1 January, 2008

2008։ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Տարի

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

 

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ

 

2 0 0 8

 

 

 

Պ Ա Տ Գ Ա Մ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ

 

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

  

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Թեմակալ Առաջնորդներուն,

Հոգեւոր Դասուն,

Ազգային Իշխանութեանց, եւ

մեր ժողովուրդի զաւակներուն,

 

 

2008 տարուան սեմին, Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն, մաղթելով աստուածային բարիքներով լեցուն հարուստ տարի մը:

 

Ինչպէս գիտէք, իւրաքանչիւր տարի, Հայրապետական Պատգամի ճամբով կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն խորհրդածելու, անհատաբար թէ հաւաքաբար, եւ լուսարձակին տակ բերելու մեր ընդհանրական կեանքին հետ աղերս ունեցող հիմնահարցեր եւ առաջնահերթ մտահոգութիւններ:

 

Այս ծիրէն ներս, ձեր յատուկ ուշադրութեան յանձնած էինք Աստուածաշունչի ՙ2003՚, Ընտանիքի ՙ2004՚ եւ Հայ Դպրոցի ՙ2006՚ կեդրոնական տեղը ու կենսական դերը մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքէն ներս: Արդարեւ, խօսելով այս սրբազան արժէքներուն ու կառոյցներուն մասին, շեշտած էինք քրիստոնէական դաստիարակութեան առանցքային կարեւորութիւնը հայ մարդու հոգեմտաւոր կազմաւորման եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդման մէջ:

 

Արդ, մեկնելով այս անհերքելի իրողութենէն, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով ներկայ աշխարհի պայմաններէն ու մարտահրաւէրներէն յառաջացող լուրջ մտահոգութիւնները, որոշեցինք 2008 տարին հռչակել՝

 

 

ՙՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ՚

 

Եկէք, նախ փորձենք հասկնալ, ամփոփ գիծերով, քրիստոնէական դաստիարակութեան իմաստը, անոր նպատակը ու անհրաժեշտութիւնը: Եւ ապա, մեզ շրջապատող իրականութիւններու լոյսին տակ տեսնենք թէ՝ ի՞նչ են մեր ժողովուրդի զաւակներուն կրօնական առողջ դաստիարակութիւն ջամբելու ազդու միջոցները:

 

Ա.

 

Ի՞նչ կը հասկնանք քրիստոնէական դաստիարակութիւն ըսելով

 

Ընդհանուր մօտեցումով կրօնական դաստիարակութիւն կը նշանակէ անհատի մը կամ համայնքի մը կեանքէն ներս ներարկել իր պատկանած կրօնին ճշմարտութիւնները ու սկզբունքները, արժէքները ու աւանդութիւնները, որոնք պէտք է շաղախուին տուեալ անհատի կամ համայնքի կենցաղակերպին, գործելակերպին ու մտածելակերպին հետ: Այլ խօսքով, կրօնական դաստիարակութեան նպատակն է կրօնը իր հաւատալիքներով ու ուսուցումներով, իր պատմութեամբ ու առաքելութեամբ ամբողջական, մնայուն ու կենդանի ներկայութիւն դարձնել անոր հետեւող անհատի մը կամ համայնքի մը կեանքէն ներս՝ հոգեմտաւոր զարգացման ու կազմաւորման ընթացքի մը ընդմէջէն:

 

Ընդհանուր գիծերով նո՜յնն է նաեւ նպատակը քրիստոնէական դաստիարակութեան: Աւելի յստակօրէն ընդգծելով՝ քրիստոնէական դաստիարակութիւն կը նշանակէ.-

 

ա) Քրիստոսի եկեղեցւոյ անդամ դառնալու կոչուած, կամ արդէն իսկ դարձած, անհատը կազմաւորել աստուածաշնչական ճշմարտութիւններով ու արժէքներով, որպէսզի ան կարենայ գիտակից հաւատքով ու ամբողջական նուիրումով հետեւիլ Քրիստոսի:

 

բ) Աստուածաշնչական ուսուցումներուն ու բարոյական սկզբունքներուն առընթեր, կրօնական դաստիարակութեան նպատակն է քրիստոնեայ մարդուն կամ համայնքին փոխանցել՝ ընդհանրապէս քրիստոնէական կրօնի պատմութեան եւ մասնաւորաբար իր պատկանած եկեղեցւոյ դաւանական կեցուածքներուն, աստուածաբանական մօտեցումներուն, ինչպէս նաեւ իր եկեղեցւոյ հայրերուն, սուրբերուն ու վկաներուն կեանքին ու գործին մասին հիմնական տեղեկութիւններ:

 

գ) Քրիստոնէութիւնը ուսուցումներու ամբողջութիւն մը չէ, ո՜չ ալ սոսկ հոգեւոր արժէքներու համակարգ մը: Քրիստոնէութիւնը կեա՜նք է: Քրիստոս ըսաւ՝ “Ես եկայ, որպէսզի առաւել կեա՜նք ունենան” (Յովհ. 10.10): “Առաւել կեանք”ը մարդկային կեանքը ըմբռնելու, արժեւորելու ու ապրելու այնպիսի իւրայատուկ եղանակ է, ուր կը ճառագայթէ Քրիստոս իր աստուածային ճշմարտութիւններով ու յաւիտենական պատգամներով: Քրիստոնէական դաստիարակութեան նպատակն է ցոյց տալ դէպի ՙառաւել կեանք՚ տանող ճամբան:

 

դ) Ճշմարտօրէն քրիստոնեայ ըլլալը մարդու էութեան ու գոյութեան հետ ամբողջական նոյնացում է, որովհետեւ գիտակցօրէն հետեւիլ է Քրիստոսի (Մատթ. 16 24) եւ Քրիստոսը զգենուլ է, ինչպէս կը բնորոշէ Առաքեալը (Հռոմ. 13.14): Հետեւաբար, լոկ գիտելիքներու փոխանցում մը չէ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը. այլ՝ անհատի մը կամ համայնքի մը հոգեմտաւոր կերտումն է, Քրիստոսը ունենալով որպէս “ճանապարհ, ճշմարտութեան եւ կեանք” (Յովհ. 14.6): Ահա թէ ինչու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը պէտք է իրագործել էապէս որպէս մասնակցութիւն Քրիստոսի խորհրդական մարմնոյն՝ եկեղեցւոյ առաքելութեան, հաւատքի վկայութեան:

 

Բ.

 

Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը սիրտն է եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան

 

Մեկնելով քրիստոնէական դաստիարակութեան նպատակէն եւ նկատի ունենալով անոր ունեցած եզակի կարեւորութիւնը, բոլոր եկեղեցիներու մօտ, հին դարերէն սկսեալ, քրիստոնէական դաստիարակութիւնը նկատուած է եկեղեցւոյ առաքելութեան սիրտը: Աւետարանչութիւնը, քարոզչութիւնը, ընկերային ծառայութիւնը եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան առնչուած այլ նախաձեռնութիւններ, անկասկած, հրամայական են քրիստոնէական հաւատքի տարածման համար: Սակայն, այս բոլորին մէջ քրիստոնեայ մարդուն հոգեւոր ու բարոյական կազմաւորումը բացարձակ անհրաժեշտութիւն է, որպէս նախապայման եկեղեցւոյ հոգեւոր շինութեան: Եկեղեցին որպէս հաւատքի համայնք կազմուած է անհատներէ: Եկեղեցին կը դառնայ զօրեղ ու կենսունակ, հոգեւոր ու բարոյական իմաստով, երբ անոր անդամները կրօնական առողջ կազմաւորում ունին: Արդարեւ, մարդը արժէք է քրիստոնէական կրօնին համար: Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին մօտեցաւ հիւանդին թէ աղքատին, հարուստին թէ զրկեալին, որովհետեւ ան եկած էր մարդը վերամարդացնելու՝ իր ՙաստուածային պատկեր՚ին համաձայն: Արդ, եկեղեցւոյ համար անհատ մարդու գիտակից քրիստոնէացումը՝ իր հաւատքի ճշմարտութիւններուն եւ հոգեւոր ու բարոյական կեանքի սկզբունքներուն ամբողջական իւրացումով եղած է ու կը մնայ առաջնահերթ մտահոգութիւն:

 

Ներկայ ժամանակներուն, կրօնական դաստիարակութիւնը աւելի՜ շեշտակի կարեւորութիւն ստացած է եկեղեցիներու համար: Արդարեւ, համաշխարհայնացումի յառաջացուցած լուրջ վտանգները սկսած են սպառնալ քրիստոնէութեան ինքնութիւնը ու հիմքը կազմող հիմնական հաւատալիքներուն: Ներկայ աշխարհի մարդակեդրոն չափանիշները ու մարդանպատակ մօտեցումները սկսած են հարցականի տակ առնել Քրիստոսի հիմնած հոգեւոր թագաւորութեան սկզբունքները: Արդ, ներկայ աշխարհին մէջ երբ հոգեւոր թագաւորութիւնը Քրիստոսին ու նիւթեղէն թագաւորութիւնը մարդուն մնայուն բախումի մէջ են, Աւետարանի յաւիտենական ճշմարտութիւններով ու արժէքներով քրիստոնեայ մարդուն զինումը անյետաձգելի պարտաւորութիւնն է եկեղեցւոյ: Այս գիտակցութենէն մղուած ու նախանձախնդրութենէն թելադրուած, բոլոր եկեղեցիները հսկայ մարդուժ ու գումար կը տրամադրեն կրօնական դաստիարակութեան, մէկ կողմէն՝ պաշտպանելու իրենց հաւատացեալները մարդկային կեանքէն Աստուծոյ ներկայութիւնը հեռացնող վտանգներու դէմ, եւ միւս կողմէն՝ քրիստոնէական արժէքներով ու սկզբունքներով թրծելու նոր սերունդները:

 

Գ.

 

Հայ եկեղեցւոյ համար քրիստոնէական դաստիարակութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է

 

Հին դարերէն սկսեալ հայ եկեղեցին յատուկ ուշադրութիւն ընծայած է դաստիարակութեան: Արդարեւ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ճառերէն սկսեալ մինչեւ Թարգմանչաց սերունդի հոգեմտաւոր ստեղծագործութիւնները ու ապա Արծաթեայ Դարու մեր եկեղեցւոյ հայրերուն հոգեւոր գրականութիւնը, հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր, բարոյական ու ընկերային ուսուցումներէն ու կանոններէն սկսեալ մինչեւ իր մարդասիրական, աւետարանչական ու դաստիարակչական լայնածաւալ գործունէութիւնը Հայաստանի, Կիլիկիոյ ու Սփիւռքի մէջ, պերճախօս կերպով կը վկայեն հայ մարդու հոգեւոր ու բարոյական դաստիարակութեան նկատմամբ մեր եկեղեցւոյ ցուցաբերած խոր մտահոգութեան ու բարձրագոյն աստիճանի հոգածութեան մասին:

 

Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը հայ եկեղեցւոյ համար կը մնայ ու պէ՜տք է մնայ առաջնահերթութիւն՝ իր հաւատքի առաքելութեան ծիրէն ներս: Այս ուղղութեամբ կարեւոր կը նկատենք ընդգծել կարգ մը հիմնական կէտեր, որոնք իւրայատկութիւնը կը կազմեն հայ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս կատարուող քրիստոնէական դաստիարակութեան.-

 

ա) Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը պէտք չէ ըմբռնել ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ հայեցակէտով. անհրաժեշտ է զայն դիտել հայութիւն-քրիստոնէութիւն փոխ-յարաբերութեան շրջագծէն ներս եւ պատմական հարուստ փորձառութեան լոյսին տակ: Ծանօթ իրողութիւն է, որ հայ ժողովուրդին դարձը քրիստոնէութեան սովորական դէպք մը չէր: Քրիստոնէական հաւատքը ներթափանցեց հայ կեանքէն ներս, շաղուեցաւ հայ կեանքին հետ, նոյնացաւ հայ կեանքի ներքին դրուածքին, տագնապներուն ու ձգտումներուն հետ: Հայութեան ու քրիստոնէութեան այս ամբողջական ու անքակտելի միացումը պէտք է շեշտակիօրէն արտայատուի քրիստոնէական դաստիարակութեան մէջ: Արդարեւ, Քրիստոնէական դաստիարակութեան ու հայեցի դաստիարակութեան միջեւ բաժանման գիծեր գոյութիւն չեն կրնար ունենալ. անոնք պէտք է զիրար ամբողջացնեն, զօրացնեն ու հարստացնեն:

 

բ) Հայ ըլլալ մեզի համար կը նշանակէ քրիստոնեայ ըլլալ: Քրիստոնէութիւնը մարդակերտումի ու հայակերտումի առանցքը ու հէնքը կը կազմէ: Հայեցի դաստիարակութիւնը պէտք է կատարուի քրիստոնէական կրօնի իւրայատուկ ոգիին ու հաւատքին, մտածողութեան ու կեանքին, ոճին ու որակին ամբողջական ու գիտակից ընկալումով: Արդ, քրիստոնէական դաստիարակութիւնը կոչուած է առաջնորդը դառնալու հայեցի դաստիարակութեան: Վաւերական հայու կեանքին մէջ արեւու լոյսին նման պէտք է ճառագայթեն քրիստոնէական արժէքները ու ճշմարտութիւնները:

 

գ) Մեր եկեղեցւոյ համար կրօնական դաստիարակութիւնը չէ եղած ու պէտք չէ դառնայ երբե՜ք սոսկ Աստուածաշունչի ուսուցում: Աստուածաշունչը քրիստոնէական առաքելութեան, ուսուցումներուն, ծէսին ու ընդհանրապէս քրիստոնէական կեանքին կեդրոնն է, անկասկա՜ծ: Աստուածաշունչին հոգեւոր ու բարոյական սկզբունքները բոլոր ժամանակներուն ու բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդներուն համար, հիմնաքարը կը նկատուին քրիստոնէական դաստիարակութեան: Սակայն, Աստուածաշունչը իր ճշգրիտ, հարազատ ու լիիրաւ իմաստը ու արժէքը կը գտնէ եկեղեցւոյ համայնական կեանքէն ներս: Արդ, Սուրբ Գրային պատմութեան ու մեկնաբանութեան հարկ է միացնել դարերու վրայ տարածուած մեր եկեղեցւոյ հոգեմտաւոր ստեղծագործութիւնը, հաւատքի վկայութիւնը, եւ քրիստոնէական հաւատքի կենսագործման ու տարածման համար գործած ու ստեղծագործած եւ իրենց արիւնը թափած մեր հայրապետներուն, մեր սուրբերուն ու նահատակներուն վարքն ու գործը: Այլ խօսքով, քրիստոնէական դաստիարակութեան անհրաժեշտ է մօտենալ համապարփակ հայեցակէտով:

 

Դ.

 

Ինչպէ՞ս կատարել քրիստոնէական դաստիարակութիւնը

 

Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, որ սերտօրէն առնչուած է քրիստոնեայ անհատի ֆիզիքական, հոգեւոր, մտային ու բարոյական աճման ու կազմաւորման հետ, պէտք է կատարուի այնպիսի մօտեցումով ու եղանակով, որ քրիստոնէական հաւատքը կը վերածէ գոյութենական իրականութեան եւ ո՜չ թէ տեսական յղացքի: Ա՜յս հեռանկարով անհրաժեշտ կը նկատենք հետեւեալ յիշեցումները կատարել.-

 

ա) Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան հիմքը կը կազմէ, եւ հետեւաբար, անոր գերագոյն պատասխանատուն եկեղեցին է: Քրիստոնէական դաստիարակութեան հետ աղերս ունեցող ոեւէ գործունէութիւն հարկ է որ տեղի ունենայ եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ: Եկեղեցիէն դուրս, եկեղեցւոյ իշխանութեան սահմաններէն անդին քրիստոնէական հաւատքի ուսուցման ոեւէ փորձ ընդունելի չէ: Երբեմն անհատներու կողմէ, անձնակեդրոն մօտեցումներով ու գրաւիչ ձեւերով կատարուող նման նախաձեռնութիւններ կրնան հաւատացեալները ու մանաւանդ երիտասարդները առաջնորդել սխալ ուղղութեան: Հարկ է ըլլալ զգոյշ նման երեւոյթներու դիմաց:

 

բ) Քրիստոնէական դաստիարակութեան նպատակը մարդու հոգեմտաւոր կազմաւորումը ըլլալով, անհրաժեշտ է որ կարեւորութեամբ նկատի առնուի մարդը շրջապատող ներկայ ժամանակներու մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները: Նո՜յնը կատարեց Քրիստոս: Իր տուած օրինակներուն ու պատմած առակներուն մէջ տիրական ներկայութիւն էին իր ժամանակի երեւոյթները ու հարցերը: Չենք կրնար անտեսել ներկայ աշխարհը: Քրիստոնէութիւնը ընկերութենէն հեռու, ինքնակեդրոն իրականութիւն մը չէ: Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ մարդկային կեանքը յեղաշրջելու ու վերանորոգելու: Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը պէտք է կատարուի նո՜յն մօտեցումով՝ պատրաստելու համար այնպիսի քրիստոնեաներ, որոնք ամբողջական ճանաչումը ունենալով ներկայ աշխարհի չարիքներուն ու տագնապներուն, կարենան յանձնառու դառնալ ընկերութեան մարդակեդրոն արժէքներուն համակարգը շրջելու՝ համաձայն քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտութիւններուն ու հրամայականներուն:

 

գ) Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը պէտք է կատարուի հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն ու մեր կեանքին ներքին դրուածքին համաձայն: Մեր մշակոյթը ու լեզուն, մեր եկեղեցւոյ ծէսը ու կառոյցը, մեր ազգային ըմբռնումներն ու համոզումները անհրաժեշտ է որ իրենց տեղը ունենան կրօնական դաստիարակութեան առնչուած աշխատանքներուն մէջ: Այս բոլորին կողքին, չենք կրնար անտեսել մեր անմիջական շրջապատը: Ցանկապատեր ու սահմաններ փաստօրէն գոյութիւն չունին այլեւս մեր շուրջ: Այս կացութիւնը մեզ կը մղէ մէկ կողմէ՝ ամրօրէն կառչած մնալու մեր իւրայատուկ տեսակէտներուն ու աւանդական մօտեցումներուն, եւ միւս կողմէ՝ զգուշաւոր կերպով բացուելու մեր շրջապատին, անհրաժեշտութեան պարագային որդեգրելով այնպիսի ձեւեր ու միջոցներ, որոնք չեն վտանգեր հայ եկեղեցւոյ ինքնութիւնը եւ իր կողմէ կատարուող քրիստոնէական դաստիարակութեան իւրայատկութիւնը: Բանականաբար դիւրին գործելակերպ մը չէ այս. սակայն ներկայ աշխարհի պարտադրանքին դիմաց հարկ է ցուցաբերել ճկուն ու հաւասարակշռուած մօտեցում, յատկապէս արեւմտեան երկիրներուն մէջ:

 

դ) Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը անհրաժեշտօրէն կարիքը ունի այնպիսի միջոցներու, որոնք քրիստոնէական արժէքներու փոխանցումը կը դարձնեն հետաքրքրական, հեզասահ ու ազդու: Կարելի չէ անտեսել մարդուն անփոխարինելի դերը այս գործընթացին մէջ: Առաքելութիւն մը կ’իրագործուի հաւատք, յանձնառութիւն ու տեսիլք ունեցող մարդոց կողմէ: Մանաւանդ կրօնական դաստիարակութեան նման վեհ աշխատանք մը պէտք է կատարուի այնպիսի անձերու կողմէ, որոնք իրենց կեանքով ու գործով կենդանի օրինակ կը դառնան իրենց քարոզած ճշմարտութիւններուն: Դաստիարակին առընթեր, իւրաքանչիւր ժամանակ ունի դաստիարակութեան յատուկ իր միջոցները. եւ եկեղեցին յաջողած է լայնօրէն օգտագործել իր ժամանակաշրջանին ու միջավայրին ընձեռած կարելիութիւնները: Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ լսողատեսողական միջոցներու ամբողջական ու ճիշդ օգտագործումը վստահաբար մեծապէս արդիւնաւէտ պիտի դարձնէ քրիստոնէական դաստիարակութեան գործը: Արդարեւ, արհեստագիտական միջոցներու գործածութիւնը դարձած է այլեւս բնական ու հրամայական ո՜չ միայն նոր սերունդին, այլ ընդհանրապէս բոլոր տարիքի մէջ գտնուող մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն համար:

 

ե) Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը մնայուն ընթացք մըն է, որ պէտք է կատարուի ծրագրուած ու հետեւողական կերպով եւ հանգրուանային զարգացումով: Այս գործընթացին մէջ եկեղեցւոյ կողքին կարեւոր դեր ունին ընտանիքը ու դպրոցը: Հայ մանուկը իր աչքերը աշխարհին կը բանայ հայ ընտանիքէն ներս, ուր իր ֆիզիքական աճման կ’ընկերանայ իր հոգեւոր աճումը: Հետեւաբար, որքա¯ն վճռական է ծնողքին դերը քրիստոնէական դաստիարակութեան մէջ: Ահա թէ ինչու ընտանիքը նկատուած է ՙփոքր եկեղեցի՚: Իսկ հայ դպրոցը քրիստոնէական դաստիարակութիւնը պէտք է նկատէ անբաժան ու անբաժանելի մասը մարդակերտումի ու հայակերտումի իր առաքելութեան: Մեր կրթական կառոյցներէն ներս, քրիստոնէական դաստիարակութիւնը պէտք չէ տրուի միայն կրօնի ուսուցումով, այլ նաեւ բարոյախօսութեան յատուկ պահերու ճամբով եւ այլ յարմար առիթներու օգտագործումով: Արդ, եկեղեցի, ընտանիք եւ դպրոց սերտ գործակցութիւնը կը նկատենք հրամայական:

 

Ե.

 

Քրիստոնէական դաստիարակութեան վերածրագրում

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը քրիստոնէական դաստիարակութիւնը կը նկատէ իր առաքելութեան ամենէն էական բնագաւառներէն մէկը: Այս յանձնառութենէն մեկնած, մեր Սուրբ Աթոռը անցնող տարիներուն ո՜չ միայն անհրաժեշտ մարդուժ եւ նիւթական ու գործնական լայն կարելիութիւններ տրամադրած է այս յոյժ կարեւոր գործին, այլ նաեւ՝ հրատարակութիւններու, դասախօսութիւններու ու համագումարներու ճամբով լայն ծաւալ ու նոր մղում տուած է քրիստոնէական դաստիարակութեան աշխատանքներուն: Չմոռնանք, որ Կիրակնօրեայ վարժարաններուն հիմքը դրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ, 1930 թուին, եւ շնորհիւ Մեր նախորդ Հայրապետներուն հետեւողական ճիգին, Կիրակնօրեայ վարժարաններու լայն ցանց մը ստեղծուեցաւ Սփիւռքի գաղութներէն ներս: Խոր գոհունակութեամբ կ’ուզենք հաստատել, որ ընդառաջելով Մեր թելադրութիւններուն, եւ նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի զաւակներուն տակաւ աճող հոգեւոր սնունդի կարիքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերէն ներս, Ազգ. Առաջնորդարաններու կառոյցներու շարքին քրիստոնէական դաստիարակութեան յատուկ բաժանմունքներ հաստատուեցան, որոնք աշխոյժ կերպով լծուած են աշխատանքի:

 

Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը թէ՜ մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ՝ համազգային մակարդակով եւ թէ մեր թեմերուն կողմէ՝ թեմական սահմաններէն ներս, անհրաժեշտ է որ շարունակուի վերանորոգ թափով ու միշտ նկատի ունենալով մեզ շրջապատող պայմանները ու ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրները: Դիւրին չէ դաստիարակչական աշխատանքը. մանաւանդ դիւրին չէ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը մեր նոր սերունդին, որ ամէ՜ն վայրկեան ու ամէ՜ն տեղ շրջապատուած է մարդուն մէջ հոգեւոր ու բարոյական արժէքները փճացնող երեւոյթներով: Այս մտահոգիչ կացութեան դիմաց մեր աշխատանքը պէտք է դառնայ աւելի՜ կազմակերպ, մեր կամքը՝ աւելի՜ զօրեղ, մեր նուիրումը՝ աւելի՜ ամբողջական: Ահա այս ակնկալութեամբ հետեւեալ գործնական թելադրութիւնները կ’ուզենք կատարել.-

 

ա) Մեր ընտանիքներէն ներս աւելի լուրջ կարեւորութիւն պէտք է ընծայուի քրիստոնէական դաստիարակութեան: Շեշտեցինք ընտանիքի վերապահուած կեդրոնական դերը այս ուղղութեամբ: Սակայն, ինչպէ՞ս մանուկը հոգեւոր ու բարոյական առողջ կազմաւորում կրնայ ստանալ, երբ հայ ընտանիքներէն սկսած են հեռանալ մեր կրօնական արժէքները, հոգեւոր ապրումները ու եկեղեցական աւանդութիւնները. երբ խառն ամուսնութիւններ ու ամուսնալուծումներ սկսած են իրենց ներկայութիւնը զգալի դարձնել հայ ընտանիքներէն ներս: Հայ ծնողքը հայ մանուկին հոգեկերտումի ու հայակերտումի առաջին ու մնայուն դաստիարակն է: Հետեւաբար, հայ մանուկին քրիստոնէական կազմաւորումը անհրաժեշտօրէն կ’ենթադրէ նաեւ հայ ընտանիքի՜ն քրիստոնէական դաստիարակութիւնը:

 

բ) Կարեւորութեամբ ընգծեցինք թէ՝ հայեցի առողջ դաստիարակութեան հիմքը քրիստոնէական դաստիարակութիւնն է: Անհրաժեշտ է հետեւաբար, որ այս խոր համոզումով քրիստոնէական դաստիարակութեան մօտենան մեր դպրոցները, ուր կրօնի ուսուցումը պէտք է դառնայ պարտադիր: Աստուածաշնչական դէպքերու ու դէմքերու կողքին, մեր եկեղեցւոյ պատմութեան դասաւանդումը, ինչպէս նաեւ մեր բարոյական արժէքներու փոխանցումը հայ աշակերտին կը նկատենք խիստ հրամայական: Այս գծով մեր Թեմակալ Առաջնորդներն ու Ազգային Իշխանութիւնները պէտք է դառնան խստապահանջ:

 

գ) Բարձր գնահատելով հանդերձ մեր թեմերուն կողմէ կատարուող եռուն գործունէութիւնը քրիստոնէական դաստիարակութեան մարզէն ներս, կը սպասենք որ այդ դառնայ աւելի՜ ծրագրուած ու մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս թափանցող: Սուրբ Գրոց սերտողութիւնները եւ հոգեւոր դասախօսութիւնները բնականաբար իրենց կարեւոր դերը ունին: Անհրաժեշտ է միաժամանակ այնպիսի գործնական քայլերու դիմել, որով կարելի ըլլայ ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս մեր կրօնական արժէքները ու աւանդութիւնները կենդանի ներկայութիւն դարձնել, եւ յատկապէս նոր սերունդը ներգրաւել՝ անոր հոգեւոր կարիքներուն գոհացում տալով, հարցադրումներուն ու սպասումներուն պատասխաններ գտնելով, եւ երկխօսութեան ճամբով հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան հաղորդ դարձնելով:

 

դ) Քրիստոնէական դաստիարակութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ մեր եկեղեցւոյ ծէսը, որ անհրաժեշտօրէն կարիքը ունի բարեկարգութեան՝ ապահովելու համար ժողովուրդին աւելի լայն մասնակցութիւնը: Այս ծիրէն ներս յատկապէս քարոզախօսութիւնը կը նկատենք կարեւոր: Քարոզին նպատակը պէտք չէ միայն Աստուածաշունչին մեկնաբանութիւնը ըլլայ, այլ՝ Քրիստոսի պատգամին փոխանցումը ժողովուրդին, ներկայ ժամանակներու մտահոգութիւններուն, հրամայականներուն ու մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ: Այս մօտեցումով տրուած քարոզ մը ու հոգեպարար արարողութիւն մը ո՜չ միայն հոգեպէս պիտի ներշնչեն մեր հաւատացեալները, այլ նաեւ մեծապէս պիտի նպաստեն անոնց հոգեւոր աճման ու դաստիարակութեան:

 

ե) Կիրակնօրեայ վարաժարաններու ներկայ ցանցը անհրաժեշտօրէն կարիքը ունի վերաշխուժացման: Այս մարզէն ներս աշակերտութեան թիւի նուազում եւ ընդհանուր հետաքրքրութեան պակաս մը կը նշմարենք: Կիրակնօրեայ վարժարանին դերը անփոխարինելի է, որպէս ամբողջացուցիչ ընտանիքի ու դպրոցի կողմէ ջամբուող կրօնական դաստիարակութեան: Մեր սպասումն է, որ մեր թեմերը վերակազմակերպումի ենթարկեն եկեղեցիներու ու դպրոցներու կողքին գործող Կիրակնօրեայ վարժարանները: Մեր հայրական ջերմ թելադրանքն է, որ մեր ծնողները իրենց զաւակները եւ դպրոցները իրենց աշակերտները առաջնորդեն Կիրակնօրեայ վարժարան:

 

*

*  *

 

Սիրելի՜ զաւակներ հայ եկեղեցւոյ,

 

Հայ մարդու քրիստոնեայ կերտումը նո՜յնքան անհրաժեշտ է որքան՝ հայակերտումը, ազգակերտումը, հայրենակերտումը: Արդարեւ, ժամանակներու ժանգին ու փոշիին եթէ դիմացանք՝ պահելով մեր ազգային ինքնութիւնը ու միութիւնը, մեր դաւանած ու ապրած քրիստոնէական արժէքները ու ճշմարտութիւնները իրենց ճշդորոշիչ դերը ունեցան: Խորապէս կը հաւատանք, որ Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին յայտնուած ու Սուրբ Թադէոս ու Սուրբ Բարթողիմէոս առաքեալներու ճամբով հայ կեանքէն ներս մուտք գործած, եւ մեր հայրապետներու ու սուրբերու կողմէ քարոզուած, պահպանուած ու պաշտպանուած քրիստոնէական հոգեւոր ու բարոյական արժէքները ու յաւիտենական ճշմարտութիւններն են, որոնք դարձեալ մեզ պիտի պահեն առողջ ու զօրեղ ներկայ աշխարհի ապաքրիստոնէացնող ու ապահայացնող հոսանքներուն դիմաց:

 

Ա՜յս գերազանցօրէն սրբազան նպատակին է լծուած հայ եկեղեցին քրիստոնէական դաստիարակութեան ճամբով: Այս խոր գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ մեր Թեմակալ Առաջնորդները ու Ազգային Իշխանութիւնները, մեր ընտանիքներն ու կրթական պատասխանատուները եւ ընդհանրապէս մեր կեանքէն ներս գործող կառոյցները պէտք է մօտենան քրիստոնէական դաստիարակութեան:

 

Հետեւաբար, կոչ կ’ուղղենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն, բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութիւն ընծայելու քրիստոնէական դաստիարակութեան՝

 

1) Վերակազմակերպելով քրիստոնէական դաստիարակութիւնը իր բոլոր երեսներով ու մարզերով:

 

2) Դպրոցներէն ներս կարեւոր տեղ տալով կրօնի ուսուցման ու բարոյախօսութեան:

 

3) Նիւթական անհրաժեշտ կարելիութիւնները յատկացնելով ու մարդուժ տրամադրելով քրիստոնէական դաստիարակութեան կապուած ծրագիրներուն:

 

4) Ժողովրդային ու երիտասարդական դասախօսութիւններու, հաւաքներու ու հրատարակութիւններու ճամբով, հայ եկեղեցւոյ տեսակէտներուն հաղորդ դարձնելով մեր ժողովուրդի զաւակները՝ ներկայ ընկերութիւնը յուզող կրօնական, ընկերային ու բարոյական խնդիրներու շուրջ:

 

5) Թելադրելով քահանայ հայրերուն, յաճախակի ծխային այցելութիւններով հոգեւոր սնունդ մատակարարելու մեր ընտանիքներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն ու բանտարկեալներուն:

 

Մեր խոր համոզումն է, որ հաւատքով ու նուիրումով կատարուած քրիստոնէական դաստիարակութիւնը մեծապէս պիտի նպաստէ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն քրիստոնէական հաւատքի զօրացման, հոգեւոր աճման ու հոգեմտաւոր կազմաւորման:

 

Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային շնորհքներով զօրացնէ քրիստոնէական դաստիարակութեան նուիրական առաքելութեան լծուած մեր Թեմակալ Առաջնորդները, մեր հոգեւոր դասը ու ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ այս սրբազան նպատակի իրագործման նպաստող մեր թեմական իշխանութիւնները, մեր բարերարներն ու կառոյցները:

Հայրական ջերմ սիրով ու օրհնութեամբ,

 

Աղօթարար՝

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

1 Յունուար, 2008

Անթիլիաս, Լիբանան

 

More News