18 November, 2007

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամը խօսուած Հայ Գիրքի 29-րդ Ցուցահանդէսի բացման, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Կիրակի, 18 Նոյեմբեր, 2007-ին

ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆԻԼ ԿԵԱՆՔԻ՜Ն

 

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, խօսուած Հայ Գիրքի 29-րդ Ցուցահանդէսի բացման, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Կիրակի, 18 Նոյեմբեր, 2007-ին:    

 

Ահա 29-րդ տարին ըլլալով կը հաւաքուինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքէն ներս՝ Հայ Գիրքին շուրջ … :

 

Պատահական երեւոյթ մը չէ այս հաւաքը: Հայ Գիրքին հետ ըլլալ, կը նշանակէ արժէքի մը դիմաց ըլլալ: Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, երբ ՙԱստուծոյ պատկերին՚ համաձայն ստեղծուած մարդը արժէքազրկող ՙարժէք՚ներով շրջապատուած ենք ամէն օր ու ամէն տեղ, որքա՜ն, որքա՜ն պահանջքը ունինք Հայ Գիրքով շրջապատուելու, Հայ Գիրքին հարստացնող ներկայութեամբ մեր կեանքը իմաստաւորելու: 

 

Պատահական չէ նաեւ այս հաւաքին Անթիլիա՜սի մէջ տեղի ունենալը: Հայրապետական այս Աթոռը սոսկ վարչական կեդրոն մը չէ, այլ առաքելութիւն է: Այս Սուրբ Աթոռին հաւատքի սրբազան առաքելութեան անբաժան մասը կը կազմէ մեր հոգեմտաւոր արժէքները հայ մարդու կեանքին մէջ շօշափելի ներկայութիւն դարձնող Հայ Գիրքը:

 

Արդարեւ, յետադարձ ակնարկ մը մեր ժողովուրդի պատմութեան, յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ՝ Հայ Գիրքը ո՜չ միայն հայ եկեղեցւոյ կողմէ գրուած, պահպանուած ու պաշտպանուած է, նոյնիսկ ի գին նահատակութեան, այլ նաեւ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր թէ ազգային, մշակութային թէ կրթական առաքելութեան կենսագործման ամէնէն կարեւոր միջոցներէն մէկը դարձած է: Ահա թէ ինչու, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար Հայ Գիրքը տարբե՜ր արժէք, տարբե՜ր որակ, տարբե՜ր իմաստ ու տարբե՜ր նպատակ ունի: Սա զգացական արտայայտութիւն մը չէ, տեսական յղացք մը չէ: Դիտեցէ՜ք միայն Անթիլիասական շրջանի մեր Հայրապետներու կեանքն ու գործը: Արեւու լոյսին պէս ճառագայթող ներկայութիւն է Հայ Գիրքը Անթիլիասի կեանքին ու առաքելութեան մէջ:

 

Այսօր, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անմիջական հովանաւորութեան տակ կը գործեն երեք հրատարակչական ֆոնտեր, որոնք իրենց լուրջ հրատարակութիւններով մեծապէս կը նպաստեն մեր հոգեմտաւոր արժէքներու տարածման: Մեր եկեղեցւոյ հարազատ ոգին ու ինքնութիւնը արտայայտող այս առաքելութիւնը պիտի շարունակուի մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ՝ վերանորոգ թափով ու նուիրումով:

 

Սա պահուն կ’ուզենք ուրախութեամբ յայտնել, որ մեր Սուրբ Աթոռին հրատարակչական հիմնադրամներու շարքին կու գայ միանալու ուրիշ մը եւս՝ ՙԽաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ՚ անունով: Այս հիմնադրամը շուտով պիտի սկսի գործել, այս անգամ հայ քաղաքական մտքի առնչուած հրատարակութիւններով ճոխացնելու մեր ժողովուրդի կեանքի մշակութային անդաստանը:

 

Այս առիթով, նաեւ յատուկ գոհունակութեամբ կ’ուզենք յայտարարել, որ շուտով Կաթողիկոսարանէն ներս Ազգ. Բարերար Տիար Գաբրիէլ Չէմպէրճեանի մեկենասութեամբ պիտի հաստատուի գրասենեակ մը՝ ՙԻ Խնդիր Հայ Մամուլի Պահպանման՚ անունով: Սոյն գրասենեակին առաքելութիւնը պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ լոյս տեսած հայ մամուլը խտասալիկներու վերածել՝ համակարգչային դրութեամբ զայն պահպանելու եւ անոր առնչուած ուսումնասիրութիւնները դիւրացնելու համար:

 

Մեծ ուրախութեամբ կ’ուզենք հաստատել, որ շնորհիւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին եւ անոր վաստակաշատ Տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Եկաւեանին հետ մեր ունեցած սերտ ու ծրագրուած գործակցութեան, անցնող տասնամեակին հրատարակչական բնագաւառէն ներս հսկայ իրագործումներ կատարեցինք՝ որակի թէ քանակի իմաստով: Կատարուած կոթողային հրատարակութիւններու մէջ հոս կ’արժէ յիշել ՙՄատենագիրք Հայոց՚ շարքը, որ հայագիտութեան մարզէն ներս աննախընթաց երեւոյթ մըն է:

 

• •

 

Ինչպէս գիտէք, 2007 տարին Հայրապետական յատուկ Գիրով հռչակեցինք ՙՀայ Լեզուի Տարի՚: Ընդառաջելով Մեր կոչին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն ներս յատուկ նախաձեռնութիւններու ճամբով, ըլլան անոնք հրապարակային հանդիսութիւններ, հրատարակութիւններ, աշակերտական հաւաքներ, դասախօսութիւններ թէ մամուլի կողմէ անդրադարձներ, կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ հայ լեզուին վճռադրոշմ դերը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, յատկապէս սփիւռքի մէջ:

 

Արդարեւ, հայ լեզուն մեր ժողովուրդին ինքնութիւնը ապահովող, անոր արմատները զօրացնող, միութիւնը ամրապնդող ու ազգերու ընտանիքէն ներս անոր իւրայատկութիւնը շեշտող հզօր գործօն է: Հեռանալ հայ լեզուէն, կը նշանակէ հեռանալ հայութենէն՝ անոր անցեալէն, ներկայէն ու ապագայէն: Անփոյթ վերաբերում ունենալ հայ լեզուին նկատմամբ, կը նշանակէ անտարբեր դառնալ հայ կեանքին դիմագիծ եւ ուղղութիւն տուող արժէքներուն, աւանդութիւններուն ու ձգտումներուն նկատմամբ:

 

Հայ Գիրքը հայ լեզուն մեր կեանքին մէջ կենդանի պահող ու զայն սերունդէ սերունդ փոխանցող ամէնէն ազդու միջոցներէն մէկն է: Արդ, Հայ Գիրք տպել, կը նշանակէ հայ լեզուի պահպանման նպաստել: Հայ Գիրք տարածել, կը նշանակէ հայ լեզուի տարածման առաքեալը դառնալ: Հայ Գիրք կարդալ, կը նշանակէ հայ ժողովուրդի պատմութեան ընդերքներէն ժայթքող հայու անմեռ ոգիին, խոր հաւատքին ու դարաւոր երազներուն հետ անմիջական հաղորդութեան մէջ ըլլալ:

 

Որքա՜ն ուրախացայ վերջերս երբ տեսայ Հայ Գիրքին մասին մեր վարժարաններու աշակերտներուն մտածումները արտայայտող գրութիւնները մամուլի էջերուն մէջ: Կաթողիկոսարանին հայագիտական-կրթական հարցերու գրասենեակին արդէն իսկ թելադրած ենք ի մի խմբել այդ յօդուածները հատորի մը մէջ եւ յառաջիկայ տարի, Հայ Գիրքի 30-րդ ցուցահանդէսին առիթով, մեր ժողովուրդին հրամցնել զայն ՙՀայ Աշակերտը Հայ Գիրքին դիմաց՚ խորագրով: 

 

• •

 

Սակայն, չի բաւեր միայն Հայ Գիրքին գովքը հիւսել. չի բաւեր նոյնիսկ միայն Հայ Գիրք տպել: Այս բոլորէն անդին, էականը Հայ Գիրքը տանի՜լ է հայ կեանքին: Գիրքը սոսկ թուղթ ու մելան, լեզու ու գիր չէ. արժէքներու ու ճշմարտութիւններու, տագնապներու ու ձգտումներու անսպառ աղբիւր է ան: Աղբիւր մը եթէ չհոսի, կը ճահճանայ ու կը ցամքի: Հայ Գիրքը կը  տպուի ո՜չ թէ պահեստանոցներու փոշիներուն մէջ մնալու, գրախանութներու փեղկերուն մէջ ցուցադրուելու, տուներու դարանները զարդարելու համար: Հայ Գիրքը կը տպուի, հայ մարդը արժէքներով սնուցանելու ու հայ կեանքը նոր մտածումներով վերանորոգելու ու զայն նոր հորիզոններու բանալու համար: 

 

Արդ, Հայ Գիրքին տեղը մեր ժողովուրդի կեա՜նքն է: Հո՜ն է որ Հայ Գիրքը իր հարազատ դերը պիտի կատարէ, իր լիառատ արժէքը պիտի ստանայ: Հեռու կեանքէն՝ ամէնէն արժէքաւոր գիրքն իսկ պիտի կորսնցնէ իր ճշմարիտ կոչումը: Հայ Գիրքը պէտք է մարդակերտումի, հայակերտումի, ազգակերտումի ու հայրենակերտումի առաքելութեան վերածել: Ու Հայ Գիրքը այս սրբազան առաքելութեան կը վերածուի երբ կենդանի հաղորդութեան մէջ մտնէ հայ կեանքի՜ն հետ. երբ իրաւ, անմիջական ու գոյութենական երկխօսութիւն մը սկսի Հայ Գիրքին ու հայ ընթերցողին միջեւ:

 

Տեղեկատուական ու արհեստագիտական միջոցներու զարգացումով եւ համաշխարհայնացումի յառաջացուցած արմատական փոփոխութիւններու հետեւանքով, ներկայ ընկերութիւնը ընդհանրապէս հեռու է գիրքէն: Հայ կեանքը եւս, թէ՜ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ, սկսած է հեռանալ Հայ Գիրքէն: Գրողներ չէ որ կը պակսին, մտածողներ չէ որ կը պակսին, մեկենասներ չէ որ կը պակսին, հրատարակողներ չէ որ կը պակսին մեզի: Նայեցէ՜ք ձեր շուրջը, դիտեցէ՜ք այս նոր հրատարակութիւնները: Ներկայ ցուցահանդէսը պերճախօս վկայութիւն մըն է տարուէ տարի ծաւալող հրատարակութիւններուն: Մեր հիմնական տագնապը Հայ Գիրքին եւ հայ մարդուն միջեւ հետզհետէ խորացող խրամատն է:

 

Հարց կու տամ թէ՝ ինչո՞ւ հեռու կը մնանք Հայ Գիրքէն. ինչո՞ւ Հայ Գիրքէն հեռու կը մնայ մտաւորականը, ուսուցիչը, հոգեւորականը, աշակերտը, որոնք կենսական կարիքը ունին Հայ Գիրքին իրենց հոգեմտաւոր կազմաւորման, վերանորոգման ու զարգացման համար: Ես չեմ կրնար երեւակայել լուրջ մտաւորական, ուսուցիչ, հոգեւորական կամ ուսանող, բառին վաւերական հասկացողութեամբ՝ հեռու Հայ Գիրքէն: Հայ Գիրքը պէտք է ըլլայ մեր ամենասիրելի ու ամենամտերիմ ընկերը: Կը յիշեմ ժամանակին նոյնիսկ նախակրթարան չաւարտած մեր ծնողները գիրք կը կարդային, օրաթերթերու թերթօններուն կը հետեւէին. մեր ժողովուրդի համեստ զաւակներուն տուներուն մէջ Րաֆֆիին ու Ծերենցին վէպերը, Յակոբ Պարոնեանին ու Երուանդ Օտեանին գործերը յափշտակութեամբ կը կարդացուէին: Չմոռնանք որ Հայ Գիրքը, եկեղեցւոյ ու դպրոցին, մշակոյթին ու ակումբին կողքին, եւ անոնց բացակայութեան նոյնիսկ անոնց տեղը ստանձնելով, որքա՜ն հրամայական դեր ունեցաւ մեր ազգային գաղափարախօսութեան կազմաւորման, հայրենասիրութեան խորացման ու պահանջատիրական պայքարի հզօրացման մէջ: Ճի՜շդ է, ներկայ աշխարհի մէջ բազմազան ու այլազան մտահոգութիւններով պաշարուած ենք, յաճախ առօրեայ զբաղումներով կլանուած ենք: Սյս բոլորին մէջ ժամանակ պէտք է ստեղծել Հայ Գիրք կարդալու. եւ սա կարելի՜ է ու կարեւո՜ր:

 

Միւս կողմէն, Հայ Գիրքը տարածելու ազդու միջոցներուն մասին պէտք է մտածել: Սա այլ հրատապ հարց մըն է: Առաքման ծախսերու բարձրացումը ու առաքման առնչուած շարք մը օրինական թէ գործնական դժուարութիւններ փաստօրէն դանդաղեցուցած են գիրքի ցրւումը ներկայ աշխարհին մէջ: Ստեղծուած այս պայմաններէն մեծապէս վնասուողը Հայ Գիրքն է: Այս կացութեան դիմաց իրատես ըլլալով հանդերձ, պէտք չէ անտարբեր մնալ:  Բոլոր կարելի միջոցներուն պէտք է դիմել Հայ Գիրքը հասցնելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Սոսկ վաճառականական նկատումներով պէտք չէ մօտենալ Հայ Գիրքին՝ մանաւանդ երբ ան մեկենասներու կամ հրատարակչական հիմնադրամերու կողմէ կը տպագրուի: Համեստ կամ խորհրդանշական սակերու ճշդումը մեծապէս պիտի նպաստէ Հայ Գիրքի արագ ու լայն տարածման:

 

Այս ուղղութեամբ մեր Սուրբ Աթոռը շարք մը գործնական միջոցներու դիմած է: Պէտք է աւելի՜ն կատարել: Վստահ ենք, որ մեր բոլոր հրատարակչական կառոյցները եւս, նոյն նախանձախնդրութենէն մեկնած յատուկ ճիգ պիտի թափեն դիւրացնելու Հայ Գիրքին ճանապարհը տպարանէն դէպի ժողովուրդ գացող:

Հայ Գիրքը տանիլ կեանքի՜ն:

 

Մեր ժողովուրդի կեանքի՜ն մէջ է որ Հայ Գիրքը կը դադրի սոսկ թուղթ ու մելան ըլլալէ եւ կը վերածուի ոգեղէն ուժի: Ոգեղէն արժէքներէ հետզհետէ հեռացող մեր կեանքը որքա՜ն կարիքը ունի Հայ Գիրքի պայծառակերպիչ ներկայութեան:

 

Ահա Հայ Գիրքի 29-րդ ցուցահանդէսէն եկող պատգամը մեր բոլորին:

 

Եկէք ա՜յս նախանձախնդրութեամբ մօտենանք Հայ Գիրքին:

 

Եկէք ա՜յս յանձնառութեամբ դառնանք առաքեալը Հայ Գիրքի տարածման:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

18 Նոյեմբեր, 2007

Անթիլիաս

 

More News