ճանաչումը միջոց է. նպատակը հատուցում է: Նայեցէ՛ք 20-րդ դարուն տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններուն: Անոնք ո՛չ միայն ճանչցուած են միջազգային ընտանիքին կողմէ. ո՛չ միայն ցեղասպան երկիրները իրենք պաշտօնապէս ընդունած են իրենց գործած ոճիրը, այլ նաեւ ոճրագործները դատուած են միջազգային ատեաններու կողմէ, եւ այս բոլորին որպէս հետեւանք, ցեղասպանին եւ կամ անոր յաջորդող կառավարութեան կողմէ հատուցում տրուած է ցեղասպանութեան զոհ դարձած ժողովուրդին:

 

Արդ, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման մեր աշատանքները պէտք է հատուցո՛ւմը դարձնեն իրենց աշխատանքին կիզակէտը: Ոճիր մը գործուած է 1915-ին Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ: Սա պատահական ոճիր մը չէ. ազգ մը բնաջնջելու համար պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութիւն է: Միջազգային օրէնքին համաձայն ցեղասպանութիւնը ամէնէն մեծ ոճիրն է մարդկային ընկերութեան: Միջազգային օրէնքը կը պահանջէ որ ճշմարտութիւնը յայտնաբերուի, ոճրագործը դատուի ու հատուցում տրուի: Հայ ժողովուրդը իր իրաւունքը միայն կը պահանջէ. հայ ժողովուրդը իր նահատակներու արեան գինը կ’ուզէ միջազգային օրէնքներու ու ՄԱԿ-ի կողմէ ընդունուած մարդկային իրաւանց եւ միջազգային ուխտերու համաձայն:

 

Կարելի չէ, ընդունելի՛ չէ որ քաղաքական նեղ հաշիւները գերիվեր դառնան արդարութեան ու մարդկային իրաւանց սկզբունքներէն: Ազգերու փոխ-յարաբերութիւնները հիմնուած պէտք է ըլլան ո՛չ թէ սոսկ աշխարհաքաղաքական ժամանակաւոր շահերու վրայ, այլ միջազգային օրէնքով սահմանուած սկզբունքներու ու իրաւունքներու վրայ, մնայո՛ւն արժէքներու վրայ: Խաղաղ, ապահով ու բարգաւաճ աշխարհ մը կարելի է կերտել մարդկային իրաւունքները յարգելով միայն:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

24 Ապրիլ 2007

Անթիլիաս

More News