23 March, 2008

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը

ՙԱՄՈՒ՜Ր ՊԱՀԵՑԷՔ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ՚

 

Բեթղեհէմի մէջ մարդեղացած Աստուծոյ Որդւոյն պատգամը իր էութեամբ  ու իւրայատկութեամբ ճշմարտօրէն ըմբռնած եւ անոր տարածման ռահվիրան դարձած Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ՝ ՙԱմո՜ւր պահեցէք այդ ազատութիւնը, եւ վերստին ստրկութեան լուծին տակ մի մտնէք՚ (Գաղ. 5: 4):

 

Արդարեւ, յաճախ տարբեր անուններով, բնորոշումներով կամ պատկերներով, այսպէս՝ փրկութիւն, վերստին ծնունդ, երկրորդ արարչութիւն, Աւետարանի էջերուն վրայ յիշուած ազատութեան գաղափարը հէնքը կը կազմէ Քրիստոսի առաքելութեան, առանցքը իր պատգամին ու նպատակը իր խաչին ու յարութեան:

 

Աստուծոյ Որդին մարդեղացաւ՝ մեղքին կողմէ գերուած մարդը ազատագրելու. խաչ բարձրացաւ՝ մահով մահը յաղթելու եւ մարդը ազատութեան վրայ կերտուած կեանքի վերստին կոչելու:

 

Ազատութիւնը մարդուն արժանիքը չէ, այլ Աստուծոյ պարգեւն է: Ազատութիւնը մարդուն կողմէ նուաճուած իրաւունք մը չէ, այլ Քրիստոսի արիւնով գնուած աստուածատուր շնորհք է: Մարդը կոչուած է ո՜չ միայն պահելու զայն ու անո՜վ իր կեանքը արժեւորելու, այլ զայն աւելի՜ հարստացնելու որպէս սրբազան ժառանգ: Ահա թէ ինչու  Առաքեալը ազատութեան շնորհքին արժանի դարձած քրիստոնեաներուն կը պատուիրէ՝ ՙԱմո՜ւր պահեցէք այդ ազատութիւնը՚:

 

Առաքեալին մատնանշած ազատութիւնը Քրիստոսի քարոզութեամբ ու հրաշագործութեամբ պարզուած եւ խաչով ու յարութեամբ կենսագործուած արժէքներու ու ճշմարտութիւններու համակարգն է: Այս համակարգին վրայ Քրիստոս հիմնեց իր թագաւորութիւնը:

 

Ինչպէ՞ս կարելի է ամուր պահել ազատութիւնը: Ի՞նչ կը սպասուի Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած քրիստոնեայէն:

 

Առաջին, հաւատարիմ ըլլալ Քրիստոսի պատուիրաններուն, որոնց մէջ առաջնահերթը սէ՜րն է: Ուր սէր կայ, հոն բարութիւն, ճշմարտութիւն, արդարութիւն ու խաղաղութիւն կը տիրէ, այլ խօսքով՝ ազատութիւն: Հոն ուր սէրը ներկայութիւն է, չարը չի կրնար մօտենալ: Քրիստոնէական հաւատքը կը մերժէ անձնասիրութիւնը. ան կը պահանջէ մեր դրացին, նոյնիսկ մեր թշնամին սիրել: Սէրն է ազատութեան առաջնորդող ճամբան:

 

Երկրորդ, պատասխանատու վերաբերում ունենալ ազատութեան նկատմամբ: Մարդու տրուած ազատութիւնը սահմանափակ է: Բացարձակ ազատութիւնը կը դառնայ աղբիւր բռնութեան ու անիշխանութեան: Ազատութիւնը պէտք է գործածել պատասխանատուութեամբ եւ ո՜չ թէ քմահաճ կերպով, հաւաքական շահերու եւ ո՜չ թէ անձնական նպատակներու: Անձնակեդրոն ազատութիւնը միայն չարիք կը յառաջացնէ:

 

Երրորդ՝ համարատու ըլլալ ուրիշին նկատմամբ: Ճշմարիտ ազատութիւնը կը մերժէ ինքնակեդրոն ու ինքնաբաւ մօտեցում: Ան համարատուութեան վրայ խարսխուած փոխ-յարաբերութիւն ու համագործակցութիւն կ’ենթադրէ: Համարատուութիւնը միակողմանի պահանջ չէ, այլ երկկողմանի պարտաւորութիւն: Համարատուութիւնը աղբիւր է վստահութեան ու ամուր կռուանը ազատութեան:

 

Ազատութեան այս կերպ ըմբռնումը ու իրագործումը ընկերութիւնը կ’առաջնորդէ դէպի իրաւ ու ամբողջական արդարութիւն ու խաղաղութիւն: Այլապէս, ազատութիւնը կը շահագործուի անձնակեդրոն նպատակներու՝ պատճառ դառնալով բարոյական արժէքներու նահանջին ու ընկերային չարիքներու յառաջացման:

 

Յորդորելէ յետոյ թէ ազատութիւնը ամուր պահեցէք, Առաքեալը կը զգուշացնէ մեզ ըսելով՝ ՙվերստին ստրկութեան լուծին տակ մի՜ մտնէք՚: Ստրկութեան լուծին տակ մտնելը, դա՜րձեալ Առաքեալին բառերով, մասնակից դառնալ է ՙխաւարին գործերուն՚ (Եփ. 5:11): Ու որքա՜ն այլազան են ու բազմազան եւ մանաւանդ սարսափազդու՝ մարդը անմարդկայնացնող ու Աստուծմէ հեռացնող ՙխաւարին գործերը՚…:

 

*

*  *

 

Քրիստոսի յարութեամբ իրագործուած մարդու ազատագրութեան տօնի այս օրերուն, մեր հայեացքը դա՜րձեալ կ’ուղղենք մեր հայրենիքին:

 

Մտահոգ է հայ ժողովուրդը, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, ի տես Հայաստանի մէջ վերջին շրջանին պարզուած ողբերգական տեսարաններուն:

 

Ընդվզած է հայ ժողովուրդը ի տես հայրենիքը ու ազգը ինքնաքանդումի առաջնորդող երեւոյթներուն:

 

Կարելի չէ անտարբեր մնալ նման կացութիւններու դիմաց: Հայաստանը ամբո՜ղջ հայութեան հայրենիքն է: Ինչպէս մեր ժողովուրդի հայրենաբնակ զաւակները, նոյնպէ՜ս պայմաններու պարտադրանքով աշխարհի բոլոր անկիւնները ցրուած մեր ժողովուրդին զաւակները պարտաւորութիւններ ու իրաւունքներ ունին հայրենիքին նկատմամբ: Այս գիտակցութենէն ու յանձնառութենէն մղուած՝

 

Սփիւռքի հայը գործնապէս կը մասնակցի հայրենաշինութեան՝ միաժամանակ ընդվզելով հայրենաքանդումի որեւէ փորձի դէմ:

 

Կը գուրգուրայ Հայաստանի անկախութեան՝ միաժամանակ զգուշացնելով հայրենաբնակ հայութիւնը հեռու մնալու այնպիտի գործընթացներէն, որոնք կրնան վտանգել Հայաստանի անկախութիւնը:

 

Կառչած կը մնայ ազատութեան նուիրական արժէքին՝ վերաբերում ճշդելով այն բոլոր փորձերուն նկատմամբ, որոնք ազատութեան չարաշահումով կրնան նահանջի մատնել ժողովրդավարութեան լիարժէք կենսագործումը: 

 

Նախանձախնդիր կը մնայ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման նկատմամբ՝ քննադատական կեցուածք ճշդելով այն բոլոր գործելաձեւերուն գծով, որոնք ընկերային, քաղաքական ու տնտեսական անհաւասարութիւն ու անկայունութիւն կը յառաջացնեն եւ Հայաստանը կ’առաջնորդեն դէպի անորոշութիւն:

 

Պարտաւորութեան ու իրաւունքի գիտակցութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ զսպանակուած Սփիւռքի մօտեցումը հայրենիքին նկատմամբ, միշտ պէտք է ըլլայ իրապաշտ՝ հեռու ամէն ինչ վարդագոյն տեսնելու, ամէն բանի ռոմանթիք հայրենասիրութեամբ մօտենալու եւ տագնապներու վրայէն թեթեւօրէն անցնելու դիւրին արժեւորումներէ ու մակերեսային դատումներէ:

 

Հայրենիքը կը կառուցուի ինքնաքննական լուրջ մօտեցումով, ինքնաքննադատական առողջ ոգիով, հարցերը ճիշդ տեսնելու եւ տագնապները համապարփակ ու հայեցակէտով քննելու հաւաքական իմաստութեամբ ու քաջութեամբ: Հայրենիքին առողջ դիմագիծ տուողը, անոր ոգի ու տեսիլք ներարկողը, անոր հզօրութիւնը ապահովողը ժողովո՜ւրդն է: Իսկ ժողովուրդին հզօրութիւնը կը կերտուի բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներով, միասնական ոգիով ու հայրենիքին ապագային նկատմամբ ունեցած իր խոր հաւատքով:

 

Ճի՜շդ է, Հայաստանը տակաւին շուրջ քսան տարիներու անկախութեան փորձառութիւն ունի: Մեր փորձառութիւնը աւելի խորացնելու ճամբուն վրայ երբեմն տագնապներու ու փորձութիւններու կրնանք հանդիպիլ: Սակայն, անհանդուրժողական ոգիի նման քանդիչ դրսեւորումներ, բիրտ արարքներով արտայայտուող բեւեռացումներ, նոյն ազգի զաւակներուն միջեւ թշնամական վերաբերումներ անբնական են ու անընդունելի:

 

Երկրի մը անկախութեան հիմքը ու անոր յառաջդիմութեան գրաւականը անկասկած ժողովրդավարութիւնն է: Ժողովրդավարութիւնը կ’ենթադրէ ազատութիւն. բայց այնպիսի ազատութիւն, որ խարսխուած ըլլայ պատասխանատութեան ու համարատուութեան սկզբունքներուն վրայ: Ժողովրդավարութիւնը կը պահանջէ տեսակէտներու բազմազանութիւն. բայց բազմազանութեան այնպիսի ըմբռնում, ուր ազգին եւ հայրենքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերը վեր նկատուին անհատական ու կուսակցական շահերէ: Ժողովրդավարութիւնը կը պարտադրէ քաղաքա-տնտեսական թափանցիկ համակարգի ստեղծում. բայց այնպիսի համակարգի, ուր ընկերութեան կեանքէն ներս ճնշողի ու ճնշուողի, հարուստի ու աղքատի, մասնակցողի ու անտեսուողի դասակարգեր չյառաջանան:

 

Ժողովուրդը պէտք չէ խաբել, ժողովուրդը պէտք չէ կեղեքել. ժողովուրդը պէտք չէ առաջնորդել այնպիսի վիճակներու, որոնց հետեւանքները կրնան դառնալ աղիտալի նոյն  ի՜նքն ժողովուրդին համար:

 

Ստեղծուած մտահոգիչ կացութեան դիմաց, բոլո՜րս ալ ցաւեցանք, ընդվզեցանք, տագնապեցանք: Ժամա՜նակն է այլեւս, որ նայինք յառաջ եւ լրջօրէն մտածենք ողբերգութեան հետքերը դարմանելու մասին:

 

Հեռու պէտք է մնանք նոր բեւեռացումներ յառաջացնող գրգռիչ արտայայտութիւններէ, մեր ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ ոխ ու ատելութիւն սերմանելու փորձերէ, յաղթականի ու յաղթուողի, դատապարտեալի ու դատապարտողի մօտեցումներէ: Բոլորս ալ նո՜յն հայրենիքին զաւակներն ենք: Ա՜յս ոգիով իրարու պէտք է մօտենանք, որքան ալ տարբեր ըլլան մեր քաղաքական տեսակէտները:

 

Միջազգային համայնքէն ներս Հայաստանի ու հայութեան վարկին վերականգնումը անյետաձգելի առաջնահերթութիւն է՝ մեր համազգային այլ առաջնահերթութիւններու շարքին: Հետեւաբար, անցեալի դառն փորձառութիւնը մեզ պէտք է մղէ բոլորուելու հայրենիքի ու ժողովուրդին հաւաքական շահերուն շուրջ՝ մի՜ասնաբար լուծումներ որոնելու մեզ յուզող հիմնահարցերուն ու մի՜ասնաբար դիմագրաւելու մեր առջեւ կանգնող մարտահրաւէրները:

 

Լսենք Առաքեալին պատգամը՝

 

Ամուր ու առողջ պահենք Աստուծոյ գերագոյն պարգեւը, մեր նահատակներու արիւնով կնքուած ու մեզի որպէս սրբազան կտակ փոխանցուած ազատութիւնը:

 

Ազատութիւնը ապրինք ու կիրարկենք հաւատարմութեամբ, պատասխանատուութեամբ ու համարատուութեամբ, որպէսզի այլ տեսակի ՙստրկութեան՚ չմատնուի մեր ժողովուրդը:

 

*

*  *

 

Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Նորին Վսեմութիւն Ռոպերթ Քոչարեանը, եւ նորընտիր Նախագահ Նորին Վսեմութիւն Սերժ Սարգսեանը, իրենց մաղթելով քաջառողջութիւն, ինչպէս նաեւ ամբողջական յաջողութիւն ի սպաս մեր հայրենիքին հզօրութեան ու սիրելի ժողովուրդին բարօրութեան կատարած իրենց ջանքերուն: 

 

Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք մեր եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու Գահակալները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանը, եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը, իրենց մաղթելով եկեղեցանուէր ու ազգաշէն ծառայութիւններով հարուստ երկար գահակալութիւն:

 

Հայրական օրհնութեամբ ու սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային Իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալները: Կը հայցենք յարուցեալ Փրկչէն, որ առաւել եւս զօրացնէ իրենց հաւատքն ու յոյսը, եւ իր երկնային շնորհքներով պայծառացնէ մեր ազգին կեանքը:

 

 ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Սուրբ Զատիկ, 2008

Անթիլիաս