2 January, 2009

2009։ Երիտասարդութեան Տարի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Թեմակալ Առաջնորդներուն,

Հոգեւոր Դասուն,

Ազգային Իշխանութեանց, եւ

մեր ժողովուրդի զաւակներուն,

 

Նոր բացուող տարուան սեմին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն կ’ողջունենք ձեզ՝ Հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով:

 

Ինչպէս գիտէք, վերջին վեց տարիներուն Մեր որդեգրած աւանդութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարին կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները լուսարձակի տակ բերելու մեր հաւաքական կեանքին առնչուած նուիրական արժէք մը, լուրջ մարտահրաւէր մը կամ հիմնական մտահոգութիւն մը՝ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը աւելի՜ կազմակերպելու, մեր հոգեւոր ինքնութիւնը աւելի՜ ծաղկեցնելու ու հայեցի դիմագիծը աւելի՜ պայծառացնելու հեռանկարով:

 

Այս նախանձախնդրութենէն մղուած, 2003 տարին հռչակած էինք “Աստուածաշունչի Տարի”, 2004ը՝ “Ընտանիքի Տարի”, 2005ը՝ “Ազգային Պահանջատիրութեան Տարի”, 2006ը՝ “Հայ Դպրոցի Տարի”, 2007ը՝ “Հայ Լեզուի Տարի”, 2008ը՝ “Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Տարի”: Նոյն սպասումով, 2009 տարին կը հռչակենք՝

 

ՙԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ՚

 

Արդարեւ, երիտասարդութիւնը մնայուն ու առաջնահերթ տեղ է գրաւած Մեր Հայրապետական պատգամներուն, մտածումներուն ու գործունէութեան մէջ: Ոչ միայն կարեւորութեամբ շեշտած ենք երիտասարդութեան կենսական դերը հայ կեանքէն ներս, այլ նաեւ ու մանաւանդ յատուկ ճիգ ենք թափած առաւելագոյն չափով մեր երիտասարդները ներառելու եկեղեցւոյ առաքելութեան ծիրէն ներս: Վերջերս ֆրանսերէն լեզուով Մեր հրատարակած գիրքը՝ “Վերանորոգուած Աշխարհի մը համար” ձօնեցինք հայ երիտասարդութեան, յիշեցնելով որ ան կոչուած է վճռական դերակատարութեան մեր եկեղեցւոյ ու ազգի վերանորոգման մէջ: Խօսելով դարձեալ երիտասարդութեան իւրայատուկ կարեւորութեան մասին, շուրջ երկու շաբաթներ առաջ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Մեր նախագահութեամբ տեղի ունեցած Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, իր կարգին, շեշտեց թէ՝ “երիտասարդութիւնը մեր կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկն է”:

 

Արդ, 2009 տարին Երիտասարդութեան Տարի հռչակելը պարագայական կամ ձեւական երեւոյթ մը չէ: Երիտասարդութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ազգին համար առաջնահերթ մտահոգութիւն է, ու պէտք է դառնայ, իր լուրջ տագնապներով ու արդար սպասումներով, իր հարուստ կարողականութեամբ ու իւրայատուկ դերակատարութեամբ:

 

*

*  *

 

21-րդ դարը ոմանք կը բնորոշեն որպէս կրօնի դար. ուրիշներ՝ որպէս արհեստագիտութեան դար. տակաւին կարելի է այլ բնութագրումներով ներկայացնել արմատական փոփոխութիւններու ու հսկայաքայլ յառաջդիմութիւններու մէջ գտնուող ներկայ աշխարհը: Բոլոր մօտեցումները ճիշդ ըլլալով հանդերձ, ներկայ ժամանակաշրջանը մարդկային պատմութեան Մենք կը նկատենք որպէս երիտասարդութեան վերազարթօնքի շրջան: Արդարեւ, երբ նայինք մեր շրջապատին, վստահաբար պիտի նշմարենք թէ երիտասարդութիւնը տիրական ներկայութիւն է ամենուրէք: Ան գործօն ներկայութիւն է կրօնական աշխարհէն ներս, մշակութային բնագաւառէն ներս, քաղաքական մարզէն ներս, տնտեսական կալուածէն ներս եւ ընկերութեան կեանքի այլազան երեսներուն վրայ: Երիտասարդութիւնը սկսած է մանաւանդ տեսանելի ներկայութիւն դառնալ ղեկավարութեան բարձրագոյն մակարդակներու վրայ: Այս իրողութենէն մեկնելով, կրօններ, մշակոյթներ, քաղաքական թէ տնտեսական կառոյցներ առաջնահերթ կարեւորութիւն սկսած են ընծայել երիտասարդութեան՝ յատուկ հիմնադրամներ հաստատելով ու ծրագիրներ մշակելով, ինչպէս նաեւ երիտասարդութիւնը ստեղծագործ աշխատանքի մղող այլազան նախաձեռնութիւններու դիմելով:

 

Պատահական երեւոյթներ չեն ասոնք: Երիտասարդութիւնը արիւնը կը կազմէ ընկերութեան կեանքին, ողնասիւնը՝ համայնքի մը ու բաբախող սիրտը՝ կառոյցի մը: Այլ խօսքով, ան կենսունակութիւն հայթայթող ու շարունակականութիւն ապահովող այն ուժն է մարդկային կեանքին, առանց որուն պիտի թառամի ընկերութեան մը կեանքը, պիտի դանդաղի անոր աշխատանքի թափը, պիտի տկարանայ անոր կամքը ու մթագնի անոր ապագայ տանող ճամբան:

 

Մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքէն ներս գործող կառոյցները, վերջին տասնամեակներուն, առաւել կամ նուազ չափով ու զանազան կերպերով, սկսած են երիտասարդութեան կարեւորութիւնը շեշտել: Արդարեւ, հպանցիկ ակնարկ մը մեր շրջապատին, ցոյց պիտի տայ հետզհետէ աճող նախանձախնդրութիւն մը հայ երիտասարդութեան նկատմամբ:

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւս, նո՜յն մօտեցումով ու նո՜յն մտահոգութենէն մեկնած, սկսած է վերարժեւորել մեր կեանքէն ներս երիտասարդութեան ներկայութեան ու դերակատարութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը: Այսպէս, շուրջ վեց տարիներ առաջ, Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատեցինք երիտասարդութեան յատուկ բաժանմունք: Թելադրեցինք մեր թեմերուն՝ Ազգ. Առաջնորդարաններու ծառայութեան ծիրէն ներս երիտասարդութեան յատուկ ծրագիրներ մշակել: Երեք առիթներով երիտասարդաց համասփիւռքեան համագումարներ կազմակերպեցինք. եւ վերջին երկու Ազգային Ընդհանուր Ժողովներուն օրակարգի առանձին նիւթ դարձուցինք երիտասարդութիւնը: Զանազան առիթներով, անգլերէն լեզուով ու երկխօսութեան ձեւով, եւ նկատի ունենալով յատկապէս արեւմտեան երկիրներուն մէջ ապրող մեր երիտասարդները, ներկայ երիտասարդութիւնը յուզող խնդիրներուն անդրադարձանք: Այս աշխատանքներուն առընթեր, Մեր ուշադրութեան յատուկ առարկան դարձաւ միշտ երիտասարդութիւնը միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց, քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան եւ Կաթողիկոսարանի առաքելութեան այլ բնագաւառներէն ներս:

 

Հակառակ այս գործնական քայլերուն, բաւարար չենք նկատեր երիտասարդութեան ուղղութեամբ ցարդ կատարուած աշխատանքը: Տակաւին շա՜տ ընելիք կայ: Նո՜յն մտահոգութիւնը յայտնեցինք վերջին Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին, ըսելով՝ ՙԵրիտասարդութիւնը մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին ու հայրենիքին եւ մեր բոլոր կառոյցներուն համար հարկ է որ դառնայ մնայուն ու հիմնական մտասեւեռում: Եթէ կþուզենք հայրենիքը զօրացնել, պէտք է դառնանք երիտասարդութեան. եթէ կþուզենք եկեղեցին պայծառացնել, պէտք է դառնանք երիտասարդութեան. եթէ կþուզենք մշակոյթ ծաղկեցնել, դարձեալ պէտք է դառնանք երիտասարդութեան՚:

 

Արդ, մեկնելով այս անհերքելի իրողութենէն, Հայրապետական այս Գիրով պիտի ուզէինք նախ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ բաժնել մի քանի մտածումներ եւ ապա հրաւիրել մեր երիտասարդները լրջօրէն խորհրդածելու կարգ մը երեւոյթներու ու մտահոգութիւններու մասին:

 

*

*  *

 

Կ’ուզենք սկսիլ յաճախ լսուող հետեւեալ հարցադրումներով՝ ո՞ւր է երիտասարդութիւնը այսօր, ի՞նչ մտահոգութիւններ կը դիմագրաւէ ու ի՞նչ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի:

 

Խօսելով երիտասարդութեան մասին, ընդհանրապէս կþըսուի թէ ան տագնապի մէջ է: Մեր հայեցողութեամբ երիտասարդութիւնը տագնապի մէջ չէ, այլ՝ տագնապահար ներկայ աշխարհին մէջ փնտռտուքի մէջ է: Երիտասարդութեան փնտռտուքը ունի երեք տարբեր սակայն իրարու հետ սերտօրէն ագուցուած տարածքներ.-

 

Ա.- ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՓՆՏՌՏՈՒՔ: Ներկայ ժամանակներու երիտասարդը, բոլոր ընկերութիւններու կեանքէն ներս, ինքնութեան փնտռտուքի մէջ է: Յարատեւ շարժումի մէջ գտնուող աշխարհը, ուր արմատական փոփոխութիւններ կը յեղաշրջեն արժէքներ ու աւանդութիւններ, կառոյցներ ու համակարգեր, երիտասարդութիւնը կը մատնէ բեւեռացումի՝ երբեմն բողոքի, երբեմն ինքնակղզիացումի ու երբեմն ընկերային այլազան յոռի երեւոյթներու ճամբով արտայայտուող: Ինքզինք ըլլալու իւրայատուկ դիմագիծ ու ինքզինք արտայայտելու ինքնուրոյն կերպ փնտռող երիտասարդութիւնը փաստօրէն շուարումի մատնուած է: Երիտասարդութեան այս հոգեվիճակը յաճախ զինք կþառաջնորդէ տարօրինակ մտածելակերպերու, գործելակերպերու ու կենցաղակերպերու:

 

Բ.- ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՓՆՏՌՏՈՒՔ: Աշխարհի կրօնները չկրցան քայլ պահել յարափոփոխ աշխարհի յառաջացուցած նոր պայմաններուն հետ: Անոնք մնացին ներամփոփ ու անհաղորդ արտաքին աշխարհի իրականութիւններուն: Այս կացութիւնը հոգեւոր կեանքի նկատմամբ յատուկ հակում ու զգայնութիւն ունեցող երիտասարդները յաճախ կը մղէ հոգեւոր արժէքներ փնտռելու իրենց պատկանած կրօններու կառոյցներէն դուրս: Երբ կրօններ չեն կրնար գոհացնել իրենց երիտասարդներուն հոգեւոր ծարաւը՝ օգտակար դառնալով անոնց հոգեւոր աճման ու կազմաւորման, եւ միւս կողմէն՝ երբ կրօնը որպէս ազդու միջոց կը շահագործուի այլ նպատակներու, կրօնական ճշմարտութիւններու փնտռտուքին մէջ գտնուող երիտասարդները ենթակայ կը դառնան արտաքին վնասաբեր ազդեցութիւններու:

 

Գ.- ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՓՆՏՌՏՈՒՔ: Բազմակրօն, բազմագոյն ու բազմամշակոյթ ընկերութիւնները, ուր աշխարհայեացքներու ու աւանդութիւններու, արժէքներու ու արժեչափերու ակնբախ բախում մը տեղի կþունենայ, երբեմն նոյնիսկ բիրտ միջոցներով ու արտայայտութիւններով, սկսած են ծնունդ տալ բարոյական արժէքներու ու ըմբռնումներու նոր համակարգի: Ոմանք այս կացութեան մէջ կը տեսնեն աւանդական բարոյական արժէքներու նահանջ. ուրիշներ՝ ներկայ աշխարհի իրականութեանց համահունչ նոր արժէքներու յառաջացում: Հետեւաբար ոմանց համար բարոյապէս անընդունելի նկատուող երեւոյթներ, ուրիշներուն համար դարձած են բնական: Այս շփոթ կացութեան դիմաց բարոյական արժէքներու նկատմամբ յստակ արեւելում ունենալու փնտռտուքին մէջ է երիտասարդութիւնը:

 

Բնականաբար նոյն այս շփոթահար պայմաններու ազդեցութեան տակ կը գտնուի այսօր նաե՜ւ հայ երիտասարդութիւնը, որ անբաժան ու անբաժանելի մասը կը կազմէ ներկայ ընկերութեան: Հարկ է ըլլալ իրապաշտ: Չենք կրնար կղզիացած ապրիլ ներկայ աշխարհին մէջ: Մնայուն ու գոյութենական փոխ-յարաբերութեան մէջ կը գտնուինք մեր շրջապատին հետ: Ներկայ ընկերութեան մէջ “մեր”ի եւ “ձեր”ի յստակ բաժանումները փաստօրէն սկսած են անհետանալ: Հետեւաբար, ներկայ երիտասարդութեան փնտռտուքը նաեւ հա՜յ երիտասարդութեան փնտռտուքն է. անոր խնդիրները նաեւ հա՜յ երիտասարդութեան խնդիրներն են:

 

*

*  *

 

Այս բոլորին առընթեր, եւ թերեւս անոնցմէ առաջ, հայ երիտասարդութիւնը, Մեր հայեցողութեամբ, կը գտնուի երեք լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց.-

 

Առաջին, հայ երիտասարդը կարիքը ունի հոգեմտաւոր առողջ կազմաւորման: Հայակերտումը հէնքը կը կազմէ երիտասարդին ինքնութեան գիտակից զարգացման: Առանց քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան ու հոգեմտաւոր կազմաւորման, հայ երիտասարդին ինքնաճանաչումը պիտի ըլլայ անորոշ, եւ ան աշխարհի բոլոր անկիւններէն փչող հովերուն դիմաց պիտի կորսնցնէ իր կեանքին յստակ ուղղութիւնը: Հայ երիտասարդին հայեցի կազմաւորումը տեղի կ’ունենայ հայ դպրոցէն ներս: Իսկ հայ դպրոցի բացակայութեան կրկնակի դեր ունին ընտանիքն ու եկեղեցին: Հետեւաբար, հայոց պատմութեան ճանաչումը եւ մեր կրօնական, ազգային, բարոյական ու մշակութային աւանդութիւններուն ու արժէքներուն փոխանցումը նոր սերունդին պէտք է նկատուի առաջնահերթ պարտաւորութիւն՝ ընտանիքին, դպրոցին ու եկեղեցւոյ համար: Արդարեւ, հոգեւոր ու հայեցի առողջ դաստիարակութիւն ունեցող հայ երիտասարդը վստահաբար հեռու պիտի մնայ ներկայ ընկերութիւնը շրջապատող բարոյական ու ընկերային ախտերէ:

 

Երկրորդ, հայ երիտասարդը իր կեանքին մէջ ազգայինը ու միջազգայինը պէտք է վերածէ ներդաշնակ ու հաւասարակշռուած ներկայութեան: Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, ուր այլեւս գոյութիւն չունին սահմաններ, միջոցներ, տարածութիւններ ու տարբերութիւններ, ուր ընկերութիւններ կþընթանան դէպի հաւաքական մէկ ամբողջութիւն՝ հաւաքական մէկ մշակոյթով ու ընկերա-տնտեսական դրութեամբ արտայայտուող, դժբախտաբար ազգայինը սկսած է տեղի տալ համամարդկայինին դիմաց: Չենք կրնար թումբ կանգնել համաշխարհայնացումի ահաւոր հոսանքին դէմ: Անհրաժեշտ է իրապաշտ ու քննական երկխօսութիւն ունենալ անոր հետ: Արդ, ներկայ աշխարհի իրականութեան մաս կազմող հայ երիտասարդը կոչուած է թէ՜ ազգայինին կառչիլ եւ թէ միջազգայինին բացուիլ: Ան իրաւունք չունի մէկը կամ միւսը անտեսելու կամ իրարու հակադրելու: Երկուքն ալ անհրաժեշտ են: Ճի՜շդ է, դժուար է երկուքը պահելը միաժամանակ, նախընտրութիւն կատարելը թերեւս աւելի դիւրին է: Սակայն, նման մօտեցում կամ հայ երիտասարդը պիտի հեռացնէ ներկայ աշխարհէն եւ կամ հայ կեանքէն: Գիտակից հայ երիտասարդէն կը սպասուի իր կեանքին մէջ զիրար ամբողջացնող ներկայութիւն դարձնել ազգայինը ու միջազգայինը: Հայ երիտասարդի կեանքէն ներս այս երկու տարածքներուն ներդաշնակ ներկայութիւնը նաե՜ւ պիտի հարստացնէ մեր հաւաքական կեանքը:

 

Երրորդ, հայ երիտասարդը սփիւռքի մէջ հայ մնալը պէտք է նկատէ ամէնօրեայ պայքար: Հայկական Ցեղասպանութենէն յետոյ Սփիւռքի դժուար պայմաններուն մէջ հայը որոշեց հա՜յ մնալ ի գին ամէն զոհողութեան: Մեզ հայութենէն հեռացնող ազդակները այսօր բազմազան են ու այլազան. եւ հայ երիտասարդը մնայուն կերպով ենթակայ է նման պայմաններու անմիջական ազդեցութեան: Արդարեւ, օտար դպրոցներու ջամբած դաստիարակութիւնը, խառն ամուսնութիւնները, տնտեսական պատճառներով օտար շրջանակներու մէջ ապրիլը, եւ այլ գործնական պատճառներ — որոնք դժբախտաբար լայն ծաւալ ստացած են վերջին տասնամեակին — յաճախ, կամայ թէ ակամայ, հայ երիտասարդը հեռու կը պահեն հայկական միջավայրէն: Հո՜ս է որ հայ երիտասարդը կոչուած է իր արմատներուն ամրօրէն կառչելու: Հայութիւնը ո՜չ սոսկ ժառանգական կապ է, ոչ զգացական վիճակ. այլ էապէս՝ կապուածութիւն մեր արժէքներուն, աւանդութիւններուն ու իտէալներուն, հաւատարմութիւն մեր ինքնութեան ու մասնակցութիւն մեր հաւաքական կեանքին: Ի՞նչ պայմաններու մէջ ալ գտնուի հայ երիտասարդը, ան պէտք է իր հայութիւնը ապրի ա՜յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ:

 

*

*  *

 

Հայ երիտասարդը իր դժուարութիւնները, մտահոգութիւնները ու նաեւ տեսակէտները ունի ընդհանրապէս ներկայ ընկերութիւնը ու մասնաւորաբար մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը յուզող երեւոյթներուն ու խնդիրներուն նկատմամբ: Այլ խօսքով, անտարբեր ու կրաւորական չէ հայ երիտասարդը. ան ըսելիքներ ունի ու նաեւ սպասումներ մեզմէ.-

 

ա) Հայ երիտասարդութիւնը ամէն բանէ առաջ կը սպասէ որ լուրջ մօտեցում ունենանք իր նկատմամբ. նկատի ունենանք իր ներկայութիւնը մեր ընտանիքէն, կառոյցներէն ու համայնական կեանքէն ներս: Փաստօրէն երէց սերունդը յաճախ կþանտեսէ երիտասարդութեան ներկայութիւնը ու մանաւանդ դերակատարութիւնը, զայն նկատելով ոչ այնքան կենսական: Յաճախ մեր անտարբերութիւնը երիտասարդութեան մօտ կը ստեղծէ ընդվզում. մեր քննադատութիւնը երիտասարդութեան ուղղուած, իր մօտ կը յառաջացնէ ըմբոստութիւն կամ նոյնիսկ՝ հեռացում հայ կեանքէն: Անհրաժեշտ է որ մեր վերաբերումը փոխուի երիտասարդութեան նկատմամբ: Պէտք է գնահատենք երիտասարդութեան դերը ու քաջալերենք անոր բերած իւրայատուկ նպաստը մեր կեանքի զանազան մարզերէն ներս:

 

բ) Երիտասարդութիւնը կը սպասէ որ մասնակցողի՜ դերին մէջ ըլլայ եւ ոչ հետեւողի: Հարկ է երիտասարդութիւնը համոզել փաստացի տուեալներով, թէ ինք մեր կեանքի լուսանցքին չի պատկանիր, այլ մայր էջին. ո՜չ սոսկ ապագային՝ այլ նաեւ ներկայի՜ն: Հարկ է երիտասարդութիւնը համոզել, գործնական նախաձեռնութիւններով, թէ ինք դիտողի կրաւորական վիճակին մէջ չէ, այլ դերակատարի ու նոյնիսկ առաջնորդողի: Այլ խօսքով, երիտասարդութիւնը պէտք է գիտնայ թէ սերտօրէն շաղախուած է մեր համայնական կեանքի բոլոր երեսներուն հետ: Այս գիտակցութեամբ ան պէտք է մօտենայ հայ կեանքին:

 

գ) Երիտասարդութիւնը նաեւ կը սպասէ որ մեծերը միայն չթելադրեն կամ չհրահանգեն, այլ խօսին իր հետ, լսե՜ն զինք: Հայ երիտասարդը ըսելիք ունի, մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք լսելու զինք: Հետեւաբար, անկեղծ ու իրապաշտ երկխօսութիւն մը պէտք է տեղի ունենայ երէց սերունդին ու երիտասարդութեան միջեւ: Երիտասարդութեան հետ մեր յարաբերութիւնը ու գործակցութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլան երկխօսութեան վրայ: Արդարեւ, երկխօսութեամբ միայն կարելի է յառաջացնել փոխադարձ վստահութիւն, ինչպէս նաեւ շինիչ ու օգտաշատ գործակցութիւն:

 

*

*  *

 

Ինչպէս երիտասարդութիւնը սպասումներ ունի երէց սերունդէն, նոյնպէս երէց սերունդը սպասումներ ունի երիտասարդութենէն, ըսելիքներ ունի երիտասարդութեան: Առաքեալը կը յորդորէ երիտասարդները ըսելով՝ ՙՆոյնպէս ալ դուք, երիտասարդնե՜ր, հնազանդ եղէք ծերերուն… Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ՚ (Ա. Պետրոս 5, 5-8): Այս օրերուն որքա՜ն սատանաներ, յաճախ գառնուկի մորթով, հոգեւոր պաճուճանքով ու հաճելի խօսքերով կը շրջին մեր երիտասարդներուն շուրջ ամէ՜ն տեղ ու ամէ՜ն վայրկեան…: Հայ երիտասարդը պէտք է գիտնայ իր կեանքի յստակ ճամբան, որ կը յատկանշուի հետեւեալ հիմնական սկզբունքներով.-

 

ա) Հաւատարմութիւն: Հայ երիտասարդութեան հաւատարմութիւնը իր արմատներուն էական է իր ինքնութեան առողջ պահպանման համար: Որքան ալ ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհը փորձէ հայ երիտասարդին ինքնութիւնը ապականել, ան իր կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ միշտ կառչած պէտք է մնայ իր իւրայատուկ ինքնութիւնը կազմաւորող արժէքներուն ու աւանդութիւններուն, հոգեւոր ու բարոյական ըմբռնումներուն ու համոզումներուն: Այսօրուան երիտասարդութիւնն է որ իր ամուր հաւատարմութեամբ պիտի երաշխաւորէ հայ ժողովուրդի պայծառ ապագան:

 

բ) Մասնակցութիւն: Հաւատարմութիւն մեր ինքնութեան, կ’ենթադրէ մասնակցութիւն մեր կեանքին: Արդարեւ, ուր կազմակերպուած հաւաքական կեանք գոյութիւն ունի, հայ երիտասարդը իրաւունք չունի հեռու մնալու անկէ: Ուր համախումբ կեանք չկայ, իր արմատներուն հաւատարիմ հայ երիտասարդը այլ միջոցներ պէտք է որոնէ հաղորդ դառնալու մեր ազգային կեանքի տագնապներուն ու պայքարին: Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ որքա՜ն կարիքը ունինք հայ երիտասարդութեան գործօն ու գիտակից մասնակցութեան, անոր ներուժին:

 

գ) Վերանորոգում: Մեր կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցները, ներառեալ եկեղեցին, անյետաձգելի կարիքը ունին վերակենսունակացման ու վերանորոգման: Կարելի չէ անցեալէն ժառանգուած մտայնութեամբ գործել: Կարելի չէ թանգարանի վերածել մեր կառոյցները: Ներկայ ընկերութեան պահանջներուն հետ քայլ պահելը անհրաժեշտութիւն է, բնականաբար առանց հեռանալու մեր հիմնական արժէքներէն, մեր ինքնութենէն: Հինը անտեսելը ճիշդ չէ. սակայն, հինը վերանորոգելը հրամայական է: Հո՜ս կը կայանայ ներկայ աշխարհի պայմաններուն ծանօթ ու տագնապներուն հաղորդ երիտասարդութեան եզակի նպաստը:

 

դ) Տեսիլք: Ազգեր ու կրօններ, կառոյցներ ու պետութիւններ կը ծաղկին ու կը յառաջդիմեն նպատակասլաց ծրագիրներով ու յառաջատեսիլ գործունէութեամբ: Արդ, անհրաժեշտ է ունենալ ապագային բացուող ու մեզ ապագային տանող տեսիլք: Անհրաժեշտ է որդեգրել նոր մտածելակերպ ու գործելակերպ՝ եթէ կþուզենք աւելի կազմակերպ ու կենսունակ դարձնել մեր ազգը ու մեր եկեղեցին: Նորարարութիւնը կը դառնայ ձեւական, երբ ան չէ զսպանակուած նոր տեսիլքով: Ուրիշը կապկելը կը դառնայ վնասաբեր, երբ մե՜րը կորսնցնենք: Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին խօսք առնող երիտասարդ մը ըսաւ.- ՙԱյն հաւաքականութեան մէջ, ուր չկայ անցեալի փորձառութիւն, ներկայի բարեկարգութիւն ու ապագայի կանխատեսութիւն, այնտեղ նահանջն ու պարտութիւնը անխուսափելի են՚: Կեանքը դիտելու իր նոր մօտեցումներով, հարցերը քննելու ու արժեւորելու իր նոր մեթոտներով, երիտասարդութիւնը կոչուած է նոր աւիշ ներարկելու մեր կեանքին:

 

*

*  *

 

Մեր արծարծած խնդիրներուն ու պարզած սպասումներուն գծով հայ եկեղեցին կարեւոր ընելիք ունի: Յաճախ եկեղեցին կþըսէ՝ ո՞ւր է մեր երիտասարդութիւնը. նոյնպէս երիտասարդութիւնը կþըսէ՝ ո՞ւր է մեր եկեղեցին: Զիրար քննադատելու փոխարէն անհրաժեշտ է որ եկեղեցին եւ երիտասարդութիւնը զիրար փնտռեն, իրարու մօտենան, իրարու հետ խօսին: Փոխանակ միայն թելադրութիւններ կատարելու, անհրաժեշտ է որ անոնք զիրար լսեն: Եւ աւելի՜ն, փոխանակ միայն իրարու հետ խօսելու անհրաժեշտ է որ միասին գործե՜ն: Մեր կեանքին մէջ յաճախ վէրքի մասին կը խօսինք, բայց դարմանի մասին չենք մտածեր. յաճախ զիրար կþայպանենք, սակայն մեր թերութիւնը ընդունելու ու զայն սրբագրելու քաջութիւնը չենք ունենար:

 

Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին այլ երիտասարդ մը ըսաւ.- ՙՄեր եկեղեցիէն կը սպասենք այսօրուան կեանքի մտահոգութիւններուն ու պայմաններուն համապատասխանող ծրագիրներ՚: Կը բաժնենք մեր երիտասարդութեան այս արդար սպասումը: Այո՜, մեր եկեղեցին կարիքը ունի վերանորոգման: Սակայն չի բաւեր միայն այս մասին խօսիլ, քննադատել, եւ հեռու մնալ մեր եկեղեցիէն: Հայ երիտասարդը պէտք է մասնակցի իր դարաւոր եկեղեցին վերանորոգելու հրամայական աշխատանքին: Գիտակից ու յանձնառու երիտասարդութեամբ միայն կարելի է վերանորոգել մեր եկեղեցին, եւ վերանորոգուած եկեղեցիով միայն կարելի է մեր հաւատքի առաքելութիւնը ազդու կերպով կենսագործել մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:

 

Հոգեւոր արժէքներու զարթնումը զգալի ներկայութիւն սկսած է դառնալ մեր երիտասարդներուն մօտ: Մեր եկեղեցին պէտք չէ անտեսէ այս դրական երեւոյթը: Ընդհակառակը գրաւիչ միջոցներով պէտք է գործնապէս մասնակից դարձնէ հայ երիտասարդը իր առաքելութեան, իր համայնական կեանքին: Երիտասարդը պէտք է գիտնայ թէ ինք Քրիստոսի արիւնով գնուած Աստուծոյ որդեգիր զաւակն է, եւ թէ՝ Աստուծոյ տունը իր հարազատ տունն է: Եւ եթէ եկեղեցիէն հեռացած երիտասարդներ կան, եկեղեցւոյ հովիւին դերը պէտք է ըլլայ, Աւետարանի՜ օրինակով, իննսունինը ոչխարները ձգել եւ մէկ ոչխարին ետեւէն երթալ (Մատթ. 18, 12):

 

Չմոռնանք Առաքեալին խօսքը՝ “Գրեցի ձեզի, երիտասարդներ, որովհետեւ Աստուծմով զօրացաք” (Ա. Յովհ. 2, 14): Հայ երիտասարդը Աստուծմով պէտք է զօրանայ. զԱստուած մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ արեան վկայութեամբ կենդանի ներկայութիւն դարձուցած իր եկեղեցւոյ շունչով ու աղօթքով պէտք է աճի. իր ազգային արժէքներուն վահանով պէտք է դիմադրէ նոր ժամանակներու վտանգներուն՝ հեռու մնալով այնպիսի բարքերէ ու երեւոյթներէ, որոնք կը խաթարեն մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքները ու կþաղարտեն մեր ազգային դիմագիծը:

 

Հայ Երիտասարդութեան Տարին, հետեւաբար, պէտք է առիթ դառնայ մեր եկեղեցւոյ աւելի՜ խորացնելու հայ երիտասարդին նկատմամբ ունեցած իր յատուկ հոգածութիւնը: Ինչպէս նաեւ հայ երիտասարդին համար ան պէտք է դառնայ մարտահրաւէր՝ ամրապնդելու իր ազգային պատկանելիութիւնը եւ գործօն մասնակցութիւն բերելու իր եկեղեցւոյ առաքելութեան, իր հայրենիքի ծաղկման ու իր ժողովուրդի յառաջդիմութեան:

 

*

*  *

 

Ահա այս մտածումներով ու սպասումներով, հայրական սիրով կոչ կþուղղենք մեր բոլոր թեմերուն, միութիւններուն ու կառոյցներուն.-

 

ա) Յատուկ ձեռնարկներու, ծրագիրներու ու աշխատանքներու ճամբով վերաշեշտելու հայ երիտասարդութեան առանցքային տեղը ու վճռական դերը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:

 

բ) Երիտասարդական շարժումներ յառաջացնելու՝ յատկապէս օտար շրջանակներուն մէջ մնացած հայ երիտասարդներուն ներարկելու մեր ազգային, հոգեւոր ու մշակութային արժէքները եւ զանոնք առաջնորդելու դէպի հայ կեանք:

 

գ) Կազմակերպ ու հետեւողական աշխատանք տանելու՝ գործնապէս մասնակից դարձնելով երիտասարդութիւնը մեր թեմերու, կառոյցներու ու համայնքներու կեանքին ու գործունէութեան:

 

դ) Դէպի մասնագիտութիւն ընթացող ներկայ ընկերութեան մէջ քաջալերելու բարձրագոյն ուսման հետեւող ուսանողները, եւ պատասխանատու պաշտօններ վստահելու զանազան բնագաւառներէն ներս մասնագիտութեան տիրացած մեր երիտասարդներուն:

 

Խորապէս կը հաւատանք որ երկխօսութեան ճամբով բաժնեկից դառնալով մեր երիտասարդութեան մտահոգութիւններուն, աջակից անոր ծրագիրներուն ու գործակից անոր նախաձեռնութիւններուն՝ պիտի կարենանք անոր ուժական ներդրումը ապահովել մեր կեանքին:

 

Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած որ Իր երկնային շնորհքներով ծաղկազարդէ կեանքը մեր ազգի բոլոր երիտասարդներուն:

 

Հայրական ջերմ սիրով,

 

Աղօթարար՝

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

31 Դեկտեմբեր, 2008

Անթիլիաս, Լիբանան

 

More News