14 July, 2020

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ

Երկուշաբթի, 13 Յուլիս 2020-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կապ հաստատեց Հայաստանի վարչապետ մեծայարգ Նիկոլ Փաշինեանին հետ եւ իր օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց քաջարի բանակին։

 

Նոյն օրը երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը նաեւ կապ հաստատեց Արցախի Հանրապետութեան մեծարգոյ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ: Հայրապետը իր մտահոգութիւնը յայտնելէ ետք ստեղծուած կացութեան, իր հայրական օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը փոխանցեց հայոց բանակին:

More News